Յովսեպոս իրապէս զայն գրե՞ց
Իր Հնագիտութիւնք հրէից–ի Ի. գրքին մէջ, առաջին դարու պատմաբան Փլավիոս Յովսեպոս կ’ակնարկէ «Յակոբոսի, Քրիստոս կոչուած Յիսուսի եղբօր» մահուան։ Բազմաթիւ ուսումնականներ այս խօսքը վաւերական կը նկատեն։ Բայց ոմանք կը կասկածին Յիսուսի վերաբերող ուրիշ արտայայտութեան մը ճշգրտութեան վրայ, որ կը գտնուի նոյն այս աշխատասիրութեան մէջ։ Այս հատուածը, որ ճանչցուած է որպէս Թեսթիմոնիոմ Ֆլավիանում, կ’ըսէ.
«Այդ ատեն, իմաստուն մարդ մը՝ Յիսուս,– եթէ օրինաւոր է զինք մարդ կոչել, քանի որ սքանչելի գործեր կատարեց,– ուսուցիչն էր այնպիսի մարդոց, որոնք ճշմարտութիւնը սիրով կ’ընդունէին։ Ան իր կողմը քաշեց բազմաթիւ հրեաներ եւ բազմաթիւ ոչ–հրեաներ։ Ան Քրիստոս[ն] էր։ Իսկ երբ Պիղատոս մեր գլխաւորներուն առաջարկին ընդառաջելով զինք խաչի մահուան դատապարտեց, նախապէս Յիսուսը սիրողները զինք չթողուցին, քանի որ անոնց երեւցաւ երրորդ օրը, ինչպէս որ Աստուծոյ մարգարէները անոր մասին այս եւ տասը հազար ա՛յլ հոյակապ բաներ կանխագուշակած էին։ Իսկ քրիստոնեաները,– անոր անունով կոչուած,– մինչեւ օրս կը գոյանան» (Յովսեպոս, Հնագիտութիւնք հրէից, ԺԸ., 3, 3)։
16–րդ դարուն վերջաւորութենէն ի վեր, բուռն վիճաբանութիւն մը ծագած է։ Ոմանք այս գրութիւնը վաւերական կը սեպեն, իսկ ուրիշներ կը կասկածին թէ գրողը Յովսեպոսն է։ Սերժ Պարտէ, ֆրանսացի պատմաբան եւ դասական գրականութեան մասնագէտ, ջանացած է քակել այս վիճաբանութեան հանգոյցը, որ անցեալ չորս դարերուն ընթացքին բարդացած էր։ Ան իր պրպտումները հրատարակեց գրքի մը մէջ, որուն խորագիրն է՝ Le Testimonium Flavianum—Examen historique considérations historiographiques (Թեսթիմոնիոմ Ֆլավիանում. պատմական ուսումնասիրութիւն մը՝ պատմական նկատառութիւններով)։
Յովսեպոս քրիստոնեայ հեղինակ մը չէր, հապա՝ հրեայ պատմաբան մը։ Ուստի, հակաճառութեան մեծամասնութիւնը կը կեդրոնանայ Յիսուսը որպէս «Քրիստոսն» նկարագրելուն վրայ։ Ասիկա վերլուծելով Պարտէ հաստատեց, թէ այս տիտղոսը ներդաշնակ է «ամէն կերպով յունարէն լեզուին այն գործածութեան հետ, որ յատուկ անուններուն կը դրուի որոշիչ յօդը»։ Ան կ’աւելցնէ, թէ հրէական եւ քրիստոնէական անկիւնէն դիտելով՝ «ոչ միայն Քրիստոս բառի գործածութիւնը Յովսեպոսին կողմէ անկարելի չէ», այլ՝ ապացոյց մըն է թէ Յիսուս պատմական անձնաւորութիւն մըն էր։ Ան կ’ըսէ, թէ քննադատները այս մանրամասնութիւնը պէտք է նշմարէին։
Միւս կողմէ, կրնա՞յ ըլլալ որ յետագային կեղծ գրագէտ մը Յովսեպոսի գրութեան ոճը ընդօրինակեց։ Պարտէ պատմական իրողութիւնները եւ Յովսեպոսի գրութիւնը համեմատելով՝ եզրակացուց թէ անկարելի էր որ մէկը կարենար Յովսեպոսի ոճը ընդօրինակել, քանի որ անոր ոճը շատ իւրայատուկ է։
Ուստի, ուսումնականները ինչո՞ւ կասկածներ յարուցանեցին։ Խնդրին արմատը բնորոշելով, Պարտէ նշեց թէ «Թեսթիմոնիոմ–ի շուրջ կասկածներ կան,– վաղեմի բազմաթիւ գրութիւններու հակառակը,– պարզապէս քանի որ Թեսթիմոնիոմ–ի մասին շատ հարցումներ ծագեցան»։ Եւ ան կ’աւելցնէ թէ այդ կասկածները մէջտեղ եկան, քանի որ շատեր չուզեցին հաւատալ թէ Յիսուս Քրիստոսն էր։
Չենք գիտեր եթէ Պարտէի վերլուծումը պիտի փոխէ ուսումնականներու կարծիքը Թեսթիմոնիոմ Ֆլավիանում–ի շուրջ։ Բայց ատիկա համոզած է Բիէր Ժոլթրէնը, որ հելլենագիտական հրէականութեան եւ սկզբնական քրիստոնէութեան նշանաւոր մասնագէտ մըն է։ Ան շատոնց Թեսթիմոնիոմ–ը բնագիրի աղաւաղում կը նկատէր, նոյնիսկ կը ծաղրէր ատոր վաւերականութեան հաւատացողները։ Բայց Պարտէի աշխատասիրութեան պատճառաւ, ան իր կարծիքը փոխեց։ Ժոլթրէն այժմ կ’ըսէ, թէ «ասկէ ետք ո՛չ ոք պէտք է համարձակի կասկածիլ, թէ այդ գրութեան հեղինակը Յովսեպոսն է»։
Անշուշտ, Եհովայի վկաները ա՛լ աւելի համոզիչ պատճառ ունին Յիսուսը որպէս Քրիստոսը ընդունելու։ Եւ այդ պատճառը Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուի (Բ. Տիմ. 3։16)։