Սիրտդ Եհովան կը ճանչնա՞յ
«Անոնց այնպիսի սիրտ մը պիտի տամ, որ զիս ճանչնան թէ ե՛ս եմ Տէրը։ Անոնք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան» (ԵՐ. 24։7)։
1, 2. Ոմանք ինչո՞ւ թուզով կը հետաքրքրուին։
ՉՈՐ կամ թարմ թուզ ուտել կը սիրե՞ս։ Վաղեմի իսրայէլացիները թուզը կ’արժեւորէին (Նաւ. 3։12. Ղուկ. 13։6-9)։ Ներկայիս, աշխարհի տարածքին բազմաթիւ շրջաններու մէջ թզենին կը մշակուի։ Անոր պտուղը սննդարար է, քանի որ կը պարունակէ բնաթել, հակաօքսիտացնողներ եւ հանքայիններ։ Անոր համար, շատեր կ’ըսեն թէ թուզ ուտելը սրտին համար օգտակար է։
2 Առիթով մը, Եհովան թուզը սրտին հետ համեմատեց։ Ան ոչ թէ թուզ ուտելու սննդական օգուտին մասին կը խօսէր, հապա այլաբանօրէն կը խօսէր։ Ինչ որ Երեմիա մարգարէին միջոցաւ ըսաւ, կը կիրարկուի նաեւ քու սրտիդ եւ սիրելիներուդ սրտին։ Մինչ նկատի կ’առնենք թէ ան ի՛նչ ըսաւ, մտածէ թէ ատիկա ի՛նչ կրնայ նշանակել քրիստոնեաներուն համար։
3. Երեմիա 24–րդ գլուխին մէջ նկարագրուած թուզերը ի՞նչ կը ներկայացնեն։
3 Նկատի առնենք թէ Երեմիայի օրերուն Աստուած ի՛նչ ըսաւ թուզերու մասին։ Ք.Ա. 617–ին, Յուդայի բնակիչները հոգեւորապէս վատ վիճակի մէջ էին։ Աստուած տեսիլքի մը միջոցաւ ցոյց տուաւ, թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէր, նկարագրելով երկու տարբեր թուզեր,– «խիստ աղէկ թուզեր» եւ «խիստ գէշ թուզեր» (կարդա՛ Երեմիա 24։1-3)։ Գէշ թուզերը կ’ակնարկէին Սեդեկիա թագաւորին եւ անոր նման ուրիշներու, որոնց հետ խիստ կերպով պիտի վարուէին Նաբուգոդոնոսոր թագաւորն ու անոր զինուորները։ Բայց աղէկ թուզերու նման էին Եզեկիէլ, Դանիէլն ու անոր երեք ընկերները, որոնք արդէն Բաբելոնի մէջ էին, ինչպէս նաեւ կարգ մը հրեաներ, որոնք հոն գերի պիտի տարուէին։ Անոնցմէ մնացորդ մը պիտի վերադառնար, Երուսաղէմն ու անոր տաճարը վերաշինելու համար. ինչ որ ժամանակի ընթացքին տեղի ունեցաւ (Եր. 24։8-10. 25։11, 12. 29։10)։
4. Աղէկ թուզերուն մասին Աստուծոյ ըսածը ինչպէ՞ս մեզ կը քաջալերէ։
4 Աղէկ թուզեր ներկայացնողներուն մասին Եհովա ըսաւ. «Անոնց այնպիսի սիրտ մը պիտի տամ, որ զիս ճանչնան թէ ես եմ Տէրը։ Անոնք իմ ժողովուրդս պիտի Եր. 24։7)։ Ասիկա յօդուածին գլխաւոր համարն է։ Եւ որքա՜ն քաջալերական է, քանի որ Աստուած կ’ուզէ մարդոց տալ ‘զինք ճանչցող սիրտ մը’։ Այս պարագային, «սիրտ»ը կապ ունի անհատին հակումին հետ։ Վստահաբար, կ’ուզես այսպիսի սիրտ մը ունենալ եւ Իր ժողովուրդին մէկ մասը ըլլալ։ Այս նպատակին հասնիլը կը պահանջէ՝ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրել ու զայն կիրարկել, զղջալ ու ետ դառնալ, Աստուծոյ նուիրուիլ եւ մկրտուիլ Հօր, Որդիին ու սուրբ հոգիին անունով (Մատ. 28։19, 20. Գործք 3։19)։ Թերեւս այդ քայլերը արդէն առած ես, կամ կրնայ ըլլալ որ կանոնաւորաբար կ’ընկերակցիս Վկաներուն հետ եւ այս քայլերը առնելու ընթացքին մէջ ես։
ըլլան» (5. Երեմիան հիմնականօրէն որո՞նց սրտին մասին խօսեցաւ։
5 Եթէ այս քայլերէն միայն մի քանին կամ բոլորը առած ենք, տակաւին պէտք է ուշադրութիւն ընծայենք մեր կեցուածքին ու վարքին։ Ինչո՞ւ։ Պատասխանը պիտի առնենք մինչ կը քննարկենք թէ Երեմիան ի՛նչ գրեց սրտին մասին։ Երեմիա գրքին կարգ մը գլուխները կապ ունէին Յուդան շրջապատող ազգերուն հետ, բայց գիրքը գլխաւորաբար կը կեդրոնանար Յուդայի բնակիչներուն վրայ՝ 5 թագաւորներու իշխանութեան ընթացքին (Եր. 1։15, 16)։ Արդարեւ, Երեմիան իր խօսքը ուղղեց այն տղամարդոց, կիներուն եւ երեխաներուն, որոնք Եհովայի նուիրուած էին։ Մովսէսի ժամանակ անոնց նախահայրերը կամովին ընտրած էին Եհովայի նուիրուիլ (Ել. 19։3-8)։ Եւ Երեմիայի օրերուն ալ ժողովուրդը հաստատեց որ Աստուծոյ նուիրուած էր, երբ ըսաւ. «Ահա մենք քեզի կու գանք, քանզի դուն մեր Տէր Աստուածն ես» (Եր. 3։22)։ Բայց արդեօք անոնք սրտի լաւ վիճակ ունէի՞ն։
ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ՍՐՏԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԿ ԿԱ՞Յ
6. Ինչո՞ւ պէտք է մասնաւորաբար հետաքրքրուինք, թէ Աստուած սրտի մասին ի՛նչ ըսած է։
6 Բժիշկները արդի արուեստագիտութիւնը կրնան գործածել, սրտին վիճակն ու գործունէութիւնը քննելու համար։ Բայց Եհովան ասկէ աւելի՛ն կրնայ ընել,– ինչպէս որ Երեմիայի օրերուն ըրաւ։ Ան սքանչելի կերպով որակեալ է, ինչպէս կը նկատենք իր սա խօսքէն. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ։ ‘Ես՝ Տէրս. . . սրտերը կը փորձեմ, որպէս զի մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ’» (Եր. 17։9, 10)։ ‘Սրտերը փորձելը’ չի նշանակեր բառացի սիրտը բժշկական քննութեան ենթարկել։ Փոխարէն, Եհովան կը խօսէր այլաբանական սրտին մասին, որ կ’ակնարկէ անհատին ներսի մարդուն,– անոր ցանկութիւններուն, մտածումներուն, հակումին, կեցուածքներուն եւ նպատակակէտերուն։ Դուն այսպիսի՛ սիրտ ունիս։ Աստուած կրնա՛յ զայն քննել, եւ որոշ չափով՝ դուն ալ։
7. Երեմիան իր ժամանակակից հրեաներուն սրտի վիճակը ինչպէ՞ս նկարագրեց։
7 Այս քննութեան առ ի պատրաստութիւն, կրնանք հարց տալ. ‘Երեմիայի ժամանակակից հրեաներուն մեծամասնութեան այլաբանական սրտի վիճակը ի՞նչ էր’։ Պատասխանելու համար, նկատի առ Երեմիայի սա տարօրինակ արտայայտութիւնը. «Բոլոր Իսրայէլի տունը սրտով անթլփատ է»։ Ան չէր ակնարկեր հրեայ արուներու սովորական թլփատութեան, քանի որ ըսած էր. «Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, երբ [«անթլփատ մնացած», ՆԱ] բոլոր թլփատուածներուն. . . պիտի այցելեմ»։ Ուրեմն, նոյնիսկ թլփատուած հրեայ տղամարդիկ «սրտով անթլփատ» էին (Եր. 9։25, 26)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէր։
8, 9. Իրենց սրտին առնչութեամբ հրեաներուն մեծամասնութիւնը ի՞նչ պէտք էր ընէր։
8 Աստուած իսրայէլացիներուն ըսաւ այն ինչ որ պէտք էր ընէին, եւ ասիկա մեզի կ’օգնէ հասկնալու «սրտով անթլփատ» արտայայտութիւնը։ Ան ըսաւ. «Ո՛վ Յուդայի մարդիկ ու Երուսաղէմի բնակիչներ. . . ձեր սրտին անթլփատութիւնը վերցուցէ՛ք, որ չըլլայ թէ իմ բարկութիւնս ձեր չար գործերուն համար. . . բորբոքի»։ Անոնց այս չար գործերը ուրկէ՞ ծագում առին։ Ներսէն՝ Մարկոս 7։20-23)։ Անոնք ըմբոստ էին եւ մերժեցին փոխուիլ։ Անոնց սիրտը, որ կը պարփակէր իրենց մղումներն ու մտածումները, Եհովայի աչքին չար էր (կարդա՛ Երեմիա 5։23, 24. 7։24-26)։ Անոր համար Աստուած անոնց ըսաւ. «Տէրոջը թլփատուեցէք եւ ձեր սրտին անթլփատութիւնը վերցուցէ՛ք» (Եր. 4։4. 18։11, 12)։
իրենց սրտէն (կարդա՛9 Այսպէս, կարծես թէ Երեմիայի ժամանակակից հրեաները այլաբանական սրտի գործողութեան,– ‘սրտի թլփատութեան’,– պէտք ունէին, ճիշդ ինչպէս որ Մովսէսի ժամանակակիցներն ալ պէտք ունէին (Բ. Օր. 10։16. 30։6)։ ‘Սրտին անթլփատութիւնը վերցնել’ կը նշանակէր, թէ անոնք պէտք է ձերբազատուէին որեւէ բանէ, որ իրենց սիրտը անզգամ կը դարձնէր. այսինքն՝ իրենց այն խորհուրդները, ցանկութիւնները կամ մղումները, որոնք պատճառ կ’ըլլային որ Աստուծոյ պատուիրանները անտեսեն (Գործք 7։51)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԱԾ ‘ՃԱՆՉՑՈՂ ՍԻՐՏ ՄԸ’ ՈՒՆԵՆԱԼ
10. Դաւիթի նման, ի՞նչ պէտք է ընենք։
10 Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ, որ Աստուած մեզի կ’օգնէ այլաբանական սիրտը հասկնալու։ Ոմանք թերեւս հարց տան. ‘Արդէն Եհովային վկաներն ենք, ուստի ինչո՞ւ մեր սրտի վիճակով մտահոգուինք’։ Ժողովքին մեծամասնութիւնը Եհովային հաւատարմօրէն կը ծառայէ, մաքուր վարք ունի եւ վաղեմի հրեաներուն նման «գէշ թուզեր»ու չի փոխուիր։ Բայց եւ այնպէս, յիշենք արդար Դաւիթի աղերսանքը. «Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ» (Սաղ. 17։3. 139։23, 24)։
11, 12. ա) Իւրաքանչիւրս ինչո՞ւ մեր սիրտը պէտք է քննենք։ բ) Աստուած ի՞նչ բան պիտի չընէ։
11 Եհովան կ’ուզէ որ իւրաքանչիւրս զինք ճանչնանք, այսինքն՝ իրեն ընդունելի դառնանք եւ այդպէս մնանք։ Երեմիան ըսաւ. «Դո՛ւն, ո՛վ զօրքերու Տէր, որ արդարը կը փորձես, միտքն ու սիրտը կը տեսնես» (Եր. 20։12)։ Եթէ Եհովան նոյնիսկ արդար մարդոց սրտերը կը քննէ, մենք ալ պէտք չէ՞ անկեղծ ինքնաքննութիւն ընենք (կարդա՛ Սաղմոս 11։5)։ Եւ երբ այդ ինքնաքննութիւնը ընենք, թերեւս զատորոշենք որոշ կեցուածք, նպատակակէտ կամ խոր զգացում, որուն ուշադրութիւն պէտք է ընծայուի։ Թերեւս բնորոշենք բան մը, որ մեր սիրտը անզգամ կը դարձնէ, կարծես սրտի անթլփատութիւն մը ըլլար, եւ կը գիտակցինք որ պէտք է վերցուի։ Սա կը նշանակէ այլաբանական սրտի գործողութիւն ընել։ Եթէ համաձայն ես թէ լաւ է այլաբանական սիրտդ քննել, ի՞նչ բան պէտք է փնտռես եւ ինչպէ՞ս կրնաս հարկ եղած ճշդումները ընել (Եր. 4։4)։
12 Մէկ բանէ վստահ ենք. պէտք չէ ակնկալենք որ Եհովան մեզ ստիպէ որ փոխուինք։ Ան «աղէկ թուզեր»ուն մասին ըսաւ, թէ անոնց ‘պիտի տար այնպիսի սիրտ մը, որ զինք ճանչնան’։ Ան չըսաւ թէ զիրենք պիտի ստիպէր որ սրտերնին փոխեն։ Անոնք պէտք է ցանկային Աստուած ճանչնալ, եւ մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։
13, 14. Անհատի մը սրտին մէջինը ինչպէ՞ս կրնայ իրեն վտանգ ներկայացնել։
13 Յիսուս նշեց. «Սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ» (Մատ. )։ Օրինակի համար, եթէ անհատ մը սրտին մէջ սխալ ցանկութիւններ ունի, թերեւս շնութիւն կամ պոռնկութիւն գործէ։ Եւ եթէ չզղջայ, մնայուն կերպով Աստուծոյ հաճութիւնը պիտի կորսնցնէ։ Բայց նոյնիսկ եթէ շատ լուրջ մեղք չէ գործած, ան թերեւս թոյլ տայ սխալ ցանկութիւններուն որ իր սրտին մէջ զօրանան (կարդա՛ 15։19Մատթէոս 5։27, 28)։ Հոս է որ անձնապէս ինքնաքննութիւն ընելը օգտակար կրնայ ըլլալ։ Եթէ սիրտդ զննես, հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը հանդէպ պիտի գտնե՞ս Եհովան տհաճեցնող անպատշաճ զգացումներ։ Արդեօք պէտք ունի՞ս սրտիդ մէջինը փոխելու։
14 Համանման կերպով, քրիստոնեայ մը կրնայ իր եղբօրմէն այն աստիճան բարկանալ որ կը սկսի իր սրտին մէջ զինք ատել (Ղեւ. 19։17)։ Ուստի, հարկ է որ ան ջանք թափէ այսպիսի զգացումներէ ձերբազատուելու համար (Մատ. 5։21, 22)։
15, 16. ա) Օրինակ մը տուր որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս քրիստոնեայ մը կրնայ «սրտով անթլփատ» ըլլալ։ բ) Ինչո՞ւ կը խորհիս որ ‘անթլփատ սիրտը’ կը տհաճեցնէ Եհովան։
15 Քրիստոնեաներուն մեծամասնութիւնը սրտի այս ‘հիւանդութենէն’ չի տառապիր։ Բայց եւ այնպէս, Յիսուս խօսեցաւ «չար խորհուրդներ»ու մասին։ Ատոնք տեսակէտներ կամ կեցուածքներ են, որոնք կրնան կեանքի բազմաթիւ մարզեր ապականել։ Օրինակի համար, անհատ մը ազգականներու հանդէպ հաւատարմութիւն ցուցաբերելու նկատմամբ կրնայ խեղաթիւրուած տեսակէտ ունենալ։ Անշուշտ, քրիստոնեաները կ’ուզեն ‘գութ’ ցուցաբերել իրենց ազգականներուն հանդէպ, չնմանելով անոնց՝ որոնք այս «վերջին օրեր»ուն մէջ «անգութ» են (Բ. Տիմ. 3։1, 3)։ Սակայն, կարելի է որ այս յատկութիւնը ցուցաբերելու մէջ մէկը ծայրայեղ ըլլայ։ Օրինակ, շատեր սա առակին համաձայն կը մտածեն. «Արիւնը ջուրի չի վերածուիր»։ Անոր համար, պարագան ի՛նչ որ ալ ըլլայ, իրենց ազգականներուն կողմը դիրք կը բռնեն։ Ինչպէ՞ս։ Երբ ազգական մը վիրաւորուի, անոնք հարցը անձնական կ’առնեն։ Բայց պահ մը մտածէ՛ թէ համանման ծայրայեղ զգացումներ ունենալով, Դինայի եղբայրները ի՛նչ մղուեցան ընելու (Ծն. 34։13, 25-30)։ Եւ երեւակայէ թէ Աբիսողոմի սրտին մէջ ի՛նչ կար, որ զինք մղեց իր խորթ եղբայրը՝ Ամնոնը՝ սպաննելու (Բ. Թագ. 13։1-30)։ Արդարեւ, «չար խորհուրդներ»ը կրնան շա՛տ վտանգաւոր ըլլալ։
16 Հասկնալիօրէն, ճշմարիտ քրիստոնեաները ոճիր չեն գործեր։ Բայց ոմանք շատ կը ջղայնանան երբ իրենց ընտանիքի մէկ անդամը վիրաւորուի կամ երբ կարծեն թէ վիրաւորուեցաւ։ Ուստի, անոնք ինչպէ՞ս կը վարուին վիրաւորող անհատին հետ։ Թերեւս մերժեն անոր հետ ժամանակ անցընել Եբ. 13։1, 2)։ Սակայն, այն քրիստոնեան որ իր եղբայրները կը սիրէ, այդպէս պիտի չվարուէր։ Եհովան գիտէ մեր սրտին մէջինը։ Եթէ այսպիսի բացասական զգացումներ տեսնէ մեր սրտին մէջ, պիտի ըսէ որ «սրտով անթլփատ» ենք (Եր. 9։25, 26)։ Յիշենք Եհովայի յորդորը. «Ձեր սրտին անթլփատութիւնը վերցուցէ՛ք» (Եր. 4։4)։
կամ նոյնիսկ զինք իրենց տունը հրաւիրել (ԱՍՏՈՒԱԾ ‘ՃԱՆՉՑՈՂ ՍԻՐՏ ՄԸ’ ՈՒՆԵՆԱԼ ԵՒ ՊԱՀՊԱՆԵԼ
17. Եթէ Եհովայէն վախնանք, ինչո՞ւ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ մեր սրտին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել։
17 Երբ այլաբանական սիրտդ քննես, թերեւս նկատես թէ Եհովայի ցուցմունքներուն հնազանդելու մէջ այնքան ալ արագ չես։ Կրնայ ըլլալ որ ձեւով մը «սրտով անթլփատ» ես։ Թերեւս մարդոց հանդէպ վախ ունիս կամ կ’ուզես համբաւաւոր կամ հարուստ անհատ մը դառնալ։ Եւ կրնայ ըլլալ որ ատեններ մտածածդ ընելու մէջ յամառ ըլլաս։ Շատեր այդպէս եղած են (Եր. 7։24. 11։8)։ Երեմիան գրեց, թէ իր ժամանակակից անհաւատարիմ հրեաները «անհնազանդ ու ապստամբ սիրտ մը» ունէին։ Անոնք ‘Աստուծմէ չվախցան’, թէեւ ան զիրենք սիրեց ու իրենց բոլոր հարկ եղածը հայթայթեց (Եր. 5։23, 24)։ Եթէ Եհովայէն վախնանք, այսինքն եթէ զինք յարգենք, չարութիւնը մեր սրտէն պիտի վերցնենք։ Այսպէս, մեզի համար դիւրին պիտի ըլլայ մեր սրտին մէջ փոփոխութիւններ մտցնել եւ Եհովայի ուզածը ընել։
18. Եհովան նոր ուխտին մէջ եղողներուն ի՞նչ խոստացաւ։
18 Մինչ կը շարունակենք ջանք թափել, Եհովան զինք ‘ճանչցող սիրտ մը’ պիտի տայ մեզի։ Իրականութեան մէջ, ան ճիշդ ասիկա է որ խոստացաւ ընել նոր ուխտին մէջ եղող օծեալներուն, երբ ըսաւ. «Իմ օրէնքս անոնց ներսիդին պիտի դնեմ ու զանիկա անոնց սրտին վրայ պիտի գրեմ։ Ես անոնց Աստուած պիտի ըլլամ եւ անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան»։ Ապա ան աւելցուց. «Անկէ ետքը մարդ մը իր ընկերին ու ուրիշ մը իր եղբօրը պիտի չսորվեցնէ՝ ըսելով. ‘Տէրը ճանչցիր’. հապա անոնց պզտիկէն մինչեւ մեծը ամէնքը զիս պիտի ճանչնան, վասն զի անոնց անօրէնութիւնը պիտի ներեմ ու ա՛լ անոնց մեղքը պիտի չյիշեմ» (Եր. 31։31-34) *։
19. Ի՞նչ բանի անձկագին կը սպասենք։
19 Անձկագին կը սպասենք Եհովայի խոստացածներուն։ Բոլորս պէտք է ուզենք զինք ճանչնալ եւ իր ժողովուրդին մէկ մասը ըլլալ։ Բայց կրնանք Եհովան առյաւէտ ճանչնալ միայն եթէ մեր մեղքերը Քրիստոսի փրկանքին հիման վրայ ներուին։ Քանի որ մեր մեղքերը կրնան ներուիլ, մենք ալ ուրիշներուն մեղքերը պէտք է ներենք, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ընելը դժուար թուի։ Պէտք է ձերբազատուինք որեւէ բարկութենէ կամ ատելութենէ, որ ուրիշներու հանդէպ կը զգանք։ Ասիկա ցոյց պիտի տայ թէ կ’ուզե՛նք Եհովային ծառայել եւ սկսած ենք զինք աւելի լաւ ճանչնալ։ Արդարեւ, պիտի նմանինք անոնց՝ որոնց մասին Եհովա ըսաւ. «Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի գտնէք, վասն զի ձեր բոլոր սրտովը պիտի խնդրէք զիս ու ես ձեզի պիտի երեւիմ» (Եր. 29։13, 14)։
^ պարբ. 18 Նոր ուխտը քննարկուած է Երեմիայի միջոցով Աստուծոյ խօսքը մեզի գրքին 14–րդ գլուխին մէջ (անգլերէն)։