Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անձնուրաց ծառայողներ. Թայուան

Անձնուրաց ծառայողներ. Թայուան

ՄԻՆՉԵՒ հինգ տարի առաջ, Չունկ Քեուն եւ Ժիւլի, Այժմ 30–ական տարիքի մէջ եղող ամուսնացած զոյգ մը, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ կանոնաւոր ռահվիրաներ էին։ «Մասնակի ժամով աշխարհիկ գործ ունէինք եւ հանգիստ կեանք մը կը վարէինք», կ’ըսէ Չունկ Քեուն։ «Մեր ապրած շրջանին մէջ օդը շատ նպաստաւոր էր, իսկ կենցաղակերպը՝ անդորրաւէտ։ Ուրախ էինք որ մեր ընտանիքին ու բարեկամներուն մօտիկ կ’ապրէինք»։ Բայց Չունկ Քեունի եւ Ժիւլիի խիղճը անհանգիստ էր։ Ինչո՞ւ։ Անոնք գիտէին թէ իրենց պարագաները կը ներէին որ Եհովայի ծառայութեան մէջ աւելին ընեն, բայց պէտք եղած փոփոխութիւնները ընելու կը վարանէին։

Ապա, 2009–ի մէկ համաժողովին, դասախօսութիւն մը անոնց սրտին դպաւ։ Դասախօսը իր խօսքը ուղղելով անոնց, որոնք կարելիութիւնը ունէին իրենց ծառայութիւնը ընդլայնելու, ըսաւ. «Հետեւեալին մասին մտածեցէք. շարժավար մը կրնայ իր ինքնաշարժը աջ կամ ձախ դարձնել, միայն եթէ անիկա կեցած չէ։ Նմանապէս, Յիսուս կրնայ մեր ծառայութիւնը ընդլայնելու մէջ մեզ ուղղել, միայն եթէ կը շարժինք,– եթէ մեր նպատակակէտին հասնելու համար իսկական ջանք կը թափենք» *։ Զոյգը այնպէս մը զգաց կարծես թէ դասախօսը խօսքը ուղղակի իրենց կ’ուղղէր։ Այդ նոյն համաժողովին, Թայուանի մէջ ծառայող միսիոնար զոյգի մը հետ տեսակցութիւն եղաւ։ Անոնք խօսեցան ծառայութեան մէջ իրենց ուրախութեան մասին, եւ շեշտեցին թէ տակաւին շատ օգնութեան կարիք կայ։ Չունկ Քեուն եւ Ժիւլի դարձեալ զգացին թէ այս խօսքերը միայն իրենց ուղղուած էին։

Ժիւլի կը պատմէ. «Այդ համաժողովէն ետք, Եհովային աղօթեցինք որ մեզի քաջութիւն տայ որ Թայուան փոխադրուելու քայլը առնենք»։ Ան կ’աւելցնէ. «Բայց կը վախնայինք։ Կը զգայինք կարծես թէ առաջին անգամէն աւազանին խորունկ տեղը ցատկելու վրայ ենք»։ Համար մը որ իրենց օգնեց «ցատկելու», Ժողովող 11։4–ն էր. «Հովը դիտողը չի կրնար ցանել եւ ամպերուն նայողը չի կրնար հնձել»։ Չունկ Քեուն կ’ըսէ. «Վճռեցինք ‘դիտելէ ու նայելէ’ դադրիլ, եւ սկսիլ ‘ցանել ու հնձել’»։ Անոնք աղօթեցին ու աղօթեցին, միսիոնարներու կենսագրութիւններ կարդացին, Թայուան փոխադրուած անհատներու հետ շատ մը ել–մակներ փոխանակեցին, եւ երեք ամիս չանցած՝ իրենց ինքնաշարժներն ու կահկարասին ծախեցին ու Թայուան փոխադրուեցան։

ՔԱՐՈԶԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՅԵԼԵԼ

Օտար երկիրներէ եկող աւելի քան 100 եղբայրներ ու քոյրեր այժմ Թայուանի այն վայրերուն մէջ կը ծառայեն, ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու մեծ կարիք կայ։ Անոնք 21-73 տարեկան են ու եկած են Աւստրալիայէն, Բրիտանիայէն, Ճափոնէն, Միացեալ Նահանգներէն, Սպանիայէն, Քանատայէն, Քորէայէն ու Ֆրանսայէն։ Անոնց մէջ կան աւելի քան 50 ամուրի քոյրեր։ Տեսնենք թէ ի՛նչ բան օգնած է այս նախանձախնդիր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որ օտար երկրի մը մէջ ծառայեն։

Լորա

Լորա, Քանատայէն ամուրի քոյր մը, Թայուանի արեւմուտքը որպէս ռահվիրայ կը ծառայէ։ Բայց մինչեւ տասը տարի առաջ, քարոզչութիւնը բնա՛ւ չէր սիրեր։ Ան կը բացատրէ. «Ծառայութեան այնքան քիչ կ’ելլէի որ զայն չէի կրնար սիրել»։ Ապա Քանատայի իր բարեկամները խնդրեցին որ իրենց հետ Մեքսիքա երթայ, հոն մէկ ամիս քարոզելու համար։ «Ասիկա առաջին անգամն էր որ ծառայութեան բաւական ժամանակ տրամադրեցի, եւ ի զարմանք ինծի՝ անիկա հոյակապ ժամանակ մըն էր»։

Այդ հաճելի փորձառութիւնը Լորան մղեց որ մտածէ Քանատայի մէջ օտարախօս ժողովք մը փոխադրուիլ։ Ան չինարէն լեզուի դասընթացքի արձանագրուեցաւ, չինարէն խօսող խումբի մը հետ սկսաւ ծառայել ու նպատակակէտ դրաւ Թայուան փոխադրուիլ, եւ այս մէկը իրականացուց սեպտեմբեր 2008–ին։ «Մէկ տարի առաւ մինչեւ որ նոր միջավայրիս մէջ հանգիստ զգամ», կ’ըսէ Լորա, «բայց այժմ չեմ երեւակայեր Քանատա վերադառնալ»։ Ան քարոզչութեան նկատմամբ ի՞նչ կը զգայ։ «Ես իսկապէս հաճոյքով կ’ընեմ զայն», կ’ըսէ ան։ «Ո՛չ մէկ բան աւելի գոհացուցիչ է քան տեսնել թէ Աստուածաշունչի աշակերտներ իրենց կեանքը կը փոխեն մինչ Եհովան աւելի կը ճանչնան։ Թայուանի մէջ ծառայելը ինծի պատեհութիւն տուած է որ այդ խոր ուրախութիւնը շատ անգամ վայելեմ»։

ԼԵԶՈՒԻ ԽՈՉԸՆԴՈՏԻՆ ՀԵՏ ԳԼՈՒԽ ԵԼԼԵԼ

Պրայըն եւ Միշէլ

Պրայըն եւ Միշէլ՝ Միացեալ Նահանգներէն 30–ական տարիքի զոյգ մը, ութ տարի առաջ Թայուան փոխադրուեցան։ Սկիզբը զգացին թէ ծառայութեան մէջ իմաստալից բաժին չէին բերեր։ Բայց փորձառու միսիոնար մը իրենց ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ անհատի մը միայն թերթիկ մը տաք, յիշեցէք թէ ատիկա շատ հաւանաբար առաջին անգամը պիտի ըլլայ որ անհատը Եհովայի մասին պատգամ կը ստանայ։ Ուստի, արդէն իսկ ծառայութեան մէջ կարեւոր բաժին կը բերէք»։ Այդ քաջալերական խօսքը Պրայընի ու Միշէլի մեծապէս օգնեց որ չյանձնուին։ Ուրիշ եղբայր մը իրենց ըսաւ. «Չվհատելու համար, չինարէն լեզուն սորվելու մէջ ձեր յառաջդիմութիւնը քննեցէք՝ ոչ թէ օրէ օր, այլ՝ համաժողովէ համաժողով»։ Եւ անոնք իսկապէս յառաջդիմեցին, եւ այժմ ազդու ռահվիրաներ են։

Ի՞նչ բան քեզ կրնայ մղել որ օտար լեզու սորվիս։ Փորձէ այցելել այն երկիրը, ուր կ’ուզես ծառայել։ Հոն ժողովներու գնա՛, եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ընկերակցէ եւ իրենց հետ քարոզչութեան մասնակցէ։ Պրայըն կ’ըսէ. «Երբ տեսնես թէ շատեր Թագաւորութեան պատգամին կ’ընդառաջեն եւ վայելես եղբայրներուն ու քոյրերուն ջերմ սէրը, պիտի ուզես օտար երկիրի մէջ ծառայելու մարտահրաւէրները դիմագրաւել»։

Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ ԱՇԽԱՐՀԻԿ ԳՈՐԾԻՆ ՄԱՍԻՆ

Քրիսթն եւ Միշէլ

Թայուան փոխադրուող անհատներէն ոմանք կրցած են որպէս ռահվիրայ իրենց ծախսերը հոգալ, անգլերէնի ուսուցիչ ըլլալով։ Քրիսթն եւ Միշէլ ծովային ուտելիքներ կը ծախեն։ Քրիսթն կը բացատրէ. «Ասկէ առաջ բնաւ այս գործը չէի ըրած, բայց անիկա ինծի կ’օգնէ որ Թայուանի մէջ մնամ»։ Քրիսթն ժամանակի ընթացքին մնայուն յաճախորդներ ունեցաւ։ Այս մասնակի գործը թոյլ կու տայ որ ան իր եւ իր կնոջ ծախսերը հոգայ, եւ իրենց բաւարար ժամանակ կը մնայ իրենց գլխաւոր գործունէութեան մասնակցելու,– ռահվիրայութիւն՝ մարդու ձկնորս ըլլալ։

«ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԵՆԷՆ ՀԱՃՈՅՔ ՔԱՂԷ»

Ուիլիամ եւ Ճենիֆըր, Միացեալ Նահանգներէն զոյգ մը, եօթը տարի առաջ Թայուան փոխադրուեցան։ «Լեզուն սորվիլը, ռահվիրայութիւն ընելը, ժողովքին հոգ տանիլը եւ ապրուստ ճարելը, ատեններ մեզ ուժասպառ դարձուցած են», կ’ըսէ Ուիլիամ։ Ի՞նչ բան իրենց օգնած է որ գլուխ ելլեն եւ ուրախ մնան։ Անոնք կը ջանան տրամաբանական նպատակակէտեր դնել։ Օրինակ, մինչ չինարէն լեզուն կը սորվէին, մեծ ակնկալութիւններ չունենալով՝ չափէ դուրս չվհատեցան, երբ իրենց յառաջդիմութիւնը դանդաղ ընթացաւ։

Ուիլիամ եւ Ճենիֆըր

Ուիլիամ կը մտաբերէ թէ օր մը շրջագայող տեսուչ մը իրեն ըսաւ. «Ոչ միայն որոշեալ տեղէն, այլեւ՝ ճամբորդութենէն հաճոյք քաղէ»։ Ուրիշ խօսքով, հոգեւոր նպատակակէտ դնելէ ետք, պէտք է վայելենք մեր առած քայլերը, որոնք մեր նպատակակէտը պիտի իրագործեն։ Ուիլիամ կ’ըսէ, թէ այս խրատը կիրարկելը իրեն եւ իր կնոջ օգնած է որ դիւրաթեք ըլլան, տեղացի պատասխանատու եղբայրներուն խրատը մտիկ ընեն եւ բան մը ինչպէս ձեռք առնելու կերպին մէջ փոփոխութիւններ մտցնեն, որպէսզի կարենան օտար երկրին մէջ իրենց ծառայութիւնը յաջողցնել։ Ան կ’աւելցնէ. «Անիկա նաեւ մեզի օգնած է որ յիշենք թէ պէտք է ժամանակ տրամադրենք կղզիին բնական գեղեցկութիւնը վայելելու»։

Ուիլիամի եւ Ճենիֆըրի նման, Մէկըն, Միացեալ Նահանգներէն ամուրի ռահվիրայ քոյր մը, ‘իր ճամբորդութենէն հաճոյք կը քաղէ’, մինչ կը ջանայ չինարէն լեզուն աւելի սահուն կերպով խօսելու իր նպատակակէտին հասնիլ։ Ամէն շաբաթավերջ, ան խումբ մը հրատարակիչներու հետ քարոզչութեան կը մասնակցի հոյակապ թաղամասի մը մէջ,– Քաուշիոնկի նաւահանգիստը, որ Թայուանի ամենամեծ նաւահանգիստն է։ Մէկըն կրցած է բարի լուրը քարոզել նաւէ նաւ, խօսելով Պանկլատէշէն, Հնդկաստանէն, Ինտոնեզիայէն, Ֆիլիփիններէն, Թայլանտէն եւ Վանուաթուէն եկող ձկնորսներու հետ։ «Որովհետեւ ձկնորսները միայն կարճ ժամանակ նաւահանգիստը կը մնան, իրենց հետ տեղւոյն վրայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը սկսինք։ Բոլորին հասնելու համար, յաճախ չորս կամ հինգ հոգիի հետ միաժամանակ կը սերտեմ»։ Իսկ չինարէն լեզուին մէջ ի՞նչ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրէ։ Ան կ’ըսէ. «Փափաքս է որ աւելի արագ սորվիմ, բայց միտքս կը պահեմ ի՛նչ որ անգամ մը եղբայր մը ինծի ըսաւ. ‘Լաւագոյնդ ըրէ, եւ մնացածը Եհովային վրայ ձգէ’»։

Մէկըն

ԱՊԱՀՈՎ, ՊԱՐԶ ԵՒ ՀԱՃԵԼԻ

Բրիտանիայէն եղող Քաթին, առաջ որ փոխադրուի, փնտռտուքներ ըրաւ տեսնելու թէ ամուրի քրոջ մը համար ո՛ր արտասահման նշանակումը ապահով է։ Ան աղօթքով իր մտահոգութիւնները Եհովային նշեց եւ զանազան մասնաճիւղերու նամակ ուղարկեց, հարցնելով թէ ամուրի քոյրերուն համար ի՛նչ հաւանական վտանգներ կրնան ըլլալ։ Անկէ ետք, ան իր նամակներուն պատասխանները ուշադրութեամբ նկատի առաւ եւ եզրակացուց թէ Թայուան երթալը իրեն յարմար պիտի ըլլար։

2004–ին, Քաթի՝ 31 տարեկանին Թայուան փոխադրուեցաւ, ուր այժմ կարելի եղածին չափ պարզ կեանք մը կը վարէ։ Ան կը պատմէ. «Եղբայրներուն ու քոյրերուն հարցուցի թէ ուրկէ՛ կրնայի աժան գինով պտուղներ ու բանջարեղէններ գնել։ Անոնց լաւ ցուցմունքները ինծի օգնեցին որ դրամս խնայողութեամբ գործածեմ»։ Ի՞նչ բան իրեն կ’օգնէ որ պարզ կեանք պահպանէ։ Քաթի կ’ըսէ. «Յաճախ Եհովային կ’աղօթեմ որ ինծի օգնէ որ պարզ ճաշովս եւ համեստ հագուստներովս գոհունակ ըլլամ։ Կը զգամ թէ Եհովան աղօթքներուս կը պատասխանէ, ինծի սորվեցնելով թէ ի՛նչ են պէտքերս, եւ ինծի օգնելով որ գոհունակ ըլլամ, նոյնիսկ եթէ փափաքած բաներս չունենամ»։ Ան կ’աւելցնէ. «Պարզ կենցաղակերպովս ուրախ եմ, քանի որ ինծի կ’օգնէ հոգեւոր բաներու վրայ կեդրոնանալու»։

Քաթի

Սակայն Քաթիին կեանքը ոչ թէ միայն պարզ է, այլեւ հաճելի։ Ան կը բացատրէ պատճառը. «Կը քարոզեմ շրջանի մը մէջ, ուր շատեր բարի լուրին կ’ընդառաջեն։ Ասիկա իսկական ուրախութեան աղբիւր է»։ Երբ ան Թայուան հասաւ, չինարէն լեզուով երկու ժողովքներ կային այն քաղաքին մէջ, ուր սկսաւ ռահվիրայութիւն ընել, բայց այժմ եօթը ժողովքներ կան։ Քաթի կ’ըսէ. «Այս սքանչելի աճումը աչքով տեսնելը եւ հունձքը հաւաքելու մէջ բաժին բերելը, ամէնօրեայ կեանքս շատ հաճելի կը դարձնէ»։

«ՆՈՅՆԻՍԿ ԻՆԾԻ ՊԷՏՔ ՈՒՆԷԻՆ»

Բացման մէջ նշուած Չունկ Քեունի եւ Ժիւլիի համար հարցերը ինչպէ՞ս ընթացան։ Չունկ Քեուն սկիզբը կը խորհէր թէ իր կցկտուր չինարէնին պատճառաւ, ժողովքին մէջ շատ օգտակար չէր։ Բայց տեղացի եղբայրները հակառակը կը զգային։ «Երբ մեր ժողովքը երկուքի բաժնուեցաւ, որպէս օգնական ծառայ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ստացայ», կ’ըսէ Չունկ Քեուն։ «Այդ պահուն իսկապէս զգացի թէ կը ծառայէի ո՛ւր որ աւելի մեծ կարիք կար։ Կարիքը այնքան մեծ էր որ նոյնիսկ ինծի պէտք ունէին»։ Ներկայիս, ան որպէս երէց կը ծառայէ։ Ժիւլի կ’աւելցնէ. «Ունինք այնպիսի իրագործման զգացում, գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն, որ ասկէ առաջ բնաւ չէինք վայելած։ Հոս եկանք որպէսզի օգնենք, բայց կը խորհիմ թէ այս ոգեւորիչ փորձառութիւնը ինք մեզի օգնած է։ Շնորհակալ ենք Եհովային որ թոյլ տուաւ որ հոս ծառայենք»։

Շատ մը երկիրներու մէջ, տակաւին հոգեւոր հունձքին համար աւելի աշխատաւորներու կարիք կայ։ Արդեօք դպրոցդ վերջացնելու վրայ ես եւ կը մտածե՞ս թէ ի՛նչ պիտի ընես։ Ամուրի մը ըլլալով փափաք ունի՞ս որ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ աւելի օգտակար դառնաս։ Կ’ուզե՞ս ընտանիքիդ հոգեւոր ճոխ ժառանգութիւն տալ։ Հանգստեան կոչուա՞ծ ես, մինչ ուրիշներու հետ բաժնելիք արժէքաւոր փորձառութիւն ունիս։ Կրնաս վստահ ըլլալ որ ճոխ օրհնութիւններ քեզի կը սպասեն, եթէ որոշես ծառայութիւնդ ընդարձակել՝ ծառայելով հոն, ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։

^ պարբ. 3 Տե՛ս «Հիմնովին վկայութիւն տանք» Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին գիրքը, գլուխ 16, պարբերութիւն 5-6 (անգլերէնով)։