Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ձեր փրկութիւնը մօտ է»

«Ձեր փրկութիւնը մօտ է»

«Ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է» (ՂՈՒԿ. 21։28

ԵՐԳԵՐ. 133, 43

1. Ք.Ե. 66–ին ի՞նչ պատահեցաւ (տե՛ս բացման պատկերը)։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ թէ Ք.Ե. 66 թուականն է, եւ դուն Երուսաղէմի մէջ ապրող քրիստոնեայ մըն ես։ Շուրջդ շատ բաներ տեղի կ’ունենան։ Նախ՝ հռոմայեցի կառավարիչ Ֆլորըսը տաճարի գանձատունէն 17 տաղանդ գողցաւ։ Հրեաները անմիջապէս ապստամբեցան, Երուսաղէմի մէջ բազմաթիւ հռոմայեցի զինուորներ սպաննեցին եւ Հռոմէն իրենց անկախութիւնը յայտարարեցին։ Բայց Հռոմ արագօրէն հակազդեց։ Երեք ամիս չանցած, Սուրիոյ հռոմայեցի կառավարիչ Սեսդիոս Գաղիոսի առաջնորդութեամբ, 30,000 զինուորներ Երուսաղէմը պաշարեցին։ Հրեայ ըմբոստները ապահովութեան համար տաճարի պարիսպներէն ներս քաշուեցան։ Իսկ հռոմայեցի զինուորները սկսան տաճարի պարիսպին տակը փորել։ Քաղաքին մէջ վախը կը տիրէ։ Ի՞նչ կը զգաս մինչ այս բոլոր բաներուն ականատես կ’ըլլաս։

2. Ք.Ե. 66–ին, քրիստոնեաները ի՞նչ քայլ պէտք էր առնէին, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կարելի դարձաւ։

2 Անկասկած կը յիշես Յիսուսի խօսքը. «Երբ տեսնէք Երուսաղէմը չորս կողմէն զօրքերով շրջապատուած, այն ատեն գիտցէք թէ անոր աւերումը մօտ է» (Ղուկ. 21։20)։ Յիսուս այս զգուշացումին հետ մէկտեղ ցուցմունքներ տուաւ. «Այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին ու անոր մէջ եղողները թող հեռանան եւ անոնք որ ագարակներն են՝ թող չմտնեն անոր մէջ» (Ղուկ. 21։21)։ Ուստի թերեւս հարց տաս. «Այս վիճակին մէջ ինչպէ՞ս կրնամ տրուած ցուցմունքներուն հետեւիլ»։ Ինչպէ՞ս պիտի փախչիս, երբ բազմաթիւ զինուորներ Երուսաղէմը պաշարած են։ Ետքը, զարմանալի բան մը կը պատահի։ Աչքերուդ առջեւ հռոմայեցի զինուորները կը սկսին նահանջել։ Ինչպէս որ նախագուշակուած էր, անոնց յարձակումի օրերը ‘կը քիչնան’ (Մատ. 24։22)։ Հիմա պատեհութիւնը ունիս Յիսուսի ցուցմունքներուն հետեւելու։ Երուսաղէմի մէջ եւ անոր շրջակայքը եղող բոլոր հաւատարիմ քրիստոնեաներուն հետ անմիջապէս լեռները կը փախչիս, Յորդանան գետի անդի կողմը *։ Յետագային, Ք.Ե. 70 թուականին, հռոմէական նոր բանակ մը Երուսաղէմ կը վերադառնայ եւ զայն կը կործանէ։ Բայց քու կեանքդ խնայուած է, քանի որ Յիսուսի ցուցմունքներուն հնազանդեցար։

3. Շուտով քրիստոնեաները ի՞նչ նոյնանման պարագայ մը պիտի դիմագրաւեն, եւ այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

3 Շատ մօտ ատենէն, իւրաքանչիւրս նոյնանման պարագայ մը պիտի դիմագրաւենք։ Յիսուս առաջին դարու այս դէպքերը նշեց՝ ոչ միայն քրիստոնեաները զգուշացնելու համար Երուսաղէմի կործանումէն, այլեւ՝ բացատրելու համար այն ինչ որ պիտի պատահի, երբ «մեծ նեղութիւն»ը անակնկալօրէն սկսի (Մատ. 24։3, 21, 29)։ Իրականութեան մէջ բարի լուր մը կայ. այս համաշխարհային աղէտէն «մեծ բազմութիւն մը» պիտի վերապրի (կարդա՛ Յայտնութիւն 7։9, 13, 14)։ Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ այս գալիք դէպքերուն մասին։ Պէտք է խորապէս հետաքրքրուած ըլլանք պատասխանով, քանի որ մեր փրկութի՛ւնը խնդրոյ առարկայ է։ Այժմ մանրամասնօրէն նկատի առնենք, թէ այս ապագայ դէպքերը ինչպէ՛ս անհատապէս մեզի պիտի ազդեն։

ՄԵԾ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՍԿՍԻԼԸ

4. Մեծ նեղութիւնը ինչպէ՞ս պիտի սկսի։

4 Մեծ նեղութիւնը ինչպէ՞ս պիտի սկսի։ Յայտնութիւն գիրքը պատասխանը կու տայ. «Մեծ Բաբելոն»ի կործանումով (Յայտ. 17։5-7)։ Որքա՜ն յարմար է որ սուտ կրօնքը պոռնիկի մը նմանցուած է։ Կրօնական առաջնորդները պոռնկացած են այս չար աշխարհի առաջնորդներուն հետ։ Անոնք Յիսուսի եւ իր Թագաւորութեան փոխարէն՝ մարդկային կառավարիչներու թիկունք կանգնած են, եւ քաղաքական հեղինակութիւն ունենալու համար աստուածային սկզբունքները անտեսած են։ Անոնք որքա՜ն տարբեր են մաքուր կոյսերու նման եղող օծեալներէն (Բ. Կոր. 11։2. Յակ. 1։27. Յայտ. 14։4)։ Սակայն ո՞վ պիտի կործանէ այս պոռնկանման կազմակերպութիւնը։ Եհովա Աստուած «իր կամքը» պիտի դնէ «կարմիր գազան»ին «տասը եղջիւրներ»ուն սրտին մէջ։ Այս եղջիւրները կը ներկայացնեն այժմու բոլոր այն քաղաքական ուժերը, որոնք թիկունք կը կանգնին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան՝ «կարմիր գազան»ին (կարդա՛ Յայտնութիւն 17։3, 16-18

5, 6. Ինչո՞ւ կ’եզրակացնենք թէ Մեծ Բաբելոնի կործանումը չի նշանակեր, որ անոր բոլոր անդամները պիտի մեռնին։

5 Սակայն պէ՞տք է եզրակացնենք, թէ Մեծ Բաբելոնի կրօնքներուն կործանումով՝ անոնց բոլոր անդամները պիտի մեռնին։ Ո՛չ։ Զաքարիա մարգարէն ներշնչման ներքեւ գրեց այդ ժամանակին մասին։ Խօսելով անհատներու մասին, որոնք նախապէս սուտ կրօնքին կը պատկանէին, ան կը նշէ. «Անոնց ամէն մէկը պիտի ըսէ. ‘Ես մարգարէ չեմ, ես երկրագործ մարդ եմ. քանզի իմ մանկութենէս ան իմ ստացուածքս է’։ Անոր պիտի ըսուի. ‘Ձեռքերուդ մէջի այս վէրքերը ի՞նչ են’։ Անիկա պիտի ըսէ. ‘Ասոնք իմ բարեկամներուս տանը մէջ ընդունած վէրքերս են’» (Զաք. 13։4-6)։ Ուստի, ըստ երեւոյթին, նոյնիսկ կարգ մը կրօնականներ պիտի ձեւացնեն որ կրօնասէր չէին, եւ պիտի ուրանան որ ատեն մը այդ սուտ կրօնքներուն կը պատկանէին։

6 Այդ ժամանակ Աստուծոյ ժողովուրդին ի՞նչ պիտի պատահի։ Յիսուս կը բացատրէ. «Եթէ այն օրերը չքիչնային, բնաւ մարմին մը պիտի չապրէր. բայց ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան» (Մատ. 24։22)։ Ինչպէս որ նկատի առինք, Ք.Ե. 66–ին, նեղութեան օրերը ‘քիչցան’։ Ասիկա թոյլ տուաւ որ «ընտրեալները», այսինքն օծեալ քրիստոնեաները, փախչին։ Նմանապէս, մեծ նեղութեան առաջին հանգրուանի օրերը ‘պիտի քիչնան ընտրեալներուն համար’։ Քաղաքական «տասը եղջիւրներ»ուն թոյլ պիտի չտրուի, որ Աստուծոյ ժողովուրդը կործանեն։ Փոխարէն, առաջին հանգրուանէն ետք կարճ դադար մը պիտի ըլլայ։

ՓՈՐՁԻ ԵՒ ԴԱՏԱՍՏԱՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿ

7, 8. ա) Ճշմարիտ երկրպագուները սուտ կրօնքին կործանումէն ետք ի՞նչ պատեհութիւն պիտի ունենան։ բ) Այդ ժամանակ, Եհովայի հաւատարիմ ծառաները մնացեալ մարդոցմէ ինչպէ՞ս պիտի տարբերին։

7 Ի՞նչ պիտի պատահի սուտ կրօնքի կործանումէն ետք։ Ժամանակը եկած պիտի ըլլայ, որ յայտնի ընենք թէ մեր սրտին մէջ իսկապէս ի՛նչ կայ։ Մարդկութեան մեծամասնութիւնը ապաստան պիտի փնտռէ մարդակերտ կազմակերպութիւններու քով, որոնք «լեռներու ապառաժներ»ու նմանցուած են (Յայտ. 6։15-17)։ Սակայն Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանութեան համար Իրեն պիտի ապաւինի։ Առաջին դարուն, երբ նեղութեան օրերը ‘քիչցան’, ժամանակը չէր որ բոլոր հրեաները յանկարծ քրիստոնեայ դառնային։ Հապա՝ ժամանակն էր որ անոնք, որոնք արդէ՛ն քրիստոնեայ են, գործի անցնին եւ հնազանդ գտնուին։ Նմանապէս, չենք կրնար ակնկալել, որ երբ մեծ նեղութեան օրերը ‘քիչնան’, յանկարծ բազմաթիւ մարդիկ ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը որդեգրեն։ Փոխարէն, անիկա բոլոր ճշմարիտ երկրպագուներուն պատեհութիւն պիտի տայ, որ Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը ապացուցանեն եւ Քրիստոսի եղբայրներուն թիկունք կանգնին (Մատ. 25։34-40

8 Թէեւ լիովին չենք գիտեր թէ այդ փորձի ժամանակ ճիշդ ի՛նչ պիտի պատահի, սակայն կ’ակնկալենք որ մեզմէ զոհողութիւն պահանջուի։ Առաջին դարուն, քրիստոնեաները փրկուելու համար ստիպուեցան իրենց ունեցուածքը իրենց ետին ձգել եւ դժուարութիւններու տոկալ (Մար. 13։15-18)։ Մենք ալ հաւատարիմ մնալու համար պիտի յօժարի՞նք նիւթական կորուստ կրել։ Եհովային հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը ապացուցանելու համար պատրաստ պիտի ըլլա՞նք ընելու ի՛նչ որ մեզմէ պահանջուի։ Պահ մը խորհէ։ Այդ ժամանակ, մենք միակ անձերը պիտի ըլլանք, որոնք կը շարունակեն իրենց Աստուածը պաշտել ի՛նչ որ ալ պատահի, ճիշդ ինչպէս որ Դանիէլ մարգարէն ըրաւ (Դան. 6։10, 11

9, 10. ա) Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ պատգամ պիտի ծանուցանէ մեծ նեղութեան ընթացքին։ բ) Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամիները ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն։

9 Այդ ատեն այլեւս ‘Արքայութեան աւետարանը’ պիտի չքարոզուի, քանի որ անոր ժամանակը լրացած է եւ «վերջը» գալու վրայ է (Մատ. 24։14)։ Կասկած չկայ թէ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի ծանուցանէ զօրաւոր դատաստանական պատգամ մը, որ շատ հաւանաբար բովանդակէ այն յայտարարութիւնը, թէ Սատանային չար աշխարհը լիովին կործանուելու վրայ է։ Աստուածաշունչը այս պատգամը կը նմանցնէ կարկուտի, ըսելով. «Խոշոր կարկուտ՝ գրեթէ տաղանդի մը կշիռքով՝ երկնքէն կ’իջնէր մարդոց վրայ ու մարդիկ հայհոյեցին Աստուծոյ կարկուտին հարուածին համար, վասն զի խիստ մեծ էր այն հարուածը» (Յայտ. 16։21

10 Ասոնցմէ ո՛չ մէկը մեր թշնամիներուն աչքէն պիտի վրիպի։ Եզեկիէլ մարգարէն ներշնչման ներքեւ բացատրեց այն ինչ որ Մագոգի Գոգը, այսինքն՝ ազգերու միասնութիւն մը, պիտի ընէ. «Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այն օրը քու միտքդ բաներ պիտի գան ու չար խորհուրդ մը պիտի մտածես ու պիտի ըսես. «Անպարիսպ գիւղերուն երկիրը ելլեմ, հանգստութեան մէջ եղողներուն, ապահովութեամբ բնակողներուն վրայ երթամ. անոնք անպարիսպ տեղեր կը բնակին եւ նիգեր ու դռներ չունին», որպէս զի իբր աւար յափշտակես եւ կողոպտես եւ քու ձեռքդ՝ բնակուած եւ աւերուած տեղերու վրայ ու ազգերէն հաւաքուած եւ խաշինք ու ապրանք ստացած ու երկրին բարձր տեղերը բնակող ժողովուրդին վրայ դարձնես’» (Եզեկ. 38։10-12)։ Հոգեւոր գետնի վրայ, Աստուծոյ ժողովուրդը մնացեալ մարդոցմէ տարբեր պիտի երեւի, կարծես թէ ‘երկրին բարձր տեղերը կը բնակի’։ Ազգերը այլեւս պիտի չկլլեն այս մէկը եւ անհամբեր պիտի ուզեն յարձակիլ Եհովայի օծեալներուն եւ անոնց ընկերակիցներուն վրայ։

11. ա) Մեծ նեղութեան ընթացքին պատահելիք դէպքերուն շարքաւորման նկատմամբ ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։ բ) Մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն երկնքի մէջի նշաններուն։

11 Մինչ նկատի կ’առնենք թէ ետքը ի՛նչ պիտի պատահի, ի մտի պէտք է ունենանք որ Աստուծոյ Խօսքը դէպքերուն ճիշդ շարքաւորումը չի յայտներ։ Այնպէս կ’երեւի թէ կարգ մը դէպքեր միաժամանակ տեղի պիտի ունենան։ Յիսուս աշխարհի վախճանին վերաբերեալ իր մարգարէութեան մէջ ըսաւ. «Արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան ու երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին եւ ծովն ու ալիքները պիտի գոռան. մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ Այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ ամպի մէջ եկած զօրութիւնով ու մեծ փառքով» (Ղուկ. 21։25-27. կարդա՛ Մարկոս 13։24-26)։ Երբ այս մարգարէութիւնը կատարուի, արդեօք բառացի երկնքին մէջ վախազդու նշաններ ու դէպքեր պիտի ըլլա՞ն։ Պէտք է սպասենք ու տեսնենք։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, նշանները պատճառ պիտի ըլլան որ Աստուծոյ թշնամիները սարսափին ու խուճապի մատնուին։

Դրական կեցուածք պիտի ունենանք, վստահ ըլլալով որ պիտի փրկուինք (տե՛ս պարբերութիւն 12, 13)

12, 13. ա) Երբ Յիսուս «զօրութիւնով ու մեծ փառքով» գայ, ի՞նչ պիտի պատահի։ բ) Այդ ատեն, Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն։

12 Ի՞նչ պիտի պատահի երբ Յիսուս «զօրութիւնով ու մեծ փառքով» գայ։ Ան հաւատարիմ անհատները պիտի վարձատրէ եւ հաւատարիմ չեղողները պիտի պատժէ (Մատ. 24։46, 47, 50, 51. 25։19, 28-30)։ Յիսուս այս դէպքը առակով մը մանրամասնօրէն բացատրեց։ Ան ըսաւ. «Երբ Որդին մարդոյ իր փառքովը գայ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն իր փառաց աթոռը պիտի նստի։ Անոր առջեւ պիտի ժողվուին բոլոր ազգերը ու զանոնք իրարմէ պիտի զատէ, ինչպէս հովիւ մը ոչխարները այծերէն կը զատէ։ Ոչխարները իր աջ կողմը պիտի կայնեցնէ ու այծերը՝ ձախ կողմը» (Մատ. 25։31-33)։ Ոչխարները եւ այծերը ի՞նչ դատաստան պիտի ստանան։ Առակը կ’ըսէ. «[Այծերը] պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [«մահը», ՆԱ], իսկ արդարները՝ յաւիտենական կեանքը» (Մատ. 25։46

13 Երբ այծերը անդրադառնան թէ «յաւիտենական մահը» պիտի երթան, ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն։ Անոնք «կոծ պիտի ընեն» (Մատ. 24։30)։ Իսկ Քրիստոսին եղբայրները եւ անոնց հաւատարիմ ընկերակիցները ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն։ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ լման հաւատք ունենալով, անոնք Յիսուսի պատուէրին պիտի հետեւին. «Երբ այս բաները սկսին ըլլալ, ելէք ու գլուխնիդ բարձրացուցէք, վասն զի ձեր փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկ. 21։28)։ Արդարեւ, դրական կեցուածք պիտի ունենանք, վստահ ըլլալով որ պիտի փրկուինք։

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՐԵՒԻ ՊԷՍ ՓԱՅԼԻԼ

14, 15. Մագոգի Գոգի յարձակումը սկսելէն ետք ի՞նչ ժողովում տեղի պիտի ունենայ, եւ ինչպէ՞ս։

14 Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ Մագոգի Գոգի յարձակումը սկսելէն ետք, ի՞նչ պիտի պատահի։ Մատթէոս եւ Մարկոս նոյն դէպքը արձանագրած են. «[Որդի մարդոյ] իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը» (Մար. 13։27. Մատ. 24։31)։ Այս ժողվելը չ’ակնարկեր օծեալներուն սկզբնական ժողվուելուն, ոչ ալ կ’ակնարկէ օծեալ մնացորդին վերջնական կնքումին (Մատ. 13։37, 38)։ Այդ կնքումը տեղի կ’ունենայ մեծ նեղութիւնը չսկսած (Յայտ. 7։1-4)։ Ուստի, Յիսուսի նշած ժողովումը ի՞նչ է։ Անիկա այն ժամանակն է, երբ 144,000–ի մնացորդը իր երկնային վարձատրութիւնը պիտի ստանայ (Ա. Թես. 4։14-16. Յայտ. 14։1)։ Այս դէպքը տեղի պիտի ունենայ Մագոգի Գոգի յարձակումը սկսելէն ետք, որոշ մէկ հանգրուանին (Եզեկ. 38։11)։ Ապա Յիսուսի սա խօսքը պիտի կատարուի. «Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ» (Մատ. 13։43) *։

15 Քրիստոնէական աշխարհին մէջ շատեր կը հաւատան, թէ քրիստոնեաները մարդկային մարմնով երկինք պիտի առնուին, եւ թէ Յիսուս տեսանելի կերպով պիտի վերադառնայ, որպէսզի երկրի վրայ իշխէ։ Սակայն Աստուածաշունչը յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ «Որդի մարդոյ նշանը» երկնքի՛ մէջ պիտի երեւնայ, եւ թէ Յիսուս «երկնքի ամպերուն վրայ» պիտի գայ (Մատ. 24։30)։ Այս երկու արտայայտութիւններն ալ կը հասկցնեն թէ Յիսուսի վերադարձը անտեսանելի է։ Աւելին, «մարմին ու արիւն Աստուծոյ թագաւորութիւնը չեն կրնար ժառանգել». ուստի անոնք որոնք երկինք պիտի առնուին, նախ պէտք է «փոխու[ին], յանկարծակի աչք գոցել բանալու մէջ՝ վերջին փողին հնչուելու ատենը» (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 15։50-53) *։ Հաւատարիմ օծեալ մնացորդը բոլորը միասին յանկարծ պիտի առնուին։

16, 17. Նախքան երկնքի մէջ Գառնուկին հարսանիքը ըլլալը, ի՞նչ պէտք է պատահի։

16 Մէյ մը որ բոլոր 144,000–ը երկինք ըլլան, Գառնուկի հարսանիքին վերջնական պատրաստութիւնները կրնան սկսիլ (Յայտ. 19։9)։ Բայց այս ուրախալի առիթէն առաջ բան մը պիտի պատահի։ Մտաբերէ թէ օծեալ մնացորդը երկինք առնուելէ քիչ առաջ, Գոգ Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ պիտի յարձակի (Եզեկ. 38։16)։ Երկրի վրայ, Աստուծոյ ժողովուրդը անպաշտպան պիտի թուի։ Անոնք ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն։ Անոնք պիտի հնազանդին հետեւեալ ցուցմունքներուն. «Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք. դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք. . . մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք» (Բ. Մն. 20։17)։ Սակայն երկնքի մէջ տարբեր հակազդեցութիւն մը պիտի ըլլայ։ Ակնարկելով այն ժամանակին երբ բոլոր օծեալները երկնքի մէջ են, Յայտնութիւն 17։14–ը (ՆԹ) Աստուծոյ ժողովուրդին թշնամիներուն առնչութեամբ կ’ըսէ. «Անոնք Գառնուկին դէմ պիտի պատերազմին, բայց Գառնուկը պիտի յաղթէ անոնց, որովհետեւ ի՛նքն է տէրերուն Տէրը եւ թագաւորներուն Թագաւորը. իր կողքին պատերազմողները կանչուածներն են, ընտրեալները եւ հաւատարիմները»։ Ուրեմն, Յիսուս եւ իր 144,000 իշխանակիցները պիտի փութան Աստուծոյ ժողովուրդը ազատելու։

17 Ասոր արդիւնքը պիտի ըլլայ Արմագեդոնի պատերազմը, որ Եհովայի սուրբ անունը պիտի մեծարէ (Յայտ. 16։16)։ Այդ ատեն, բոլոր այծանման անհատները պիտի բնաջնջուին։ Վերջապէս, երկիրը ամէն չարութենէ պիտի մաքրուի, եւ մեծ բազմութիւնը մեծ նեղութեան վերջին հանգրուանէն պիտի վերապրի։ Բոլոր պատրաստութիւնները ամբողջացած ըլլալով, Յայտնութիւն գրքին գագաթնակէտը՝ Գառնուկին հարսանիքը, կրնայ տեղի ունենալ (Յայտ. 21։1-4) *։ Երկրի վրայ բոլոր վերապրողները Աստուծոյ հաճութիւնը եւ մեծ սէրն ու առատաձեռնութիւնը պիտի վայելեն։ Անհամբեր կը սպասենք այդ օրուան. ի՜նչ հոյակապ հարսանիք մը պիտի ըլլայ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։13

18. Այս նախագուշակուած դէպքերը մօտալուտ ըլլալով, ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել։

18 Այս հետաքրքրական դէպքերը մօտալուտ ըլլալով, իւրաքանչիւրս ինչո՞վ զբաղած պէտք է ըլլանք հիմա։ Պետրոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Քանի որ այս բոլոր բաները պիտի լուծուին, ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ, սպասելով ու արտորալով Աստուծոյ օրուանը գալուն. . . Ուստի, սիրե՛լիներ, ասոնց սպասելով ջանացէ՛ք որ ան ձեզ անբիծ ու անարատ գտնէ խաղաղութիւնով» (Բ. Պետ. 3։11, 12, 14)։ Արդ, վճռենք հոգեւորապէս մաքուր մնալ եւ Խաղաղութեան Թագաւորին թիկունք կանգնիլ։

^ պարբ. 15 Այդ ժամանակ ողջ եղող օծեալներուն բառացի մարմինները երկինք պիտի չառնուին (Ա. Կոր. 15։48, 49)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուսի մարմինը անհետացաւ, անոնց մարմիններն ալ մէջտեղէն պիտի վերցուին։

^ պարբ. 17 Սաղմոս 45–ը դէպքերուն շարքաւորումը ցոյց կու տայ։ Նախ՝ Թագաւորը պատերազմը կը մղէ, ետքը՝ հարսանիքը տեղի կ’ունենայ։