Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Աստուծոյ եւ մօրս հետ խաղաղութիւն ունեցայ

Աստուծոյ եւ մօրս հետ խաղաղութիւն ունեցայ

«ԻՆՉՈՒ նախահայրերդ պաշտելուն ի՞նչ եղեր է», ըսաւ մայրս։ «Չե՞ս անդրադառնար որ եթէ անոնք չըլլային, դուն հոս չէիր ըլլար։ Երախտագիտութիւնդ պիտի չցուցնե՞ս իրենց։ Ինչպէ՞ս կրնաս մէկ կողմ դնել այն սովորութիւնները, որոնք սերունդէ սերունդ անցած են։ Մեր նախահայրերը չպատուելով, դուն կարծես թէ կ’ըսես թէ մեր պաշտամունքը անիմաստ է»։ Ետքը, մայրս սկսաւ լալ։

Չէի վարժուած որ մայրս այսպէս խօսի։ Ասկէ զատ, ինքն էր որ կարգադրած էր որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեմ, հակառակ որ ան ասիկա ըրաւ, որպէսզի քաղաքավար կերպով մերժէ Վկաներուն կողմէ իրեն առաջարկուած ուսումնասիրութիւնը։ Ես միշտ հնազանդ եղած էի իրեն, եւ այժմ ինծի համար դժուար էր իր խօսքը մտիկ չընել։ Բայց այս անգամ ստիպուած էի մտիկ չընել, որպէսզի Եհովան հաճեցնեմ։ Եթէ Եհովան ինծի ոյժ չտար, չէի կրնար յաջողիլ։

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԴԱՌՆԱԼ

Ճափոնի բնակիչներուն մեծամասնութեան պէս պուտտայական էինք։ Բայց Եհովայի վկաներուն հետ միայն երկու ամիս ուսումնասիրելով, համոզուեցայ որ Աստուածաշունչը ճիշդ է։ Երբ գիտցայ թէ երկնաւոր Հայր մը ունիմ, սրտանց ուզեցի զինք ճանչնալ։ Մօրս հետ ուրախութեամբ կ’առնէինք–կու տայինք սորվածներուս մասին։ Սկսայ կիրակի օրուան ժողովներուն երթալ։ Երբ ճշմարտութեան մասին աւելին գիտցայ, մօրս ըսի որ պուտտայական սովորութիւններուն պիտի չմասնակցիմ։ Յանկարծ իր կեցուածքը փոխուեցաւ, եւ ըսաւ. «Մեծ ամօթ է մեր ընտանիքին մէջ ունենալ անձ մը, որ մեր նախահայրերը չի սիրեր»։ Ինձմէ պահանջեց որ այլեւս չուսումնասիրեմ եւ ժողովներու չերթամ։ Բնա՛ւ չէի երեւակայած որ մայրս ասիկա պիտի ըսէր։ Կարծես թէ առջեւս տարբեր անձ մը կար։

Եփեսացիս 6–րդ գլուխին մէջ տեսայ որ Եհովան կ’ուզէ որ ծնողքիս հնազանդ ըլլամ։ Հայրս մօրս կողմէն ելաւ։ Սկիզբը մտածեցի որ եթէ իրենց մտիկ ընեմ, իրենք ալ ինծի մտիկ պիտի ընեն եւ մեր ընտանիքին մէջ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ։ Ասկէ զատ, առջեւս կային բարձրագոյն վարժարան մտնելու քննութիւնները, եւ պէտք էր որ պատրաստուէի։ Ուստի, համաձայնեցայ որ իրենց ուզածը ընեմ երեք ամիս, բայց Եհովային խոստացայ որ երբ այդ ժամանակը վերջանայ՝ դարձեալ պիտի սկսիմ ժողովներու երթալ։

Երկու բաներ կը փաստեն որ սխալ որոշում առի։ Նախ, կարծեցի որ երեք ամսուան մէջ զգացումներս պիտի չփոխուին։ Սակայն շուտով զգացի թէ հոգեւորապէս անօթի մեռած եմ եւ Եհովայէն հեռացած եմ։ Երկրորդ, փոխանակ քիչ մըն ալ ծնողքս զիջելու, անոնք ա՛լ աւելի ճնշեցին վրաս, որպէսզի վազ անցնիմ ամէն բանէ որ ճշմարիտ պաշտամունքին հետ կապ ունի։

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱԿԱՌԱԿՈՒԹԻՒՆ

Թագաւորութեան սրահին մէջ ծանօթացած էի շատերու, որոնց ընտանիքը իրենց հակառակ կը կենար։ Անոնք ինծի վստահեցուցած էին, որ Եհովան զիս պիտի զօրացնէր (Մատ. 10։34-37)։ Անոնք ինծի հասկցուցին որ ե՛ս եմ բուն միջոցը որ ընտանիքս ճշմարտութիւնը գիտնայ։ Ուստի սկսայ ջերմեռանդօրէն աղօթել, փափաքս ըլլալով որ սորվիմ Եհովային վստահիլ։

Ընտանիքս տարբեր կերպերով ինծի հակառակեցան։ Մայրս փորձեց թէ՛ ինծի աղաչել, թէ ալ հետս տրամաբանել։ Ընդհանրապէս լուռ կը մնայի։ Երբ խօսէի, շատ անգամներ խօսակցութիւնը վէճի կը դառնար, քանի որ մեր խելքը–միտքը կ’ըլլար մեր ճիշդ ըլլալը փաստել։ Պէտք էր որ մօրս զգացումներն ու հաւատալիքները ա՛լ աւելի յարգէի. ասիկա պիտի հանդարտեցնէր մթնոլորտը։ Ծնողքս ա՛լ աւելի տան պարտականութիւններ տուին ինծի, որպէսզի ոտքս տունէն դուրս չդնեմ։ Երբեմն ալ, անոնք զիս տունէն դուրս կը ձգէին կամ ալ ուտելիք չէին ձգեր։

Մայրս սկսաւ ուրիշներէն օգնութիւն խնդրել, որպէսզի զիս համոզէ։ Ան խօսեցաւ ուսուցիչիս հետ, բայց անիկա չխառնուեցաւ։ Մայրս իր գործի տնօրէնին քով տարաւ զիս, որպէսզի ան զիս համոզէ որ բոլոր կրօնքները պարապ են։ Մայրս նաեւ ազգականներու հեռաձայնեց եւ աղի արցունք թափելով օգնութիւն խնդրեց։ Ես նեղացայ ասկէ, բայց երէցները զիս մղեցին որ պահ մը մտածեմ, թէ մայրս այսպիսով որքա՜ն մարդոց անուղղակիօրէն վկայութիւն կու տար։

Ծնողքս կ’ուզէր զիս համալսարան ղրկել, ինչ որ իրենց կարծիքով ապագայիս լաւագոյն հիմը կրնար ըլլալ։ Անոնք կը յուսային որ այսպիսով լաւ գործ մը կը գտնեմ։ Բոլորս ալ ջղագրգիռ էինք, եւ ասոր համար չէինք կրնար այս նիւթին մասին իրարու հետ հանդարտօրէն խօսիլ։ Ուստի հօրս եւ մօրս մէկէ աւելի նամակներ գրեցի, որպէսզի իմ նպատակակէտերս բացատրեմ։ Հայրս զայրացած ըսաւ. «Եթէ կը կարծես որ գործ կրնաս գտնել, այն ատեն մինչեւ վաղը գտած եղիր, թէ ոչ այս տան մէջ այլեւս տեղ չկայ քեզի»։ Այս հարցը աղօթքով Եհովային յանձնեցի։ Յաջորդ օրը ծառայութեան ընթացքին, երկու քոյրեր (մէկը միւսէն լուր չունենալով) ինձմէ խնդրեցին որ իրենց զաւակներուն դաս սորվեցնեմ։ Հայրս այս զարգացումով չուրախացաւ եւ սկսաւ լման չխօսիլ հետս ու նոյնիսկ զիս անտեսել։ Մայրս ըսաւ որ կը նախընտրէ որ ես չարագործ մը ըլլամ, քան թէ Եհովայի վկայ մը։

Եհովան ինծի օգնեց որ մտածելակերպս ճշդեմ եւ գիտնամ թէ ի՛նչ պիտի ընեմ

Ատեններ ես ինծի կը հարցնէի, որ արդեօք Եհովան կ’ուզէ՞ր որ ա՛յս աստիճան դէմ կենամ ծնողքիս ուզածներուն։ Ա՛լ աւելի աղօթեցի Եհովային եւ խոկացի համարներու վրայ, որոնք իր սիրոյն մասին են, եւ այսպիսով սկսայ աւելի լաւատես ըլլալ եւ հասկնալ որ ծնողքս ինծի կը հակառակին, քանի որ ինձմով մտահոգուած են։ Եհովան ինծի օգնեց որ մտածելակերպս ճշդեմ եւ գիտնամ թէ ի՛նչ պիտի ընեմ։ Նաեւ, որքա՛ն աւելի ծառայութեան մասնակցէի, այնքան աւելի հաճոյք կ’առնէի ատկէ։ Այսպիսով, նպատակակէտ դրի ռահվիրայ ըլլալ։

ՌԱՀՎԻՐԱՅՈՒԹԻՒՆ

Երբ կարգ մը քոյրեր գիտցան թէ կ’ուզեմ ռահվիրայութիւն ընել, զիս խրատեցին որ սպասեմ մինչեւ որ ծնողքս հանդարտի։ Աղօթքով իմաստութիւն խնդրեցի, պրպտումներ ըրի, շարժառիթներս քննեցի ու հասուն եղբայրներու եւ քոյրերու հետ խօսեցայ։ Այն եզրակացութեան հասայ, թէ ես կ’ուզեմ Եհովան հաճեցնել։ Ասկէ զատ, ո՛չ մէկ բան կ’երաշխաւորէր որ եթէ ռահվիրայութիւնը յետաձգէի, ծնողքիս կեցուածքը պիտի փոխուէր։

Բարձրագոյն վարժարանի վերջին տարիս սկսայ ռահվիրայութիւն ընել։ Շատ չանցած, ուզեցի ծառայել հոն՝ ուր հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կար։ Բայց ծնողքս չուզեց որ տունը ձգեմ։ Ուստի սպասեցի մինչեւ 20 տարեկան։ Ետքը, մօրս միտքը հանգստացնելու համար՝ մասնաճիւղէն խնդրեցի որ ինծի նշանակում մը տան Ճափոնի հարաւային կողմը, ուր ազգականներ ունէինք։

Այդ նշանակումին մէջ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններէս ոմանք մկրտուեցան։ Ասիկա ինծի համար օրհնութիւն եւ ուրախութիւն էր։ Մինչ այդ, անգլերէն սորվեցայ, որպէսզի ծառայութեան մէջ աւելին ընեմ։ Ժողովքիս մէջ կային մասնաւոր ռահվիրայ եղող երկու եղբայրներ։ Տեսայ թէ անոնք որքա՜ն նախանձախնդիր են եւ ուրիշներուն կ’օգնեն։ Այսպիսով նպատակակէտ դրի մասնաւոր ռահվիրայ ըլլալ։ Այս միջոցին, մայրս երկու անգամ առողջապահական լուրջ խնդիր ունեցաւ։ Երկու անգամն ալ, տուն վերադարձայ իրեն հոգ տանելու համար։ Մայրս շատ զարմացաւ եւ իր վերաբերմունքը քիչ մը մեղմացաւ։

ՎՐԱՅ–ՎՐԱՅԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Եօթը տարի ետք, նամակ մը ստացայ Ացուշիէն, որ մասնաւոր ռահվիրայ եղող այդ երկու եղբայրներէն մէկն էր։ Ան ըսաւ որ կը մտածէր ամուսնանալու մասին եւ կ’ուզէր գիտնալ թէ իմ պարագաս ի՛նչ է եւ ի՛նչ կը զգամ իրեն հանդէպ։ Ացուշիին հանդէպ բնա՛ւ ռոմանթիկ զգացումներ չէի ունեցած, եւ չէի կարծեր որ ինքը ունի ինծի հանդէպ։ Ամիս մը ետք պատասխանեցի, թէ կ’ուզեմ զինք աւելի ճանչնալ։ Ժամանակի ընթացքին նկատեցինք թէ մեր մէջ շատ մը բաներ նոյնանման էին։ Օրինակ՝ երկուքս ալ կ’ուզէինք լիաժամ ծառայութիւնը շարունակել եւ պատրաստ էինք որեւէ նշանակում ընդունելու։ Ի վերջոյ ամուսնացանք, եւ որքա՜ն ուրախ էի որ հայրս, մայրս եւ ուրիշ ազգականներ հարսանիքիս ներկայ եղան։

նեփալ

Շատ չանցած, մինչ կանոնաւոր ռահվիրաներ էինք, Ացուշին նշանակուեցաւ որպէս շրջանային տեսուչը փոխարինող։ Անկէ քիչ ետք, այլ օրհնութիւններ վայելեցինք. նշանակուեցանք մասնաւոր ռահվիրաներ, ապա՝ շրջանային գործին։ Երբ շրջանին բոլոր ժողովքներուն մէկ անգամ այցելեցինք, մասնաճիւղը հեռաձայնեց մեզի ու հարցուց. «Կ’ընդունի՞ք Նեփալի մէջ շրջանային գործի նշանակումը»։

Մէկէ աւելի երկիրներու մէջ ծառայելը ինծի շատ բան սորվեցուց Եհովայի մասին

Սկսայ մտածել թէ ծնողքս ի՛նչ պիտի ըսէր ա՛յդքան հեռու երթալուս մասին։ Ուստի անոնց հեռաձայնեցի եւ հարցուցի։ Հօրս պատասխանը եղաւ. «Ձեր գացած տեղը աղուոր է»։ Միայն շաբաթ մը առաջ, իր ընկերներէն մէկը իրեն գիրք մը տուած էր Նեփալին մասին, եւ հայրս նոյնիսկ կը մտածէր թէ կ’արժէ հոն այցելել։

Մինչ ուրախութեամբ կը ծառայէինք ընկերային նեփալցիներուն մէջ, ուրիշ օրհնութիւն մը վայելեցինք. մեր շրջանին աւելցաւ Պանկլատէշը։ Թէեւ ատիկա շատ մօտ էր Նեփալին, բայց շատ ալ տարբեր էր ատկէ։ Հոն ծառայութիւնը տեսակաւոր էր։ Հինգ տարի ետք, դարձեալ Ճափոն նշանակուեցանք, ուր այժմ կը վայելենք շրջանային գործը։

Ճափոնի, Նեփալի եւ Պանկլատէշի մէջ ծառայելը ինծի շատ բան սորվեցուցած է Եհովայի մասին։ Իւրաքանչիւր երկիր իր յատուկ ենթահողը եւ մշակոյթը ունի։ Եւ իւրաքանչիւր երկրի մէջ ամէն անձ յատուկ է։ Տեսած եմ թէ Եհովան ինչպէ՛ս անձնական հետաքրքրութիւն կը ցուցնէ մարդոց, զանոնք կ’ընդունի, կ’օգնէ եւ կ’օրհնէ։

Եհովան անձնապէս զիս օրհնած է՝ թոյլ տալով որ զինք ճանչնամ ու իր գործը կատարեմ, ինչպէս նաեւ ինծի լաւ ամուսին մը տուած է։ Աստուած ինծի օգնած է որ ճիշդ որոշումներ առնեմ, եւ այժմ իրեն հետ եւ ընտանիքիս հետ փոխյարաբերութիւնս լաւ է։ Փառք կու տամ Եհովային որ մօրս հետ դարձեալ բարեկամի պէս ենք։ Շա՜տ երախտապարտ եմ որ Աստուծոյ եւ մօրս հետ խաղաղութիւն ունեցայ։

Շրջանային գործին մէջ մեծ ուրախութիւն կը վայելենք