2 Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգէ
2 Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգէ
«Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ» (Յովհաննէս 17։3)։
Ի՞ՆՉ Է ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ։ Ոմանք կ’ըսեն թէ Աստուած գոյութիւն չունի։ Ուրիշներ կը խորհին թէ Աստուած անսահման եւ անդէմ ոյժ մըն է։ Անոնք որոնք կը հաւատան թէ ան իրական անձ մըն է, իր ինքնութեան եւ ցուցաբերած յատկութիւններուն մասին հակասական ուսմունքներ կը սորվեցնեն։
Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՍ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ։ Աստուծոյ մասին գիտութիւն ձեռք ձգելու կերպերէն մէկն է՝ իր շինած բաները դիտել։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Աշխարհի ստեղծումէն ի վեր՝ ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ’իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները, այսինքն՝ մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ անոր աստուածութիւնը» (Հռովմայեցիս 1։20, Անթիլիաս)։ Բնական աշխարհը ուշադրութեամբ զննելով, կրնաս մեր Ստեղծիչին իմաստութեան ու զօրութեան մասին շատ բան սորվիլ (Սաղմոս 104։24. Եսայի 40։26)։
Հռովմայեցիս 12։2, ԱԾ)։ Օրինակ, նկատի առ հետեւեալ իրողութիւնները, զորս Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին կը յայտնէ։
Սակայն Աստուծոյ անձնաւորութեան մասին ճշգրիտ գիտութիւն ստանալու համար, իւրաքանչիւր անհատ պէտք է Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը բանայ եւ զայն անձամբ քննէ։ Թոյլ մի՛ տար ուրիշներու որ մտածումդ կաղապարեն։ Փոխարէն, Աստուածաշունչի սա խրատին հետեւէ. «Մի՛ համակերպիք այս աշխարհին, հապա փոխակերպուեցէ՛ք ձեր միտքին նորոգութեամբ, որպէսզի քննէք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի, հաճելի եւ կատարեալ է» (Աստուած անձնական անուն մը ունի։ Աստուածաշունչի բնագրին մէջ Աստուծոյ անձնական անունը հազարաւոր անգամներ նշուած է։ Բազմաթիւ թարգմանութիւններ զայն կը պարփակեն Սաղմոս 83։18–ի մէջ, որ կ’ըսէ. «Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։
Եհովա Աստուած զգացումներ ունի, որոնք մարդոց արարքներէն կ’ազդուին։ Եհովա իսրայէլացիները եգիպտական ստրկութենէն ազատագրելէ ետք, անոնք երբեմն իր իմաստուն խրատները անտեսեցին։ Անոնց ըմբոստ ընթացքը զինք «վշտացուց»։ Անոնց արարքները «Իսրայէլի Սուրբը տրտմեցուցին» (Սաղմոս 78։40, 41, ԱԾ)։
Եհովա անհատապէս մեզի հոգ կը տանի։ Իր աշակերտներուն խօսելով, Յիսուս ըսաւ. «Չէ՞ որ երկու ճնճղուկ մէկ դանկի կը ծախուին եւ անոնցմէ մէկը գետինը չ’իյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին։ Բայց ձեր գլխուն բոլոր մազերն ալ համրուած են։ Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք» (Մատթէոս 10։29-31)։
Աստուած ցեղերուն կամ մշակոյթներուն միջեւ խտրութիւն չի դներ։ Պօղոս առաքեալ Աթէնքի մէջ յոյներուն ըսաւ, թէ Աստուած «բոլոր ազգերը մէկ արիւնէ ըրաւ, որպէս զի բոլոր երկրի երեսին վրայ բնակին»։ Ան նաեւ ըսաւ թէ Աստուած «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։26, 27)։ Իսկ Պետրոս առաքեալ նշեց. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35)։
Ի՞ՆՉ Է ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Ոմանք «Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ» (Հռովմայեցիս 10։2, Անթիլիաս)։ Գիտնալով թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ, պիտի խուսափիս մոլորուելէ եւ պիտի կարենաս ‘Աստուծոյ մօտենալ’ (Յակոբոս 4։8)։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին առաջին գլուխը՝ «Աստուծոյ մասին ի՞նչ է ճշմարտութիւնը»։ *
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 11 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
[Նկար՝ էջ 6]
Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալու կերպերէն մէկն է՝ իր շինած բաները դիտել