Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

4 Կասկածներդ վանէ

4 Կասկածներդ վանէ

4 Կասկածներդ վանէ

«Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար» (Մատթէոս 14։31

Ի՞ՆՉ Է ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ։ Նոյնիսկ Յիսուսի աշակերտները երբեմն կասկածներ ունեցան (Մատթէոս 14։30. Ղուկաս 24։36-39. Յովհաննէս 20։24, 25)։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը թերահաւատութիւնը կը նկարագրէ որպէս «մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը» (Եբրայեցիս 12։1)։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամէնքը հաւատք չունին» (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։2)։ Ասիկա չի նշանակեր թէ ոմանք այս յատկութիւնը ցուցաբերելու անկարող են։ Հապա, շատեր ջանք չեն թափեր որ զայն ձեռք ձգեն։ Աստուած պիտի օրհնէ անոնց ջանքերը, որոնք այս ուղղութեամբ կ’աշխատին։

Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՍ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ։ Մէջդ կասկած արթնցնող հարցերը բնորոշէ։ Օրինակ, Թովմաս աշակերտը Յիսուսի յարութեան հանդէպ կասկած յայտնեց, թէեւ միւս աշակերտները ըսին թէ Յիսուսը տեսան։ Թովմաս փաստ ուզեց։ Արդի՞ւնքը։ Յիսուս հարկ եղած ապացոյցը տուաւ, որպէսզի ան զօրաւոր հաւատք ունենայ (Յովհաննէս 20։24-29

Աստուածաշունչին միջոցաւ, Եհովա Աստուած հարկ եղած պատասխանները կու տայ, որպէսզի մեր կասկածները վանենք։ Օրինակ, շատեր Աստուծոյ հանդէպ իրենց հաւատքը կը կորսնցնեն, քանի որ կա՛մ ուղղակի եւ կամ անուղղակի զինք կը մեղադրեն մարդկութիւնը տառապեցնող պատերազմներուն, բռնութեան եւ թշուառութեան համար։ Աստուածաշունչը այս հարցին շուրջ ի՞նչ կ’ըսէ։

Աստուած մարդակերտ կառավարութիւններու միջոցաւ չ’իշխեր։ Յիսուս Սատանայ կոչուած անտեսանելի ոգիին ակնարկեց որպէս «այս աշխարհին իշխանը» (Յովհաննէս 14։30)։ Սատանան Յիսուսի առաջարկեց երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն վրայ հեղինակութիւն՝ պաշտամունքի մէկ արարքի փոխարէն, ըսելով. «Այս ամէն իշխանութիւնը ու անոնց փառքը քեզի պիտի տամ. վասն զի ինծի յանձնուած է եւ որու որ ուզեմ՝ կու տամ զանիկա»։ Յիսուս չհերքեց թէ Սատանան այս հեղինակութիւնը ունէր, այլ ըսաւ. «Գրուած է թէ՝ ‘Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես’» (Ղուկաս 4։5-8)։ Աշխարհի տառապանքին համար մեղադրելին՝ Սատանան ու մարդկային կառավարութիւններն են, եւ ո՛չ թէ Աստուած (Յայտնութիւն 12։9, 12

Շուտով, Եհովա Աստուած տառապանքին բոլոր պատճառները պիտի վերցնէ։ Ան արդէն իսկ կարգադրած է որ իր Որդիին՝ Քրիստոս Յիսուսի գլխաւորութեամբ, Թագաւորութիւն մը կամ կառավարութիւն մը մարդկութեան վրայ իշխէ (Մատթէոս 6։9, 10. Ա. Կորնթացիս 15։20-28)։ Աստուածաշունչի մարգարէութեան առ ի կատարում, այս Թագաւորութեան մասին բարի լուրը այժմ կը քարոզուի աշխարհի տարածքին (Մատթէոս 24։14)։ Մօտ ատենէն, այս Թագաւորութիւնը մէջտեղէն պիտի վերցնէ իրեն դէմ դնողները եւ պիտի չքացնէ մարդկային տառապանքին պատճառները (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 25։31-33, 46. Յայտնութիւն 21։3, 4

Ի՞ՆՉ Է ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Կասկածներու տեղի տուողները կը նմանին ալիքներու, որոնք «կը տարուբերին եւ զանազան վարդապետութեանց հովերէն կը քշուին խաբեբայ մարդոց կողմէ» (Եփեսացիս 4։14, Անթիլիաս. Բ. Պետրոս 2։1)։ Իսկ իրենց հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ գտնող անհատները կրնան ‘հաւատքի մէջ հաստատ կենալ’ (Ա. Կորնթացիս 16։13

Եհովայի վկաները կը փափաքին քեզի օգնել որ հաւատքիդ ասպարէզ կարդացող հարցումներուն պատասխաններ գտնես։ Անոնք քեզ կը հրաւիրեն, որ իրենց ընկերակցիս եւ իրենց ուսուցումները անձամբ քննես։ Ասիկա ընելով, Աստուծոյ հանդէպ հաւատքդ մեծապէս պիտի զօրացնես։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 8–րդ գլուխը՝ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ է», եւ 11–րդ գլուխը՝ «Աստուած ինչո՞ւ տառապանքը կը թոյլատրէ»։ *

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 10 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

[Նկար՝ էջ 9]

Իրենց հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ գտնող անհատները, իրենց հաւատքին համար հաստատ հիմ ունին