Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնա՞ս այս տագնապալից աշխարհին մէջ խաղաղութիւն գտնել

Կրնա՞ս այս տագնապալից աշխարհին մէջ խաղաղութիւն գտնել

Կրնա՞ս այս տագնապալից աշխարհին մէջ խաղաղութիւն գտնել

ԽԱՂԱՂ կեանք մը կ’ապրի՞ս։ Շատերու պատասխանը՝ ո՛չ է։ Անոնց ապրած շրջաններուն մէջ կը տիրեն պատերազմներ, քաղաքական վերիվայրումներ, էթնիքական բռնութիւն կամ ահաբեկչութիւն։ Նոյնիսկ եթէ այսպիսի աղէտներէ խնայուած ես, ոճիրը, նեղացումը եւ գործակիցներու կամ դրացիներու հետ գժտուիլը, կրնան խաղաղութիւնդ խանգարել։ Ընտանիքներն ալ յաճախ կը նմանին պատերազմական գօտիի, քան՝ խաղաղութեան ապաստանարանի։

Շատեր ներքին խաղաղութեան կը տենչան։ Անոնք զայն կը փնտռեն կրօնքի, խոկումի դասախօսաշարերու կամ եօկայի խումբերու մէջ։ Ոմանք կը յուսան բնութեան մէջ խաղաղութիւն գտնել,– զբօսապտոյտ ընելով, լեռնային ու անապատային շրջաններու մէջ քայլարշաւի երթալով, կամ ջերմուկներ այցելելով։ Բայց անոնք շուտով կ’անդրադառնան, թէ իրենց գտած ներքին խաղաղութիւնը մակերեսային ու կարճատեւ է։

Ուստի, ո՞ւր կրնաս իսկական խաղաղութիւն գտնել։ Խաղաղութեան աղբիւրը մեր Ստեղծիչն է՝ Եհովա Աստուած։ Ինչո՞ւ։ Ան «խաղաղութեան Աստուածն» է (Հռովմայեցիս 15։32)։ Իր մօտալուտ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, «շատ խաղաղութիւն» պիտի ըլլայ (Սաղմոս 72։7. Մատթէոս 6։9, 10)։ Ասիկա չի նմանիր խաղաղութեան դաշինքին, որ յաճախ ճամբան կը հարթէ միայն կարճատեւ զինադուլի։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը պիտի չքացնէ պատերազմի ու պայքարի բոլոր պատճառները։ Իրականութեան մէջ, ո՛չ ոք այլեւս պատերազմիլ պիտի սորվի (Սաղմոս 46։8, 9)։ Վերջապէս բոլոր մարդիկ իսկական խաղաղութիւն պիտի վայելեն։

Այս յոյսը գեղեցիկ ըլլալով հանդերձ, հաւանաբար կը տենչաս որոշ չափով խաղաղութիւն ունենալ այսօր։ Այս տագնապալից ժամանակներուն մէջ քեզի օգտակար եղող ներքին խաղաղութիւն գտնելու կերպ մը կա՞յ։ Բարեբախտաբար, Աստուածաշունչը մեզի ցոյց կու տայ կերպը։ Փիլիպպեցիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի նամակին 4–րդ գլուխին մէջ, նկատի առ կարգ մը ուղեգիծներ։ Հաճիս Աստուածաշունչդ բաց ու կարդա՛ 4–րդ համարէն մինչեւ 13–րդ համարը։

«Աստուծոյ խաղաղութիւնը»

7–րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ»։ Այս խաղաղութիւնը պարզապէս խոկալով կամ անձնաւորութիւնը բարեփոխելով չի գար։ Փոխարէն, անիկա Աստուծմէ կու գայ։ Այս խաղաղութիւնը ա՛յնքան զօրաւոր է, որ «ամէն մտքէ վեր է»։ Անիկա վստահաբար կը գերազանցէ մեր բոլոր մտահոգութիւնները, գիտութիւնն ու բանականութիւնը։ Թերեւս նկատենք թէ մեր խնդիրները լուծում մը չունին, բայց Աստուծոյ խաղաղութիւնը կրնայ մեզ հիմնաւոր յոյսով լեցնել, թէ օրին մէկը մեր բոլոր նեղութիւնները պիտի անհետանան։

Անկարելի՞ է։ Մարդոց համար այո՛, բայց «Աստուծոյ կողմէն ամէն բան կարելի է» (Մարկոս 10։27)։ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքն ու վստահութիւնը կ’օգնեն մեզի, որ մեր մտատանջութիւնները հակակշռի տակ առնենք։ Մտապատկերէ երեխայ մը, որ համավաճառատան մը մէջ կորսուած է։ Ան շատ լաւ գիտէ, որ իր ամէն ընելիքը այն է՝ թէ իր մայրը գտնէ, եւ ամէն բան դարձեալ լաւ պիտի ընթանայ։ Մայրը գտնող երեխային նման, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած մեզ իր բազուկներուն մէջ պիտի առնէ, այլաբանօրէն խօսելով։ Ան մեզ պիտի հանդարտեցնէ, եւ ի վերջոյ մեր բոլոր մտահոգութիւնները պիտի վերացնէ։

Եհովայի երկրպագուներէն շատեր ամենախիստ պայմաններու ներքեւ իր խաղաղութիւնը վայելած են։ Օրինակ, նկատի առ Նէտինը, որ իր չծնած մանկիկը կորսնցուցած է։ Ան կը պատմէ. «Զգացումներուս մասին խօսիլը դժուար կը գտնեմ, եւ միշտ կը փորձեմ ձեւացնել թէ կացութիւնը զիս չի նեղեր։ Բայց ներքնապէս սրտաբեկ էի։ Գրեթէ ամէն օր աղօթքով սիրտս Եհովայի կը բանայի եւ օգնութիւն կ’աղաչէի։ Աղօթքի զօրութիւնը շօշափած եմ, քանի որ ամէն անգամ որ չափազանց ընկճուէի եւ խորհէի, թէ ‘այլեւս չեմ կրնար տանիլ’, ներքին անդորրութիւն ու խաղաղութիւն կ’ունենայի եւ ապահով կը զգայի»։

Ապահովութիւն՝ սրտիդ ու մտքիդ

Վերադառնանք Փիլիպպեցիս 4։7–ին։ Համարը կ’ըսէ թէ Աստուծոյ խաղաղութիւնը մեր սրտերն ու մտքերը պիտի պահպանէ։ Ինչպէս որ պահակ մը իր դիրքին վրայ կը հսկէ, Աստուծոյ խաղաղութիւնը մեր սիրտը կը պահէ, որպէսզի նիւթապաշտական փիլիսոփայութիւններ, անհարկի մտահոգութիւններ եւ անբարեպաշտ արժանիքներ մուտք չգործեն։ Նկատի առ օրինակ մը։

Այս տագնապալից աշխարհին մէջ շատեր կը հաւատան, թէ երջանիկ եւ ապահով ըլլալու համար, նիւթական ստացուածքներ պէտք է ունենան։ Մասնագէտներու խրատին հետեւելով, անոնք իրենց խնայողութիւններուն մէկ մասը ելեւմտական շուկային մէջ կը ներդրեն։ Ասիկա ընելէ ետք, անոնք իսկական խաղաղութիւն կը զգա՞ն։ Պայման չէ։ Անոնք ամէն օր մտահոգութեամբ կը ստուգեն բաժնեթուղթերուն սակը, եւ հարց կու տան թէ ի՛նչ ընեն,– ծախեն, գնեն թէ պահեն։ Իսկ երբ արժեթուղթերու շուկան անկում կրէ, անոնք խուճապի կը մատնուին։ Աստուածաշունչը վստահաբար ներդրումներ ընելը չի դատապարտեր, բայց սա խորատես խօսքը կ’ըսէ. «Արծաթ սիրողը արծաթէն չի կշտանար, ո՛չ ալ հարստութիւն սիրողը՝ երկրի բերքէն։ Ասիկա ալ ունայնութիւն է։ Քաղցր է աշխատող մարդուն քունը՝ թէ՛ շատ եւ թէ՛ քիչ ուտէ, բայց հարուստին կուշտ ըլլալը չի թողուր որ անիկա հանգիստ քնանայ» (Ժողովող 5։10, 12

Փիլիպպեցիս 4։7–ն կ’եզրափակէ ըսելով, թէ Աստուծոյ խաղաղութիւնը մեր սրտերը ու մտքերը «Յիսուս Քրիստոսով» կը պահպանէ։ Ի՞նչ կապ կայ Քրիստոս Յիսուսի եւ Աստուծոյ խաղաղութեան միջեւ։ Յիսուս Աստուծոյ նպատակին կատարման մէջ բանալի դերը կը խաղայ։ Յիսուս իր կեանքը զոհեց, որպէսզի մեղքէն ու մահէն ազատագրուինք (Յովհաննէս 3։16)։ Ան նաեւ Աստուծոյ Թագաւորութեան թագադրուած Թագաւորն է։ Յիսուսի դերը գիտնալը կրնայ մեր մտքի ու սրտի խաղաղութեան մեծապէս նպաստել։ Ի՞նչպէս։

Եթէ անկեղծօրէն մեր մեղքերուն համար զղջանք եւ Յիսուսի զոհին հիման վրայ ներում խնդրենք, Աստուած պիտի ներէ, ինչ որ մեր մտքի ու սրտի խաղաղութեան կը նպաստէ (Գործք 3։19)։ Երբ անդրադառնանք թէ կեանքը կարելի չէ լիովին վայելել մինչեւ Քրիստոսի Թագաւորութեան գալը, կը խուսափինք խելայեղօրէն ապրելէ, որպէս թէ կեանքը միայն այս է (Ա. Տիմոթէոս 6։19)։ Անշուշտ, մենք բոլոր խնդիրներէ չենք խնայուած, բայց կրնանք մխիթարուիլ այն ստոյգ յոյսով, թէ լաւագոյն կեանքը մօտալուտ է։

Ի՛նչպէս կրնաս Աստուծոյ խաղաղութիւնը գտնել

Արդ, ի՞նչպէս կրնաս Աստուծոյ խաղաղութիւնը գտնել։ Փիլիպպեցիս 4։4, 5–ը կարգ մը կէտեր կը նշէ. «Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն. դարձեալ կ’ըսեմ, ուրա՛խ եղէք։ Ձեր քաղցրութիւնը [«խոհեմութիւնը», ՆԱ] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ. Տէրը մօտ է»։ Երբ Պօղոս այս խօսքերը գրեց, Հռոմի մէջ անիրաւօրէն բանտարկուած էր (Փիլիպպեցիս 1։13)։ Փոխանակ անարդար վերաբերումին համար ողբալու, ան իր հաւատակիցները քաջալերեց, որ ամէն ատեն ուրախանան Տէրոջմով։ Անոր ուրախութիւնը յստակօրէն կախեալ էր ո՛չ թէ իր պարագաներէն, այլ՝ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութենէն։ Մենք ալ պէտք է սորվինք Աստուծոյ ծառայելէն հաճոյք առնել, ի՛նչ որ ալ ըլլան մեր պարագաները։ Ո՛րքան աւելի Եհովան ճանչնանք եւ իր կամքը լիովին ընենք, ա՛յնքան աւելի հաճոյք պիտի առնենք իրեն ծառայելէն։ Ասիկա, իր կարգին, մեզի գոհունակութիւն ու ներքին խաղաղութիւն պիտի տայ։

Աւելին, մեզի քաջալերութիւն տրուած է, որ խոհեմ ըլլանք։ Եթէ խոհեմութիւն մշակենք, մեր անձէն շատ բան պիտի չակնկալենք։ Գիտենք թէ կատարեալ չենք. ամէն բանի մէջ լաւագոյնը չենք կրնար ըլլալ։ Ուստի, ինչո՞ւ մտահոգութեան մէջ ընկղմինք, մտածելով թէ ի՛նչպէս կրնանք կատարեալ կամ առնուազն ուրիշներէն լաւ ըլլալ։ Նաեւ, ուրիշներէն կատարելութիւն պիտի չակնկալենք։ Հետեւաբար, երբ ոմանք մեզ ընդվզեցնեն, կրնանք մեր հանդարտութիւնը պահել։ «Խոհեմութիւն» թարգմանուած յունարէն բառին ուրիշ մէկ թարգմանութիւնն է՝ «զիջողութիւն»։ Եթէ մեր անձնական նախընտրութիւններուն մէջ զիջող ըլլանք, կը խուսափինք վէճերէ, որոնք յաճախ օգտակար չեն, բայց կրնա՛ն որոշ ատեն մեր ներքին խաղաղութիւնը խանգարել եւ ուրիշներու հետ մեր խաղաղութիւնը խախտել։

Փիլիպպեցիս 4։5–ի յաջորդ արտայայտութիւնը՝ «Տէրը մօտ է», կրնայ անյարակից թուիլ։ Աստուած շուտով այս իրերու հին դրութիւնը պիտի փոխարինէ նոր դրութեամբ՝ իր Թագաւորութեան ներքեւ։ Բայց հիմա իսկ ան կրնայ մօտիկ ըլլալ անոնց, որոնք իրեն կը մօտենան (Գործք 17։27. Յակոբոս 4։8)։ Աստուծոյ մօտիկութեան գիտակցիլը մեզի կ’օգնէ, որ ուրախանանք, խոհեմ ըլլանք եւ առօրեայ կամ ապագայ խնդիրներու նկատմամբ չմտահոգուինք, ինչպէս 6–րդ համարը կը նշէ։

Երբ 6 եւ 7–րդ համարները կը քննենք, կը նկատենք թէ Աստուծոյ խաղաղութիւնը աղօթքին ուղղակի արդիւնքն է։ Ոմանք աղօթքը կը սեպեն խոկալու մէկ ձեւը, կարծելով որ ամէն տեսակ աղօթք կրնայ իրենց ներքին անդորրութիւնը աւելցնել։ Սակայն Աստուածաշունչը կ’ակնարկէ Եհովայի հետ իսկական հաղորդակցութեան, որ նո՛յնքան մտերիմ է, ո՛րքան երբ երեխայ մը իր ուրախութիւններն ու մտահոգութիւնները կը բաժնէ կաթոգին ծնողին հետ։ Ո՜րքան ամոքիչ է գիտնալ, թէ կրնա՛նք «ամէն բանի մէջ» Աստուծոյ դիմել։ Մեր մտքին ու սրտին մէջ եղած բոլոր բաները կրնանք մեր երկնաւոր Հօր վստահիլ։

8–րդ համարը մեզ կը քաջալերէ, որ դրական խորհուրդներու վրայ կեդրոնանանք։ Սակայն պարզապէս դրական բաներու մասին մտածելը բաւարար չէ։ Ինչպէս 9–րդ համարը կը բացատրէ, Աստուածաշունչին ողջամիտ խրատները ի գործ պէտք է դնենք։ Ասիկա ընելը մեզի մաքուր խղճմտանք պիտի տայ։ Ո՜րքան ճիշդ է սա առածը՝ «Բարի խղճմտանքը փափուկ բարձ մըն է»։

Արդարեւ, կրնա՛ս ներքին խաղաղութիւն գտնել։ Անիկա կու գայ Եհովա Աստուծմէ, որ զայն կու տայ անոնց, որոնք իրեն կը մօտենան ու կ’ուզեն իր առաջնորդութեան հետեւիլ։ Իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը քննելով, կրնաս իր խորհուրդներուն քաջածանօթ ըլլալ։ Իր ցուցմունքները կիրարկելը միշտ դիւրին չէ։ Բայց ջանք ընելը կ’արժէ, քանի որ ‘խաղաղութեան Աստուածը քեզի հետ պիտի ըլլայ’ (Փիլիպպեցիս 4։9

[Մէջբերում՝ էջ 12]

‘Աստուծոյ խաղաղութիւնը ձեր սրտերը պիտի պահպանէ’ (ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 4։7

[Մէջբերում՝ էջ 14]

Ո՜րքան ամոքիչ է գիտնալ, թէ կրնա՛նք «ամէն բանի մէջ» Աստուծոյ դիմել