Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

1 Ինչո՞ւ

1 Ինչո՞ւ

Աղօթք

1 Ինչո՞ւ

ԱՂՕԹՔ։ Քիչ են աստուածաշնչական այն նիւթերը, որոնք այսքան շատ հետաքրքրութիւն կ’արթնցնեն։ Նկատի առ աղօթքի մասին սովորաբար ուղղուած եօթը հարցում. ապա մեզի հետ քննէ Աստուածաշունչին հայթայթած պատասխանները։ Այս յօդուածները պատրաստուած են քեզի օգնելու որ աղօթես,– աղօթելու սկսիս կամ աղօթքներդ աւելի ազդու դարձնես։

ԱՇԽԱՐՀԻ տարածքին, բոլոր մշակոյթներու եւ կրօնքներու մէջ, մարդիկ կ’աղօթեն։ Անոնք առանձին կամ խմբովին կ’աղօթեն։ Անոնք եկեղեցիներու, տաճարներու, սինակոկներու, մզկիթներու եւ սրբավայրերու մէջ կ’աղօթեն։ Անոնք թերեւս գործածեն աղօթքի յատուկ կարպետներ, վարդարաններ, աղօթքի անիւներ, սրբանկարներ, աղօթագիրքեր կամ կախուած խաւաքարտերու վրայ գրուած աղօթքներ։

Աղօթքը մարդ արարածը կը զանազանէ երկրագունդին վրայ գտնուող միւս բոլոր արարածներէն։ Ճիշդ է որ մենք եւ անասունները հասարակաց շատ բաներ ունինք։ Անոնց նման, մենք ուտելիքի, օդի եւ ջուրի պէտք ունինք։ Անոնց նման, կը ծնինք, կ’ապրինք ու կը մեռնինք (Ժողովող 3։19)։ Բայց միայն մարդիկ կ’աղօթեն։ Ինչո՞ւ։

Թերեւս ամենապարզ պատասխանը այն է՝ թէ աղօթքի կարիքը ունինք։ Ի վերջոյ, աղօթքը ընդհանրապէս կը սեպուի կերպ մը, որով մարդիկ կը հաղորդակցին հոգեղէն ծիրին հետ,– բանի մը հետ՝ զոր սրբազան ու յաւերժական կը նկատեն։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ մենք ստեղծուած ենք՝ այսպիսի բաներու հանդէպ տենչ ունենալով (Ժողովող 3։11)։ Անգամ մը Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատթէոս 5։3, ՆԱ

«Հոգեւոր կարիք»,– ուրիշ ի՞նչ կերպով կարելի է բացատրել այս բոլոր կրօնական կառոյցներն ու ձեռագործ իրերը եւ աղօթքներու յատկացուած անհամար ժամերը։ Անշուշտ, ոմանք իրենց անձին կ’ապաւինին կամ ուրիշներու կը դիմեն, հոգեւոր կարիքները գոհացնելու համար։ Սակայն, չե՞ս խորհիր թէ մարդիկ բաւարար օգնութիւն տալու մէջ սահմանափակ են։ Մենք շա՜տ տկար ու կարճատես ենք, իսկ մեր կեանքն ալ կարճատեւ է։ Միայն մեզմէ շա՜տ աւելի իմաստուն, աւելի զօրաւոր եւ աւելի մնայուն անձ մը կրնայ մեզի հարկ եղածը տալ։ Իսկ ճիշդ ի՞նչ են այդ հոգեւոր կարիքները, որոնք մեզ կը մղեն աղօթելու։

Նկատի առ հետեւեալը. երբեք տենչացա՞ծ ես առաջնորդութեան, իմաստութեան կամ պատասխաններու, որոնք մարդկային գիտութենէն վեր են։ Երբեք կարիքը զգացա՞ծ ես մխիթարութեան՝ երբ ահռելի կորուստէ մը տառապած ես, առաջնորդութեան՝ երբ նեղացուցիչ որոշում մը դիմագրաւած ես, կամ ներումի՝ երբ յանցապարտութեամբ ջախջախուած ես։

Աստուածաշունչին համաձայն, այդ բոլորը աղօթելու վաւերական պատճառներ են։ Աստուածաշունչը այս նիւթին շուրջ ամենավստահելի գիրքն է եւ կը բովանդակէ բազմաթիւ հաւատարիմ տղամարդոց ու կիներու աղօթքները։ Անոնք աղօթքով խնդրեցին մխիթարութիւն, առաջնորդութիւն, ներում եւ ամենաբարդ հարցումներու պատասխաններ (Սաղմոս 23։3. 71։21. Դանիէլ 9։4, 5, 19. Ամբակում 1։3

Այդ աղօթքները, այլազան ըլլալով հանդերձ, հասարակաց բան մը ունէին։ Իւրաքանչիւր աղօթող ունէր յաջող աղօթքի կենսական բանալի մը, որ ներկայ աշխարհին մէջ յաճախ կորսուած կամ անտեսուած է։ Անոնք գիտէին թէ աղօթքները որո՛ւ պէտք էր ուղղուէին։