Յիսուս ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէր
Յիսուս ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէր
Բազմաթիւ աստուածավախ մարդիկ կը խորհին, թէ կրօնքը պէտք է քաղաքականութեան միջամուխ ըլլայ։ Անոնք կը հաւատան թէ կրօնքը կրնայ կենսական դեր խաղալ մարդկութեան խնդիրները լուծելու մէջ։ Սակայն, ուրիշ անկեղծ հաւատացեալներ կը խորհին, թէ կրօնքը եւ քաղաքականութիւնը իրարմէ անջատ պէտք է ըլլան։ Քաղաքականութեան մէջ կրօնքի դերին շուրջ անձամբ ի՞նչ կը խորհիս։ Այս երկու զօրաւոր ուժերը պէ՞տք է ձեռք–ձեռքի գործեն։
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍ նկարագրուած է որպէս «մարդկութեան կրօնական պատմութեան ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւնը»։ Ուստի, երեւակայէ որ կրնայինք իրեն հարցնել՝ Կրօնքը պէ՞տք է քաղաքականութեան միջամուխ ըլլայ։ Ան ի՞նչ պիտի ըսէր։ Մինչ երկրի վրայ էր, Յիսուս այդ հարցումին պատասխանեց իր խօսքերով եւ գործերով։ Զոր օրինակ, իր հանրածանօթ Լերան քարոզին մէջ, ան ուղեգծեր տուաւ, որոնք իր հետեւորդներուն կ’օգնեն որ զատորոշեն այն դերը՝ որ պէտք է խաղան իրենց համայնքներուն մէջ։ Այդ հռչակաւոր քարոզին կարգ մը կէտերը նկատի առնենք։
Ուրիշներուն կեանքին ազդել
Յիսուս նկարագրեց ա՛յն կեցուածքը, որ իր հետեւորդները պէտք է ունենան աշխարհին հանդէպ։ Ան նշեց. «Դուք էք երկրի աղը։ Եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինք ինչո՞վ պիտի աղուի։ Անկէ յետոյ բանի մը չի գար, միայն թէ դուրս ձգուելու եւ մարդոց ոտքով կոխկռտուելու։ Դուք էք աշխարհի լոյսը. . . թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է» (Մատթէոս 5։13-16)։ Յիսուս ինչո՞ւ իր հետեւորդները համեմատեց աղի եւ լոյսի հետ։
Յիսուսի խօսքերը ցոյց կու տան, թէ իր հետեւորդները աղի նման են, ոչ թէ պզտիկ խումբի համար, այլ՝ ամբողջ մարդկութեան համար։ Անոնք լոյսի նման են, ոչ թէ սահմանափակ թիւով մարդոց համար, այլ՝ բոլոր անոնց համար, որոնք կ’ուզեն յստակ կերպով տեսնել։ Այս օրինակները գործածելով, Յիսուս յստակ դարձուց թէ չէր ուզեր որ իր հետեւորդները մարդոցմէ մեկուսանան։ Ինչո՞ւ։
Հետեւեալը նկատի առ. աղը չի կրնար ուտելիքը պահպանել եթէ չխառնուի ատոր բաղկացուցիչներուն հետ։ Լամբը չի կրնար սենեակի մը մթութիւնը վանել, եթէ այդ սենեակէն հեռու տեղ դրուի։ Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ Յիսուս բնա՛ւ չպատուիրեց իր աշակերտներուն որ երկրագունդին մէկ անկիւնը մեկուսի ապրելով՝ հաւատացեալներու համայնքներ հաստատեն։ Ոչ ալ իր հետեւորդները քաջալերեց, որ կրօնական հաստատութիւններու պատերէն ներս մեկուսացած կեանք մը վարեն։ Փոխարէն, ինչպէս որ աղը պէտք է ուտելիքին դպչի եւ լոյսը պէտք է մթութիւնը վանէ, նոյնպէս քրիստոնեաները պէտք է ուրիշներուն կեանքին վրայ ազդեցութիւն ունենան։
‘Աշխարհէն չըլլալ’
Սակայն, Յիսուսի տուած ցուցմունքները, թէ իր հետեւորդները պէտք է մարդոց հետ գործառնութիւն ունենան, կարեւոր հարցում մը կը յարուցանեն քաղաքականութեան նկատմամբ քրիստոնեային կեցուածքին շուրջ։ Ինչո՞ւ։ Իր մահէն քիչ առաջ, Յիսուս իր հետեւորդներուն ի նպաստ Աստուծոյ աղօթեց. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, հապա որ զանոնք չարէն պահես։ Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ» (Յովհաննէս 17։15, 16)։ Ուստի, ինչպէ՞ս կարելի է որ քրիստոնեաները աշխարհէն չըլլան, բայց միեւնոյն ժամանակ իրենց տեղական համայնքին մէջ գործունեայ ըլլան։ Պատասխանը գիտնալու համար, նկատի առնենք երեք յաւելեալ հարցումներ.
• Յիսուս քաղաքականութիւնը ինչպէ՞ս նկատեց։
• Ներկայիս քրիստոնեաները ի՞նչ պէտք է ընեն։
• Քրիստոնէական ուսուցումները ինչպէ՞ս կ’ազդեն համայնքներուն։