Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած հրաշքներուն կրնա՞ս հաւատալ

Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած հրաշքներուն կրնա՞ս հաւատալ

Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած հրաշքներուն կրնա՞ս հաւատալ

ԵԹԷ մէկը քեզի հետաքրքրաշարժ պատմութիւն մը պատմէր, արդեօք պատմողին վարկը պիտի ազդէ՞ր պատմութիւնը հաւատալուդ։ Այսպիսի վարկ պիտի պարփակէր ոչ միայն անհատին պատմելու կերպը, այլ նաեւ ճշմարտախօս ըլլալու անձնական արձանագրութիւնը։ Ի վերջոյ, եթէ տարիներու ընթացքին ան քեզի միշտ ճշմարտութիւնը ըսած է եւ բնաւ դիտումնաւոր կերպով չէ ստած, լաւ պատճառ պիտի ունենաս հաւատալու այն ինչ որ այժմ կը պատմէ։

Նոյնն է պարագան Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած հրաշքներուն։ Մեզմէ ոչ ոք ողջ էր, երբ այդ դէպքերը պատահեցան։ Սակայն, կրնանք որոշել թէ Աստուածաշունչի պատմութիւնը վաւերական ու ճշմարիտ է կամ ոչ։ Ինչպէ՞ս։ Նկատի առ կարգ մը ազդակներ, որոնք աստուածաշնչական հրաշքներու արձանագրութեան վստահելի ըլլալը կ’ապացուցանեն.

Բազմաթիւ հրաշքներ հրապարակաւ կատարուեցան։ Ատեններ, ատոնց ականատես եղան հազարաւորներ կամ միլիոնաւորներ (Ելից 14։21-31. 19։16-19)։ Անոնք գաղտնօրէն,– մարդոց աչքերէն հեռու,– չկատարուեցան։

Հրաշքները պարզութեամբ յատկանշուեցան։ Մասնաւոր բեմասարքեր, աչքի զարնող ցուցադրութիւններ կամ լոյսի խաղեր չկային։ Մեծաւ մասամբ, Աստուածաշունչի մէջ արձանագրուած հրաշքները չծրագրուած հանդիպումներու եւ անհատներու խնդրանքին արդիւնքն էին (Մարկոս 5։25-29. Ղուկաս 7։1-16)։ Այսպիսի պարագաներու ներքեւ, դէպքերը չէին կրնար կարգադրուիլ հրաշագործին կողմէ։

Հրաշքներ կատարողներուն շարժառիթը՝ իրենց անձին համար համբաւ, փառք եւ հարստութիւն շահիլ չէր։ Փոխարէն, անոնց շարժառիթը Աստուծոյ փառք բերել էր (Յովհաննէս 11։1-4, 15, 40)։ Հրաշք գործելու կարողութիւնը շահագործելով հարստանալ ջանալը դատապարտուած էր (Դ. Թագաւորաց 5։15, 16, 20, 25-27. Գործք 8։18-23

Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած հրաշքներուն այլազանութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անոնք պարզապէս մարդու գործեր չէին կրնար ըլլալ։ Զոր օրինակ, հրաշքով ծովն ու հովը հանդարտեցան, ջուրը գինիի վերածուեցաւ, անձրեւը կեցաւ ապա վերսկսաւ, հիւանդներ բժշկուեցան եւ կոյրեր սկսան տեսնել։ Այդ բոլոր հրաշքները եւ ուրիշ շատեր ցոյց կու տան, թէ գերմարդկային ոյժ մը, որ կրնայ ազդեցութիւն բանեցնել ամէն տեսակ նիւթի վրայ, անոնց ետին գտնուելու էր (Գ. Թագաւորաց 17։1-7. 18։41-45. Մատթէոս 8։24-27. Ղուկաս 17։11-19. Յովհաննէս 2։1-11. 9։1-7

Հրաշքներուն ականատես եղող հակառակորդներ ատոնց տեղի ունենալը հարցականի տակ չդրին։ Երբ Յիսուս իր բարեկամը՝ Ղազարոսը՝ յարուցանեց, կրօնական թշնամիները հարցականի տակ չդրին անոր մեռած ըլլալը, քանի որ արդէն չորս օրէ ի վեր թաղուած էր (Յովհաննէս 11։45-48. 12։9-11)։ Յիսուսի մահէն նոյնիսկ դարեր ետք, հրէական Թալմուտը գրողները շարունակեցին ընդունիլ թէ Յիսուս հրաշք գործելու կարողութիւն ունէր։ Անոնք պարզապէս այդ ուժին աղբիւրը հարցականի տակ դրին։ Նոյնպէս, երբ Յիսուսի աշակերտները հրէական մէկ դատարանը կանչուեցան, իրենց չհարցուեցաւ՝ «Հրաշք մը կատարեցի՞ք», այլ՝ «Ի՞նչ զօրութիւնով կամ ի՞նչ անունով ըրիք դուք այս բանը» (Գործք 4։1-13

Ուստի, կրնա՞ս հրաշքներու մասին Աստուածաշունչի ըսածին հաւատալ։ Մեր նկատի առած կէտերէն յստակ է որ հրաշքի առնչուող Աստուածաշունչի արձանագրութիւնները վստահելի են։ Ատոնց վստահելու այլ պատճառներ եւս կան։ Զոր օրինակ, երբ Աստուածաշունչը դէպք մը պատմէ, յաճախ մեզի կ’ըսէ ժամանակը, վայրը եւ պարփակուած անհատներուն անունները։ Նոյնիսկ Աստուածաշունչը քննադատողներ հիացած են Աստուածաշունչին մէջ գտնուած պատմական մանրամասնութիւններու ճշգրտութեան վրայ։ Աստուածաշունչի հարիւրաւոր մարգարէութիւններ կատարուած են,– մինչեւ իսկ անոնց ամենափոքր մանրամասնութիւնները։ Ասկէ զատ, մարդկային փոխյարաբերութիւնները ինչպէ՛ս ուրախ դարձնելու մասին, Աստուածաշունչը կը բովանդակէ բազմաթիւ խրատներ,– խրատներ, որոնք ամէն տարիքի եւ ամէն ենթահողի պատկանող մարդոց օգնած են։ Երբ հարցը առնչուած է մարդկային փոխյարաբերութիւններուն, Աստուածաշունչի խրատը անհամեմատելի է։

Եթէ տակաւին Աստուածաշունչի հանդէպ լման վստահութիւն չունիս, ինչո՞ւ ժամանակ չտրամադրես զայն աւելի ուշադրութեամբ քննելու։ Որքան աւելի զայն ճանչնաս, այնքան աւելի ատոր պիտի վստահիս (Յովհաննէս 17։17)։ Պիտի գիտակցիս, թէ անցեալին պատահած հրաշքներուն մասին ատոր ըսածին կրնա՛ս վստահիլ։ Անգամ մը որ այդ արձանագրութիւններուն հաւատաս, լաւ հիմ պիտի ունենաս հաւատալու այն բաներուն, որոնք ըստ Աստուածաշունչին՝ մօտ ապագային պիտի պատահին։

[Նկար՝ էջ 5]

Յիսուսի հակառակորդները Ղազարոսի մեռած ըլլալը հարցականի տակ չդրին