Խաղաղութիւն՝ հազար տարի ե՛ւ անկէ ետք
Խաղաղութիւն՝ հազար տարի ե՛ւ անկէ ետք
«Որպէս զի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ» (Ա. ԿՈՐ. 15։28)։
ԿՐՆԱ՞Ս ԲԱՑԱՏՐԵԼ
Այս համարներուն կատարումը քեզի համար ի՞նչ պիտի նշանակէ.
1. «Մեծ բազմութիւն»ը ի՞նչ հետաքրքրաշարժ հեռանկար ունի։
ԵՐԵՒԱԿԱՅԷ՛ թէ արդար եւ կարեկից ղեկավար ունեցող զօրեղ կառավարութիւն մը հազար տարուան մէջ ի՜նչ լաւ բաներ կրնայ ընել իր հպատակներուն։ Հոյակապ դէպքեր կը սպասեն անթիւ ‘մեծ բազմութեան’, որ ներկայ չար աշխարհի վրայ ամբողջական կործանում բերող ‘մեծ նեղութենէն’ պիտի վերապրի (Յայտ. 7։9, 14)։
2. Անցեալ 6000 տարուան ընթացքին մարդկութիւնը ի՞նչ վիճակի մէջ գտնուած է։
2 Մարդկային պատմութեան 6000 տարուան ընթացքին, ինքնորոշումն ու ինքնիշխանութիւնը մարդկութեան շատ ցաւ եւ տառապանք պատճառած են։ Աստուածաշունչը շատոնց նշեց, թէ «մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժող. 8։9)։ Ներկայիս ի՞նչ կը տեսնենք։ Պատերազմներու եւ յեղափոխութիւններու կողքին, աղքատութիւն, հիւանդութիւն, միջավայրի կործանում, կլիմայի փոփոխութիւն եւ այլ խնդիրներ կան։ Պետական պաշտօնեաներ զգուշացուցած են, թէ աղէտալի հետեւանքներու առջեւ պիտի գտնուինք, եթէ հսկայ փոփոխութիւններ չընենք եւ երկրագունդին վնաս հասցնելէ չդադրինք։
3. Հազարամեայ իշխանութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ։
3 Մեսիական Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսին ե՛ւ 144,000–ին իշխանութեան ներքեւ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը աստիճանական քայլեր պիտի առնէ, որպէսզի թէ՛ մարդոց եւ թէ երկրագունդին կրած բոլոր վնասները ջնջէ։ Հազարամեայ իշխանութիւնը Եհովա Աստուծոյ սա սրտապնդիչ խոստումը պիտի իրագործէ. «Ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Եսա. 65։17)։ Ի՞նչ հոյակապ դէպքեր մեզի կը սպասեն։ Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին օգնութեամբ, եկէ՛ք գաղափար մը կազմենք այդ սքանչելի ‘չերեւցած’ բաներուն մասին (Բ. Կոր. 4։18)։
‘ՏՈՒՆԵՐ ՊԻՏԻ ՇԻՆԵՆ ՈՒ ԱՅԳԻՆԵՐ ՊԻՏԻ ՏՆԿԵՆ’
4. Յարմար բնակարան ձեռք ձգելը ինչո՞ւ լուրջ խնդիր մըն է։
4 Բոլորս կ’ուզենք մեր անձնական տունը ունենալ, ուր մենք ու մեր ընտանիքի անդամները կրնանք ապահով զգալ։ Բայց այժմու աշխարհին մէջ, յարմար բնակարան ձեռք ձգելը լուրջ խնդիր մըն է։ Մարդիկ խճողուած քաղաքներու մէջ թխմուած են։ Շատեր կը ստիպուին խեղճուկրակ թաղամասերու մէջ կամ աղտոտ ու հապճեպով շինուած տուներու մէջ բնակիլ։ Անձնական տուն ունենալը իրենց համար լոկ երազ մըն է։
5, 6. ա) Եսայի 65։21–ն ու Միքիա 4։4–ը ինչպէ՞ս պիտի կատարուին։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք այդ օրհնութիւնը ձեռք ձգել։
5 Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, անձնական տուն ունենալու բոլոր մարդոց փափաքը պիտի իրականանայ, քանի որ Եսայիի միջոցաւ մարգարէացուած է, թէ մարդիկ «տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն» (Եսա. 65։21)։ Բայց անձնական տուն ունենալը միակ հեռանկարը չէ։ Վերջ ի վերջոյ, ներկայիս ոմանք իրենց անձնական տան մէջ կ’ապրին, իսկ ուրիշներ նոյնիսկ մե՜ծ տուներ ունին։ Բայց միշտ վախ կայ որ տունը նիւթական ձախորդութիւններու պատճառաւ կորսուի, կամ գողեր ներս մտնեն։ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ պարագաները որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլան։ Միքիա մարգարէն գրեց. «Ամէն մարդ իր որթատունկին տակ ու իր թզենիին տակ պիտի նստի, վախցնող պիտի չըլլայ» (Միք. 4։4)։
6 Այս հոյակապ հեռանկարը ի մտի ունենալով, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Անշուշտ բոլորս յարմար բնակարանի կարիքը ունինք։ Բայց եւ այնպէս, փոխանակ ջանալու մեր երազած տունը հիմա ձեռք ձգել՝ թերեւս ծանր պարտքերու տակ մնալով, իմաստութիւն չէ՞ Եհովայի խոստումին վրայ կեդրոնանալ։ Յիշէ թէ Յիսուս ինքնիր մասին ի՛նչ ըսաւ. «Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները՝ բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ» (Ղուկ. 9։58)։ Ան կարողութիւն ե՛ւ զօրութիւն ունէր ցարդ լաւագոյն տունը շինելու կամ ձեռք ձգելու։ Ինչո՞ւ այդպէս չըրաւ։ Յստակ է որ Յիսուս միջամուխ չեղաւ որեւէ բանի, որ զինք ետ պիտի պահէր Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնելէ։ Արդեօք կրնա՞նք իր օրինակին հետեւիլ եւ մեր աչքը պարզ պահել ու այսպէս անհարկի մտահոգութիւններէ զերծ ըլլալ (Մատ. 6։33, 34)։
«ԳԱՅԼՆ ՈՒ ԳԱՌԸ ՄԷԿՏԵՂ ՊԻՏԻ ԱՐԱԾԻՆ»
7. Սկիզբը Եհովան մարդոց եւ անասուններու փոխյարաբերութեան առնչութեամբ ի՞նչ յանձնարարութիւն տուաւ։
7 Երկրի վրայ, մարդ արարածը Եհովայի վերջին ստեղծագործութիւնը եղաւ։ Իր Ճարտարապետին՝ անդրանիկ Որդիին, Աստուած իր մասնայատուկ նպատակը նշեց՝ ըսելով. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ» (Ծն. 1։26)։ Այսպէս, Ադամին ու Եւային եւ ի վերջոյ բոլոր մարդոց յանձնարարութիւն տրուեցաւ որ անասուններուն վրայ տիրապետեն։
8. Ներկայիս կենդանիները ինչպէ՞ս կը վարուին։
8 Արդեօք կարելի՞ է որ մարդիկ բոլոր անասուններուն վրայ տիրապետեն, եւ միեւնոյն ժամանակ անոնց հետ խաղաղութեան մէջ ըլլան։ Շատեր իրենց ընտանի կենդանիներուն, ինչպէս՝ շնիկներուն եւ կատուներուն, շատ մօտիկ կը զգան։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել վայրի անասուններու մասին։ Տեղեկագրութիւն մը կը նշէ. «Գիտնականներ, որոնք գազաններու մօտ ապրած են եւ զանոնք ուսումնասիրած են, նկատած են որ բոլոր կաթնասուն կենդանիները յուզում ունին»։ Անշուշտ կը տեսնենք թէ անասուններ ինչպէ՛ս կը վախնան կամ կը կատղին, երբ վտանգի տակ գտնուին. բայց արդեօք անոնք կարո՞ղ
են ջերմ զգացումներ ցուցաբերել։ Տեղեկագրութիւնը կը շարունակէ՝ ըսելով. «Իրենց ձագերը մեծցնելուն մէջ է որ անոնք ցոյց կու տան թէ խանդաղատանք արտայայտելու մե՜ծ կարողութիւն ունին»։9. Անասուններուն առնչութեամբ ի՞նչ փոփոխութիւններ կ’ակնկալենք։
9 Ուստի, պէտք չէ զարմանանք երբ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք, թէ մարդոց եւ անասուններու միջեւ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ (կարդա՛ Եսայի 11։6-9. 65։25)։ Ինչո՞ւ։ Յիշէ թէ երբ Նոյն ու իր ընտանիքը Ջրհեղեղէն ետք տապանէն դուրս ելան, Եհովան անոնց ըսաւ. «Ձեր վախը ու երկիւղը երկրի բոլոր գազաններուն վրայ. . . թող ըլլայ»։ Այսօր բազմաթիւ անասուններ մարդոց երեսէն կը փախչին՝ իրենք զիրենք պաշտպանելու համար (Ծն. 9։2, 3)։ Բայց Եհովան կրնա՛յ այդ վախը մասամբ փարատել, որպէսզի մարդոց եւ անասուններու փոխյարաբերութիւնը ճիշդ իր սկզբնական յանձնարարութեան պէս ըլլայ (Ով. 2։18)։ Ի՜նչ հաճոյալի ժամանակ կը սպասէ անոնց՝ որոնք այդ ատեն երկրի վրայ պիտի ապրին։
«ԻՆՔ ԱՆՈՆՑ ԱՉՔԵՐԷՆ ԲՈԼՈՐ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍՐԲԷ»
10. Մարդիկ ինչո՞ւ կու լան։
10 Երբ Սողոմոն «արեւուն տակ եղած բոլոր զրկանքները» տեսաւ, ան ողբաց. «Զրկուածներուն աչքը արցունք կար, բայց անոնք մխիթարող չունէին» (Ժող. 4։1)։ Ներկայիս պարագաները նոյնն են, չնշելու համար թէ ա՛լ աւելի վատ են։ Մեզմէ ո՞վ որոշ պատճառի մը համար չէ լացած։ Ճիշդ է որ ատեններ ուրախութեան արցունքներ կը թափենք. բայց ընդհանրապէս կու լանք, քանի որ մեր սիրտը վիշտով լեցուած կ’ըլլայ։
11. Աստուածաշնչական ո՞ր արձանագրութիւնը մասնաւորաբար սրտիդ կը դպչի։
11 Յիշենք կարգ մը յուզիչ ու զգացական դէպքեր, որոնք Աստուածաշունչէն կը կարդանք։ Երբ Սառա 127 տարեկանին մահացաւ, «Աբրահամ Սառային համար սուգ ընելու ու ողբալու եկաւ» (Ծն. 23։1, 2)։ Երբ Նոեմի իր երկու այրի հարսերուն հրաժեշտ կու տար, «անոնք ձայներնին վերցնելով լացին»։ Ապա, երբ Նոեմի փորձեց զանոնք մխիթարել, անոնք «նորէն ձայներնին վերցնելով լացին» (Հռութ 1։9, 14)։ Երբ Եզեկիա թագաւոր հիւանդութենէ մը կը տառապէր եւ պիտի մեռնէր, ան Աստուծոյ աղօթեց ու «դառնօրէն լացաւ», ինչ որ բացայայտօրէն Եհովայի սրտին դպաւ (Դ. Թագ. 20։1-5)։ Ասկէ զատ, բոլո՛րս ալ կ’ազդուինք այն արձանագրութենէն, ուր Պետրոս առաքեալ Յիսուսը կ’ուրանայ։ Աքաղաղին կանչը լսելէ ետք, Պետրոս «դուրս ելլելով դառնապէս լացաւ» (Մատ. 26։75)։
12. Թագաւորութեան իշխանութիւնը ինչպէ՞ս մարդկութեան իսկական հանգստութիւն պիտի բերէ։
12 Մեր դիմագրաւած բազմաթիւ ողբերգական դէպքերուն պատճառաւ, մարդկութիւնը մխիթարութեան եւ հանգստութեան չափազանց կարիք ունի։ Եւ ճիշդ ասիկա՛ է որ Հազարամեայ իշխանութիւնը պիտի հայթայթէ. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտ. 21։4)։ Ի՜նչ հիանալի բան է որ այլեւս սուգ, աղաղակ ու ցաւ պիտի չըլլայ. եւ ա՛լ աւելի սքանչելի է մարդկութեան ամենավերջին թշնամին՝ մահը՝ վերցնելու Աստուծոյ խոստումը։ Ասիկա ինչպէ՞ս պիտի պատահի։
«ԲՈԼՈՐ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԵՂՈՂՆԵՐԸ. . . ԴՈՒՐՍ ՊԻՏԻ ԳԱՆ»
13. Ադամի մեղանչումէն ի վեր, մահը մարդոց ինչպէ՞ս ազդած է։
13 Ադամի մեղանչումէն ի վեր, մահը մարդկութեան վրայ կը թագաւորէ։ Անիկա անպարտելի թշնամի, մեղաւոր մարդոց անխուսափելի վախճան եւ անսահման վիշտի ու կսկիծի աղբիւր եղած է (Հռով. 5։12, 14)։ Իրականութեան մէջ, միլիոնաւորնե՜ր «մահուան վախով, ենթակայ [են] ստրկութեան՝ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին» (Եբ. 2։15, ԱԾ)։
14. Ի՞նչ պիտի պատահի երբ մահը խափանուի։
14 Աստուածաշունչը կը մատնանշէ այն Ա. Կոր. 15։26)։ Երկու խումբեր ատկէ պիտի օգտուին։ «Մեծ բազմութիւն»ը որ այժմ կ’ապրի, կարելիութիւն պիտի ունենայ խոստացեալ նոր աշխարհը մտնել՝ յաւիտենական կեանքը որպէս հեռանկար ունենալով։ Իսկ մահացած միլիառաւորներ, կարելիութիւն պիտի ունենան յարութիւն առնել։ Երեւակայէ ի՜նչ ուրախ ու խանդավառ պիտի ըլլան բոլորը, երբ «մեծ բազմութիւն»ը դիմաւորէ յարուցեալները։ Աստուածաշունչի կարգ մը յարութեան արձանագրութիւնները քննելով, կրնանք ըմբռնել այդ բերկրալի առիթը (կարդա՛ Մարկոս 5։38-42. Ղուկաս 7։11-17)։
ժամանակը, երբ ‘մահը որպէս վերջին թշնամի պիտի խափանուի’ (15. Հաւանաբար ինչպէ՞ս պիտի հակազդես, երբ սիրելի ննջեցեալի մը յարութեան ականատես ըլլաս։
15 Պահ մը խորհէ՛ «տեսնողները շատ ապշեցան» եւ «Աստուած կը փառաւորէին» արտայայտութիւններուն մասին։ Եթէ այդ երկու առիթներուն ներկայ ըլլայիր, թերեւս համանման կերպով զգացած պիտի ըլլայիր։ Իրապէս, մեր սիրելի ննջեցեալներուն յարութեան ականատես ըլլալը մեզ խորապէս պիտի ուրախացնէ։ Յիսուս ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհ. 5։28, 29)։ Մեզմէ ո՛չ ոք այսպիսի բանի մը ականատես եղած է. ատիկա վստահաբար «չերեւցած» ամէնէն հոյակապ բաներէն մէկը պիտի ըլլայ։
ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ «ԱՄԷՆԸ ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ՄԷՋ»
16. ա) Անտեսանելի օրհնութիւններուն մասին ինչո՞ւ խանդավառօրէն պէտք է խօսինք։ բ) Կորնթացի քրիստոնեաները քաջալերելու համար Պօղոս ի՞նչ ըսաւ։
16 Այս դժուար ժամանակներուն մէջ Եհովայի հաւատարիմ եղողներուն փառաւոր ապագայ մը կը սպասէ։ Թէեւ հոյակապ օրհնութիւնները տակաւին անտեսանելի են, մեր մտքին մէջ զանոնք վառ պահելը մեզի պիտի օգնէ որ կարեւո՛ր բաներուն վրայ կեդրոնանանք եւ ներկայ աշխարհի վաղանցիկ հրապոյրներով չշեղինք (Ղուկ. 21։34. Ա. Տիմ. 6։17-19)։ Ընտանեկան պաշտամունքի ընթացքին, հաւատակիցներու հետ խօսակցելու ատեն եւ երբ մեր աշակերտներուն ու հետաքրքրուած անհատներու հետ քննարկութիւններ կ’ընենք, խանդավառօրէն խօսինք մեր հոյակապ յոյսին եւ հեռանկարներուն մասին։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ անոնք մեր մտքին ու սրտին մէջ վառ մնան։ Պօղոս առաքեալ ճիշդ այդպէս ըրաւ երբ հաւատակիցները կը քաջալերէր։ Անոր խօսքերը օգնեցին, որ անոնք մտածեն այն բաներուն մասին, որոնք Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան պիտի պատահէին։ Փորձէ երեւակայել լման նշանակութիւնը Պօղոսի խօսքերուն, որոնք արձանագրուած են Ա. Կորնթացիս 15։24, 25, 28–ին մէջ (կարդա՛)։
17, 18. ա) Մարդկութեան պատմութեան սկիզբը Եհովան ինչպէ՞ս ‘ամէն բան էր ամէնուն համար’։ բ) Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէ միութիւն եւ ներդաշնակութիւն վերահաստատելու համար։
17 «Որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէնը ամէն բանի մէջ» արտայայտութիւնը լաւագոյն կերպով կը նկարագրէ հոյակապ յանգումը։ Ատիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Մտաբերէ այն ժամանակը Եդեմի մէջ, երբ կատարեալ զոյգը՝ Ադամ ու Եւա, Եհովայի խաղաղ ու ներդաշնակ տիեզերական ընտանիքին անդամներն էին։ Եհովան՝ Տիեզերքի Գերիշխանը, ուղղակիօրէն իշխեց իր ամբողջ ստեղծագործութեան վրայ,– հրեշտակային ե՛ւ մարդկային։ Անոնք կարող էին իրեն հետ անձամբ հաղորդակցիլ, զինք պաշտել եւ իր կողմէ օրհնուիլ։ Ան ‘ամէն բան էր ամէնուն համար’։
18 Այդ ներդաշնակ փոխյարաբերութիւնը խանգարուեցաւ, երբ մարդիկ Սատանայէն ազդուելով, Եհովայի գերիշխանութեան դէմ ըմբոստացան։ Բայց 1914–էն ի վեր, Մեսիական Թագաւորութիւնը աստիճանական քայլեր առած է այդ միութիւնը եւ ներդաշնակութիւնը վերահաստատելու համար (Եփ. 1։9, 10)։ Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին, այժմ «չերեւցած» հոյակապ բաներ պիտի իրականանան։ Ապա «վախճանը» պիտի գայ, այսինքն՝ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը պիտի աւարտի։ Այդ ատեն ի՞նչ պիտի պատահի։ Թէեւ «ամէն իշխանութիւն. . . երկնքի ու երկրի մէջ» Յիսուսի տրուած է, բայց ան փառասէր չէ։ Ան մտադրութիւն չունի Եհովայի դիրքը յափշտակելու։ Յիսուս խոնարհաբար «թագաւորութիւնը պիտի տայ Հօր Աստուծոյ ձեռքը»։ Արդ, ան իր իւրայատուկ դիրքը եւ հեղինակութիւնը միշտ «Աստուծոյ փառքին համար» կը գործածէ (Մատ. 28։18. Փլպ. 2։9-11)։
19, 20. ա) Թագաւորութեան բոլոր հպատակները ինչպէ՞ս ցոյց պիտի տան թէ Եհովայի գերիշխանութիւնը կ’ընդունին կամ ոչ։ բ) Ի՞նչ հոյակապ հեռանկար մեզի կը սպասէ։
19 Այդ ատեն, Թագաւորութեան երկրային հպատակները կատարեալ եղած պիտի ըլլան։ Անոնք Յիսուսի օրինակին պիտի հետեւին, եւ խոնարհաբար ու կամովին Եհովայի գերիշխանութիւնը պիտի ընդունին։ Անոնք պատեհութիւն պիտի ունենան իրենց այդ փափաքը ցոյց տալու, յաջողապէս վերջին փորձէն անցնելով (Յայտ. 20։7-10)։ Անկէ ետք, բոլոր ըմբոստները,– մարդկային եւ հոգեղէն,– յաւիտեա՛ն պիտի բնաջնջուին։ Ատիկա ի՜նչ բերկրալի եւ ցնծալի ժամանակ պիտի ըլլայ։ Տիեզերական ամբողջ ընտանիքը ուրախութեամբ պիտի փառաբանէ Եհովան, որ պիտի ըլլայ «ամէնը ամէն բանի մէջ» (կարդա՛ Սաղմոս 99։1-3)։
20 Թագաւորութեան մօտալուտ փառաւոր իրողութիւնները քեզ պիտի մղե՞ն ուշադրութիւնդ եւ ջանքերդ կեդրոնացնելու Աստուծոյ կամքը կատարելու վրայ։ Կրնա՞ս Սատանայի աշխարհի հրամցուցած սուտ յոյսով եւ հանգստաւէտ պայմաններով չշեղիլ։ Եհովայի գերիշխանութեան աջակցելու եւ զայն վեր բռնելու վճռականութիւնդ պիտի զօրացնե՞ս։ Թող որ գործերդ ցոյց տան թէ կը փափաքիս յաւիտեան այդպէս ընել։ Եւ այսպէս առանձնաշնորհում պիտի ունենաս խաղաղութիւն եւ բարգաւաճութիւն վայելելու հազար տարի ե՛ւ անկէ ետք։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 16]
Որպէս Թագաւոր իր նշանակումները կատարելէ ետք, Յիսուս Թագաւորութիւնը խոնարհաբար իր Հօր պիտի յանձնէ