Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կին դասակարգը աչառութիւն կը դիմագրաւէ

Կին դասակարգը աչառութիւն կը դիմագրաւէ

Կին դասակարգը աչառութիւն կը դիմագրաւէ

«Երբ կիներու հանդէպ ցուցաբերուած վերաբերմունքը կը տեսնեմ, իրա՛ւ չեմ ուզեր մեծնալ»։ 15 ՏԱՐԵԿԱՆ ԶԱՀՐԱ, GEO ֆրանսերէն պարբերաթերթին կողմէ մէջբերուած։

ՎԵՐՈՆՇԵԱԼ պատանուհիին խօսքերը տխուր իրողութիւն մը կը յայտնեն,– աշխարհի տարածքին, բռնութիւնը եւ խտրականութիւնը աղջիկներուն եւ կիներուն ամբողջ կեանքին կ’ազդեն։ Նկատի առ հետեւեալ իրողութիւնները.

Սեռի խտրականութիւն։ Ասիոյ մէջ, ծնողներուն մեծամասնութիւնը կը նախընտրէ տղայ զաւակներ ունենալ։ 2011–ի ՄԱԿ–ի տեղեկագրութիւն մը կ’ենթադրէ, թէ այդ ցամաքամասին մէջ, վիժումի, մանկասպանութեան եւ անտեսումի առ ի հետեւանք, բնակչութենէն շուրջ 134 միլիոն կիներ կը պակսին։

Ուսում։ Աշխարհի տարածքին, չորս տարիէն պակաս դպրոց գացողներուն կամ բնաւ չգացողներուն երկու երրորդը կը կազմէ կին դասակարգը։

Սեռային նեղութիւն։ Աւելի քան 2,6 միլիառ կիներ կ’ապրին երկիրներու մէջ, ուր ամուսնական բռնաբարումը տակաւին ոճիր չի սեպուիր։

Առողջութիւն։ Զարգացող երկիրներու մէջ, հիմնական բժշկական խնամքի պակասին առ ի արդիւնք, ամէն երկու վայրկեան կին մը կը մահանայ յղութեան կամ ծննդաբերութեան բարդութիւններու պատճառով։

Սեփականատիրական իրաւունքներ։ Թէեւ աշխարհի դաշտերուն աւելի քան կէսը կինե՛րը կը մշակեն, բայց բազմաթիւ երկիրներու մէջ, անոնք սեփականատէր ըլլալու կամ հողամաս ժառանգելու օրինական իրաւունք չունին։

Կիները ինչո՞ւ այսպիսի հիմնական իրաւունքներէ զրկուած են։ Մշակոյթներէն ոմանք ունին կրօնական հաւատալիքներ եւ սովորութիւններ, որոնք կիներու հանդէպ սխալ վերաբերմունք եւ բռնութիւն կը հրահրեն կամ կ’արդարացնեն։ Ֆրանսական օրաթերթ մը կը մէջբերէ հնդիկ փաստաբանին՝ Չանտրա Ռամի Չօփրային՝ խօսքերը, որ ըսաւ. «Բոլոր կրօնական օրէնքները հասարակաց բան մը ունին. անոնք կին դասակարգին դէմ խտրականութիւն կը քաջալերեն»։

Փաստաբանին ըսածին հետ համամի՞տ ես։ Կը կարծե՞ս թէ Աստուածաշունչը կին դասակարգը կը նսեմացնէ, ինչպէս որ բազմաթիւ այլ կրօնական գիրքեր կ’ընեն։ Ոմանց համար, Աստուածաշունչի որոշ համարներ այդ տպաւորութիւնը կը ձգեն։ Բայց Աստուած իրապէս ինչպէ՞ս կը նկատէ կին դասակարգը։ Թէեւ ասիկա կրնայ զգացական նիւթ մը ըլլալ, բայց Աստուածաշունչին ըսածը ուշադիր եւ անկեղծ կերպով վերլուծելը մեզի պիտի օգնէ, որ պատասխանը գտնենք։

[Նկարին աղբիւրը]

© G.M.B. Akash/Panos Pictures