Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆ

Երբ երեխադ անկարող է

Երբ երեխադ անկարող է

ԳԱՐԼՕ *. «Մեր տղան՝ Անժէլոն, Տաունի համախտանիշ ունի։ Իր հիւանդութիւնը կը խլէ մեր ֆիզիքական, մտային եւ զգացական զօրութիւնը։ Երեւակայէ թէ որքա՛ն ոյժ կ’ուզես, որ առողջ զաւկի մը հոգ տանիս եւ ա՛պա այդ ուժը հարիւրապատկէ։ Երբեմն մեր ամուսնութիւնը կը տուժէ»։

ՄԻԱ. «Յարատեւութիւն եւ ծայր աստիճան համբերութիւն կը պահանջէ, մինչեւ որ Անժէլոն ամենապարզ բաները սորվի։ Երբ շատ յոգնիմ, ամուսինիս՝ Գարլոյին հանդէպ համբերութիւնս կը կորսնցնեմ ու դիւրագրգիռ կ’ըլլամ։ Երբեմն որոշ հարցերու շուրջ իրարու հետ չենք համաձայնիր եւ ապա կը սկսինք վիճիլ»։

Կրնա՞ս յիշել զաւկիդ ծնած օրը։ Անկասկած, անհամբեր կը սպասէիր մանուկդ գրկելու։ Սակայն Գարլոյի եւ Միայի պէս շատ մը ծնողներու համար, երբ կը գիտնան թէ իրենց երեխան հիւանդ կամ անկարող է, ուրախութեան կը խառնուի վիշտը։

Եթէ անկարող զաւակ մը ունիս, թերեւս հարց տաս եթէ կրնաս յաջողապէս գլուխ ելլել։ Բայց մի՛ յուսահատիր։ Քու պարագադ ունեցող ծնողներ, յաջողապէս յաղթահարած են համանման խնդիրներ։ Նկատի առ երեք սովորական մարտահրաւէրներ որ կարելի է դիմագրաւես եւ տե՛ս թէ Աստուածաշունչի իմաստուն խրատները ինչպէ՛ս կրնան քեզի օգնել։

Ա. ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ։ ՉԵՍ ՈՒԶԵՐ ՀԱՒԱՏԱԼ, ԹԷ ԵՐԵԽԱԴ ԱՆԿԱՐՈՂ Է։

Շատ մը ծնողներու սիրտը կը ջախջախուի, երբ կը գիտնան թէ զաւակնին հիւանդ է։ «Երբ բժիշկներ ըսին, թէ տղաս՝ Սանդիակոն, ուղեղային անդամալուծութիւն ունի, չկրցայ հաւատալ։ Զգացի թէ աշխարհը վրաս փուլ կու գար», կ’ըսէ Ճուլիանան, մայր մը Մեքսիքայի մէջ։ Ուրիշներ թերեւս Վիլանա անունով իտալացի մօր մը զգացումը ունենան։ «Ես ընտրեցի զաւակ բերել, հակառակ անոր որ այդ տարիքի կիներուն համար որոշ վտանգներ կան», կ’ըսէ ան։ «Հիմա որ տղաս Տաունի համախտանիշին վերաբերեալ խնդիրներ կ’ունենայ, յանցաւոր կը զգամ»։

Եթէ յուսահատութեան կամ յանցապարտութեան զգացումէ կը տառապիս, գիտցիր թէ հակազդեցութիւնդ բնական է։ Հիւանդութիւնը Աստուծոյ սկզբնական նպատակին մէկ մասը չէր (Ծննդոց 1։27, 28)։ Ան ծնողներուն մէջ կարողութիւնը չդրաւ անբնական բան մը դիւրաւ ընդունելու։ Առումով մը, թերեւս «ողբալու» պէտքը զգաս այն բանին վրայ որ կորսուեցաւ,– զաւկիդ առողջութիւնը։ Ժամանակ պիտի առնէ, մինչեւ որ զգացումներդ յաղթահարես եւ նոր վիճակիդ ընտելանաս։

Իսկ ի՞նչ ընել, երբ կը զգաս որ զաւկիդ անկարողութեան պատասխանատուն դուն ես։ Յիշէ որ չկայ մէկը, որ լիովին հասկնայ թէ ժառանգութիւնը, միջավայրը եւ ա՛յլ ազդակներ ինչպէս կ’ազդեն երեխայի մը առողջութեան։ Միւս կողմէ, թերեւս հակամէտ ըլլաս կողակիցդ մեղադրելու։ Ասկէ խուսափէ՛։ Աւելի լաւ կ’ընես, եթէ կողակիցիդ հետ համագործակցիս եւ կեդրոնանաս երեխայիդ հոգ տանելուն վրայ (Ժողովող 4։9, 10

ԹԵԼԱԴՐԱՆՔ։ Զաւկիդ վիճակին մասին աւելի՛ն գիտցիր։ «Տունը իմաստութեամբ կը շինուի ու հանճարով կը հաստատուի», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Առակաց 24։3

Շատ բան կրնաս սորվիլ մասնագէտ բժիշկներէ եւ վստահելի հրատարակութիւններէ։ Զաւկիդ վիճակին մասին սորվիլը կրնաս բաղդատել նոր լեզու մը սորվելուն հետ։ Սկիզբը դժուարութիւն պիտի գտնես, բայց կրնա՛ս սորվիլ։

Նախապէս նշուած Գարլոն եւ Միան տեղեկութիւններ հաւաքեցին իրենց բժիշկէն, եւ կազմակերպութենէ մը որուն մասնագիտութիւնը իրենց տղուն հիւանդութիւնն է։ «Ասիկա մեզի օգնեց, որ ոչ միայն ակնկալուած խնդիրները հասկնանք, այլեւ Տաունի համախտանիշի ‘դրական’ կողմերը գիտնանք», կ’ըսեն անոնք։ «Անդրադարձանք, թէ մեր տղան կրնար կեանք մը վարել, որ շատ մը երեսակներու մէջ բնական պիտի ըլլար։ Ասիկա մեծապէս մխիթարեց մեզ»։

ԱՍԻԿԱ ՓՈՐՁԷ։ Կեդրոնացիր այն բաներուն վրայ, որ երեխադ կրնայ ընել։ Կազմակերպէ գործունէութիւններ, որոնց կրնան մասնակցիլ ընտանիքի բոլոր անդամները։ Երբ երեխադ նոյնիսկ պզտիկ «յաղթանակ» մը տանի, արագօրէն զինք գովէ՛ եւ իրեն հետ դուն ալ ուրախացիր։

Բ. ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ. ՈՒԺԱՍՊԱՌ ԵՒ ԶԳԱՑԱԿԱՆՕՐԷՆ ՄԵԿՈՒՍԱՑԱԾ ԿԸ ԶԳԱՍ։

Կրնաս զգալ թէ հիւանդ զաւակիդ հոգ տանիլը ամբողջ ուժդ կը սպառէ։ Ճենի, մայր մը Նոր Զելանտայի մէջ, կ’ըսէ. «Տղուս՝ ողնայարի ջրխոց ունենալը գիտնալուս յաջորդող քանի մը տարիներուն ընթացքին, երբ փորձէի տան մէջ որեւէ յաւելեալ բան մը ընել, ուժասպառ կը զգայի եւ կը յուզուէի»։

Մեկուսացած զգալը կրնայ ուրիշ մարտահրաւէր մը ըլլալ։ Պէնի որդին մկանային հիւծում եւ Էսփերճերի համախտանիշ ունի։ Պէն կ’ըսէ. «Շատեր բնա՛ւ պիտի չհասկնան թէ ինչ կեանք կ’ապրինք»։ Թերեւս ուզես անհատի մը հետ խօսիլ։ Բայց քանի որ բարեկամներուդ մեծամասնութիւնը առողջ զաւակներ ունի, կը տատամսիս զգացումներդ պատմելու։

ԹԵԼԱԴՐԱՆՔ։ Օգնութիւն խնդրէ, եւ երբ ուրիշը քեզի օգնել ուզէ, ընդունէ՛։ Վերոնշեալ Ճուլիանան կը խոստովանի. «Երբեմն, ես ու ամուսինս կ’ամչնանք օգնութիւն խնդրելու»։ Սակայն, ան կ’աւելցնէ. «Գիտակցեցանք թէ ուրիշներու օգնութեան կարիքը ունինք։ Երբ ուրիշներ մեզի օգնեն, այդքան ալ միայնակ չենք զգար»։ Եթէ մօտիկ բարեկամ կամ ազգական մը առաջարկէ զաւկիդ քով նստիլ ընկերային առիթի կամ քրիստոնէական ժողովի մը ընթացքին, առաջարկը երախտապարտութեամբ ընդունէ՛։ Սուրբ Գիրքէն առակ մը կ’ըսէ. «Բարեկամը ամէն ատեն կը սիրէ ու եղբայրը նեղութեան ատենուան համար ծնած է» (Առակաց 17։17

Առողջութեանդ հոգ տար։ Ճիշդ ինչպէս որ շտապ օգնութեան ինքնաշարժ մը կանոնաւորաբար վառելանիւթ պէտք է լեցնէ եթէ շարունակ հիւանդներ հիւանդանոց պիտի փոխադրէ, նոյնպէս ալ հարկ է որ ուժդ վերականգնես՝ պատշաճ սնունդով, մարզանքով եւ հանգիստով, որպէսզի կարենաս շարունակ երեխայիդ տրամադրել այն հոգածութիւնը, որուն արժանի է։ Քավիէր, որ հաշմանդամ տղայ մը ունի, այսպէս կ’ըսէ. «Տղաս չի կրնար քալել, ուստի կը խորհիմ թէ պէտք է փորձեմ լաւ ուտել։ Ի վերջոյ, ե՛ս եմ որ զինք կը տեղափոխեմ. ե՛ս եմ իր ոտքերը»։

Ինչպէ՞ս կրնաս ժամանակ գտնել առողջութեանդ հոգ տանելու։ Ծնողներէն ոմանք փոխնիփոխ իրենց զաւակը կը հոգան, այսպիսով՝ անոնցմէ մէկը ազատ կ’ըլլայ հանգստանալու կամ ա՛յլ կարիքներ հոգալու։ Հարկ պիտի ըլլայ որ անհարկի գործունէութիւններէն ժամանակ ծախու առնես. իսկ հաւասարակշռութիւն պահելը կրնայ մարտահրաւէր ըլլալ։ Բայց ինչպէս որ Հնդկաստանի մէջ մայր մը՝ Մայուրի, կ’ըսէ. «Ի վերջոյ կը վարժուիս»։

Վստահելի ընկերոջ մը հետ խօսէ։ Նոյնիսկ հիւանդ զաւակներ չունեցող բարեկամներ կրնան քեզ մխիթարել։ Նաեւ կրնաս Եհովա Աստուծոյ աղօթել։ Աղօթքը իրապէս պիտի օգնէ՞։ Եազմինի երկու զաւակները պարկային բնաթելացում ունին։ Ան կ’ըսէ. «Այնպիսի մեծ ճնշումներէ անցած եմ, որ շնչահեղձ եղած եմ»։ Այսուհանդերձ, կինը կ’աւելցնէ. «Աղօթքով Եհովայէն հանգստութիւն եւ զօրութիւն կը խնդրեմ եւ ա՛պա կը զգամ թէ կրնամ շարունակել» (Սաղմոս 145։18

ԱՍԻԿԱ ՓՈՐՁԷ։ Պահ մը մտածէ թէ ի՛նչ կ’ուտես, ե՛րբ մարզանք կ’ընես եւ որքա՛ն կը քնանաս։ Տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս ժամանակ ծախու առնել աւելի նուազ կարեւորութիւն ունեցող բաներէ, որպէսզի կարենաս առողջութիւնդ հոգալ։ Շարունակ բարեճշդէ յայտագիրդ կարիքին համաձայն։

Գ. ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ. ՀԻՒԱՆԴ ԵՐԵԽԱՅԻԴ ԱՒԵԼԻ՛ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ Կ’ԸՆԾԱՅԵՍ ՔԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻԴ ՄԻՒՍ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ։

Երեխայի մը հիւանդութիւնը կրնայ ազդել ընտանիքի կեանքին, թէ անոնք ի՛նչ կ’ուտեն, ո՛ւր կ’երթան եւ ծնողքը որքա՛ն ժամանակ կը յատկացնէ իւրաքանչիւր զաւակի համար։ Առ ի արդիւնք, միւս զաւակները կրնան անտեսուած զգալ։ Ասկէ զատ, ծնողները կրնան այնքա՛ն զբաղած ըլլալ իրենց հիւանդ երեխան հոգալով, որ իրենց ամուսնութիւնը տուժէ։ Լայընէլ, հայր մը Լիպերիոյ մէջ, կը նշէ. «Երբեմն կինս կ’ըսէ թէ ամբողջ բեռը իր վրայ առած է եւ թէ ես մեր տղուն մասին չեմ մտածեր. . . անարգուած կը զգամ, եւ երբեմն ալ կոշտութեամբ կը հակադարձեմ»։

ԹԵԼԱԴՐԱՆՔ։ Որպէսզի բոլոր զաւակներդ վստահեցնես, թէ իրենցմով հետաքրքրուած ես, կազմակերպէ գործունէութիւններ որոնցմէ հաճոյք կ’առնեն։ Վերոնշեալ Ճենին կ’ըսէ. «Ատեն–ատեն, մեր անդրանիկ որդւոյն համար մասնաւոր բան մը կ’ընենք։ Անիկա կրնայ ըլլալ պարզապէս ճաշ մը ուտել իր նախասիրած ճաշարանին մէջ»։

Բոլո՛ր զաւակներովդ հետաքրքրուէ

Ամուսնութիւնդ պաշտպանելու համար, կողակիցիդ հետ խօսէ եւ միասնաբար աղօթեցէք։ Ասիմ, հայր մը Հնդկաստանի մէջ, որուն զաւակը նոպաներ կ’ունենայ, կ’ըսէ. «Թէեւ ես ու կինս երբեմն շատ յոգնած եւ յուսաբեկ կը զգանք, սակայն ժամանակ կը յատկացնենք խօսելու եւ միասնաբար աղօթելու։ Ամէն առտու, առաջ որ մեր երեխաները արթննան, միասնաբար ժամանակ կ’անցընենք Աստուածաշունչէն համար մը քննարկելով»։ Ուրիշ զոյգեր քնանալէ առաջ առանձնաբար իրարու հետ կը խօսակցին։ Ձեր մտերմիկ խօսակցութիւնները եւ անկեղծ աղօթքները պիտի զօրացնեն ձեր ամուսնութիւնը՝ զօրաւոր ճնշուածութեան պահերու ընթացքին (Առակաց 15։22)։ Ինչպէս որ զոյգ մը նշեց. «Մեր ամուսնական կեանքի ամենայիշարժան պահերը ամենադժուար օրերը եղած են»։

ԱՍԻԿԱ ՓՈՐՁԷ։ Գովէ՛ միւս զաւակներդ, երբ որեւէ կերպով օգնական կ’ըլլան հիւանդ երեխայիդ։ Իրենց եւ կողակիցիդ կանոնաւորաբար ըսէ թէ կը գնահատես ու կը սիրես զիրենք։

ՄԻՇՏ ԼԱՒԱՏԵ՛Ս ԵՂԻՐ

Աստուածաշունչը կը խոստանայ, թէ Աստուած շուտով մէջտեղէն պիտի վերցնէ ամէն հիւանդութիւն եւ անկարողութիւն, որ կը հարուածէ մեծն ու պզտիկը (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Այդ օրը, «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’» * (Եսայի 33։24

Մինչ այդ, կրնա՛ս յաջողիլ, նոյնիսկ եթէ զաւակդ անկարող է։ Նախապէս նշուած Գարլոն եւ Միան կ’ըսեն. «Մի՛ վհատիր երբ թուի թէ ամէն ինչ սխալ կ’ընթանայ։ Կեդրոնացիր զաւակիդ ունեցած հիանալի բաներուն վրայ, որովհետեւ անոնք շատ են»։

^ պարբ. 3 Այս յօդուածին մէջ անունները փոխուած են։

^ պարբ. 29 Կրնաս աւելի՛ն կարդալ կատարեալ առողջութեան առնչութեամբ Աստուածաշունչի խոստումին մասին, Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 3–րդ գլուխին մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑ ՏՈՒՐ. . .

  • Ի՞նչ կ’ընեմ, որպէսզի կարելի եղածին չափ առողջ պահեմ մարմինս, զգացումներս եւ հոգեւորութիւնս։

  • Վերջին անգամ ե՞րբ գովասանքի խօսքեր ըսի միւս զաւակներուս, իրենց մատուցած օգնութեան համար։