ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ
«Երազս՝ վարդապետ ըլլալ էր»
-
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1957
-
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ՄԵՔՍԻՔԱ
-
ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԱՇԱԿԵՐՏ, ՎԱՅՐԱԳ ԲՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐ ԱՆՁ
ԱՆՑԵԱԼՍ։
Ծնած եմ Թեսքոքօ գիւղաքաղաքին մէջ։ Այդ ատեն ճամբաներուն մեծամասնութիւնը խորտուբորտ եւ փոշոտ էր։ Սովորական էր տեսնել մօտակայ գիւղերու մարդիկը, որոնք իրենց բեռնաւորուած էշերով կու գային ապրանքներ ծախելու համար։ Մենք աղքատ ընտանիք մըն էինք եւ տան մէջ 9 զաւակներ էինք։ Ես եօթներորդն էի։ Հայրս սանտալներ (կուարաչէս) կը նորոգէր, ընտանիքին ապրուստը ճարելու համար։ Բայց ան մահացաւ երբ ես եօթը տարեկան էի։ Անկէ ի վեր, մայրս ամէն ջանք թափեց որ մեզի կերակուր ապահովէ։
Մեծ հայրս ջութակահար էր ու կը վարէր նուագախումբ մը, որ դասական կրօնական երաժշտութիւն կը նուագէր։ Ընտանիքիս գրեթէ բոլոր անդամները նուագարան մը կը նուագէին։ Մայրս եկեղեցական երգչախումբին մէջ կ’երգէր իսկ մօրեղբայրս օփերայի երգիչ եւ դաշնակահար էր։ Մենք նուիրուած կաթողիկէներ էինք,– ես դպիր էի ու կ’երազէի կաթողիկէ միսիոնար մը դառնալ։ Միեւնոյն ատեն, քարաթէ ֆիլմերու մոլի էի։ Որքա՛ն աւելի այդ ֆիլմերը դիտէի, այնքան աւելի մէջս վայրագութիւն կ’արթննար։
Փուեպլայի մէջ, սկսայ դպրեվանքի մը մէջ ուսանիլ, կաթողիկէ վարդապետ դառնալու նպատակով։ Սակայն ուսման վերջին տարին, կաթողիկէ եկեղեցին զիս հիասթափեցուց։ Երիտասարդ մայրապետ մը սեռային մօտեցում ցուցաբերեց ինծի հանդէպ։ Այդ փորձութեան դէմ դրի, բայց մէջս ամուսնանալու փափաք արթնցաւ։ Ասկէ զատ, նկատեցի թէ քանի մը վարդապետներ կեղծաւոր կենցաղ կը վարէին։ Ի վերջոյ, վարդապետ մը ըլլալու նպատակակէտս լքեցի։
Որպէս դպիր, կ’երազէի կաթողիկէ միսիոնար մը դառնալ, բայց նաեւ քարաթէ ֆիլմերու մոլի էի եւ վայրագ անձնաւորութիւն զարգացուցի
Որոշեցի երաժշտութիւն ուսանիլ Մեքսիքոյի ազգային
երաժշտանոցին մէջ։ Երբ աւարտեցի, ամուսնացայ եւ շուտով չորս զաւակներու տէր եղայ։ Եւ ընտանիքիս ապրուստը կը ճարէի՝ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ պատարագին ընթացքին երգելով։Սկիզբէն մեր ամուսնութիւնը խնդիրներով լեցուն էր։ Կինս եւ ես իրարու հանդէպ վայրագ վերաբերմունք ունէինք, գլխաւորաբար քանի որ իրարու վրայ կը նախանձէինք։ Սկիզբը զիրար բերանացի կը վիրաւորէինք, ապա սկսանք իրարու վրայ ձեռք բարձրացնել։ Ի վերջոյ, մեր ամուսնութենէն 13 տարի ետք, որոշեցինք բաժնուիլ եւ ապա ամուսնալուծուիլ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։
Վկաներուն հետ առաջին անգամ շփման մէջ եկայ, կնոջմէս բաժնուելէ առաջ։ Երկու Վկաներ մեր դուռը զարկին եւ Աստուածաշունչի քննարկութիւն առաջարկեցին։ Խորհեցայ որ կրօնքի մասին շատ բան գիտէի, ուստի որոշեցի անոնց սխալ ըլլալը փաստել։ Սկսայ դժուար հարցումներ ուղղել, կարծելով որ անպատասխան են։ Բայց զարմացայ երբ անոնք Աստուածաշունչէն ինծի պատասխանեցին։ Անդրադարձայ թէ որքա՜ն չնչին տեղեկութիւն ունէի։ Բայց կինս Վկաներուն հանդէպ շատ կոշտ ու կոպիտ գտնուելով, իսկ ես շատ զբաղած ըլլալով, անոնց այցելութիւնները վերջ գտան։
Հինգ տարի ետք, երբ դարձեալ Եհովայի վկաներուն հետ շփման մէջ եկայ, ուրիշ կնոջ մը՝ Էլվիրայի՝ հետ կ’ապրէի։ Ան չհակառակեցաւ Վկաներուն, ուստի կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը աւելի դիւրին եղաւ։ Ասով հանդերձ, տարիներ առաւ որ կենցաղակերպս փոխեմ։
Գիտակցեցայ որ եթէ կ’ուզեմ Եհովան սրտանց պաշտել, պէտք է հսկայ փոփոխութիւններ ընեմ։ Նախ, պէտք էր որ ա՛լ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ պատարագի ընթացքին չերգէի. այսինքն, ապրուստ ճարելու համար պէտք էր ուրիշ գործ գտնէի (Յայտնութիւն 18։4)։ Ինչպէս նաեւ պէտք էր Էլվիրայի հետ իմ ամուսնութիւնս օրինաւոր դարձնէի։
Սակայն, ամէնէն դժուար փոփոխութիւններէն մէկն էր՝ վայրագ բնաւորութիւնս հակակշռի տակ առնել։ Աստուածաշնչական երկու համարներ մասնաւորաբար ինծի օգնեցին. Սաղմոս 11։5–ը, որ ցոյց կու տայ թէ Եհովան բռնութիւնը կ’ատէ, եւ Ա. Պետրոս 3։7–ն, որ ինծի սորվեցուց թէ եթէ կ’ուզեմ որ Աստուած աղօթքներս լսէ, կինս պէտք է պատուեմ։ Այս համարներուն վրայ խոկալով եւ Եհովայի օգնութեան համար աղօթելով, կամաց–կամաց սկսայ ջղայնութիւնս զսպել։
Աստուածաշունչը ինծի սորվեցուց թէ եթէ կ’ուզեմ որ Աստուած աղօթքներս լսէ, կինս պէտք է պատուեմ
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։
Այժմ ընտանեկան երջանիկ կեանք կը վայելեմ։ Կը ջանամ նորոգել փոխյարաբերութիւնս տղոցս հետ, որոնք առաջին ամուսնութենէս են, եւ այժմու ընտանիքիս օգնել, որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնայ։
Երբ պզտիկ էի, երազս՝ վարդապետ ըլլալ էր, որպէսզի մարդոց օգնեմ։ Այժմ կը զգամ որ կեանքս իսկապէս իմաստալից է։ Ընտանիքիս ապրուստը կը ճարեմ՝ երաժշտութիւն սորվեցնելով։ Շատ երախտապարտ եմ Եհովային, որ ինծի հետ համբերատար գտնուեցաւ, ինծի պատեհութիւն տալով որ փոխուիմ եւ աւելի լաւ անձ դառնամ։