ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ
Աստուած «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»
Աստուծոյ երկրպագուները ջանք կը թափեն, որ զինք հաճեցնեն։ Արդեօք ան այս մէկը կ’արժեւորէ՞։ Ոմանք թերեւս ըսեն՝ ո՛չ, խորհելով որ Աստուած մեզմով հետաքրքրուած չէ։ Բայց այսպիսի մտածում մը Աստուծոյ մասին գէշ գաղափար կը յառաջացնէ։ Սուրբ Գիրքը այս զրպարտութիւնը կը հերքէ, մեզ հաւաստիացնելով թէ Եհովան կը գնահատէ իր հաւատարիմ երկրպագուներուն ջանքերը։ Նկատի առ Պօղոս առաքեալի խօսքը, որ նշուած է Եբրայեցիս 11։6–ի մէջ։
Եհովան հաճեցնելու համար ի՞նչ բան պահանջուած է։ «Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ», գրեց Պօղոս։ Նշմարէ թէ Պօղոս չըսաւ, թէ առանց հաւատքի դժուար է Աստուած հաճեցնել։ Փոխարէն, ան ըսաւ՝ անհնար կամ անկարելի է։ Ուրիշ խօսքով, Աստուած հաճեցնելու համար հաւատքը կենսական է։
Ինչպիսի՞ հաւատք Եհովան կը հաճեցնէ։ Աստուծոյ հաւատալը երկու երեսակ պէտք է պարփակէ. առաջին՝ ‘պէտք է հաւատանք թէ Աստուած կայ’։ Ուրիշ թարգմանութիւններ կ’ըսեն՝ «հաւատանք թէ ան իրական է» եւ «հաւատանք թէ ան գոյութիւն ունի»։ Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնանք Աստուած հաճեցնել, եթէ իր գոյութեան կը կասկածինք։ Ասկէ զատ, հարազատ հաւատքը աւելի՛ն կը պարփակէ, քանի որ նոյնիսկ դեւերը կը հաւատան թէ Եհովան գոյութիւն ունի (Յակոբոս 2։19)։ Հաւատալով թէ Աստուած իրական է, պէտք է գործի լծուինք, այսինքն, մեր հաւատքը փաստենք՝ վարելով այնպիսի կենցաղակերպ մը, որ Աստուած կը հաճեցնէ (Յակոբոս 2։20, 26)։
Երկրորդ, պէտք է ‘հաւատանք’ որ Աստուած «վարձահատոյց կ’ըլլայ»։ Իսկական հաւատք ունեցող անհատը լիովին համոզուած կ’ըլլայ, թէ աստուածահաճոյ կեանք վարելու իր թափած ջանքերը ի զուր չեն (Ա. Կորնթացիս 15։58)։ Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան հաճեցնել, եթէ կը կասկածինք թէ կարող չէ կամ չի փափաքիր մեզ վարձատրել (Յակոբոս 1։17. Ա. Պետրոս 5։7)։ Այն անհատը որ կ’եզրակացնէ թէ Աստուած անտարբեր, ապերախտ կամ կծծի ըլլալու է, իրապէս զինք չի ճանչնար։
Եհովան որո՞նք կը վարձատրէ։ Պօղոս կ’ըսէ, թէ ան «վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ Աստուածաշունչի թարգմանիչներու համար պատրաստուած աշխատասիրութիւն մը կը նշէ, թէ «փնտռել» թարգմանուած յունարէն բառը չի նշանակեր «որոնել», այլ՝ «պաշտամունքի միջոցաւ» Աստուծոյ մօտենալ։ Ուրիշ աշխատասիրութիւն մը կը բացատրէ, թէ այս յունարէն բային ձեւը կը թելադրէ անխոնջ եւ կեդրոնացած ջանք։ Արդարեւ, Եհովան կը վարձատրէ անոնք, որոնց հաւատքը կը մղէ զիրենք որ ամբողջ սրտով ե՛ւ նախանձախնդրութեամբ զինք պաշտեն (Մատթէոս 22։37)։
Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան հաճեցնել, եթէ կը կասկածինք թէ կարող չէ կամ չի փափաքիր մեզ վարձատրել
Եհովան ինչպէ՞ս իր հաւատարիմ երկրպագուները կը վարձատրէ։ Ան խոստացած է հոյակապ վարձատրութիւն մը, որ իր անսահման առատաձեռնութիւնը եւ խոր սէրը կը յայտնէ,– երկրային Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանք (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Նոյնիսկ հիմա, զինք փնտռողները առատ օրհնութիւններ կը վայելեն։ Իր սուրբ հոգիին եւ իր Խօսքին բովանդակած իմաստութեան օգնութեամբ, անոնք վարձահատոյց եւ գոհացուցիչ կեանք կը վարեն (Սաղմոս 144։15. Մատթէոս 5։3)։
Իրապէս, Եհովան գնահատող Աստուած է, որ իր նուիրուած երկրպագուներուն հաւատարիմ ծառայութիւնը կ’արժեւորէ։ Ասիկա գիտնալը քեզ կը մղէ՞ որ փափաքիս իրեն աւելի մօտենալ։ Եթէ այո՛, ինչո՞ւ չսորվիս թէ ինչպէս կրնաս մշակել եւ ցուցաբերել այնպիսի հաւատք մը, որ Եհովան առատապէս պիտի վարձատրէ։
Նոյեմբեր ամսուան համար թելադրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն