Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ

«Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»

«Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»

Կը փափաքի՞ս որ դուն եւ ընտանիքիդ անդամները լաւ առողջութիւն եւ երկար կեանք ունենաք։ Կը տենչա՞ս ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր ցաւ, տառապանք եւ մահ գոյութիւն չունին։ Այսպիսի աշխարհ մը լոկ երեւակայութիւն չէ։ Ընդհակառակը, մօտ օրէն արդար նոր աշխարհ մը պիտի գոյանայ, քանի որ ասիկա Եհովա Աստուծոյ նպատակն է։ Նկատի առ թէ իր նպատակին կատարումը ինչպէ՛ս նկարագրուած է Յայտնութիւն 21։3-5–ի մէջ (կարդա՛)։

«[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ» (Յայտնութիւն 21։4)։ Ան ինչպիսի՞ արցունքներ պիտի սրբէ։ Ո՛չ ուրախութեան արցունքները, ոչ ալ աչքերը պաշտպանող արցունքները. հապա տառապանքին ու վիշտին պատճառած արցունքները։ Աստուած ոչ թէ պարզապէս այսպիսի արցունքներ պիտի չորցնէ, այլ զանոնք ամբողջովին պիտի սրբէ, արմատախիլ ընելով տառապանքն ու վիշտը։

«Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ» (Յայտնութիւն 21։4)։ Որեւէ ազդակէ աւելի, մեր թշնամին՝ մահը՝ անփափաքելի արցունքներ պատճառած է։ Եհովան հնազանդ մարդիկը մահուան ճիրաններէն պիտի ազատէ։ Ինչպէ՞ս։ Չքացնելով մահուան իսկական պատճառը՝ Ադամէն ժառանգուած մեղքը (Հռովմայեցիս 5։12)։ Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ, Եհովան հնազանդ մարդկութիւնը կատարելութեան պիտի հասցնէ *։ Ապա վերջին թշնամին՝ մահը՝ «պիտի խափանուի» (Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Ինչպէս որ Աստուած նպատակադրած էր, հաւատարիմները պիտի կարենան կատարեալ առողջութեամբ յաւիտեան ապրիլ։

«Ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։4)։ Ի՞նչ տեսակի ցաւ այլեւս պիտի չըլլայ։ Մտային, զգացական եւ ֆիզիքական ցաւերը, որոնք մեղքին ու անկատարութեան արդիւնքն են եւ անհամար միլիոնաւորներու կեանքը թշուառացուցած են։

Շուտով պիտի ապրինք այնպիսի կեանք մը, որուն մէջ արցունքներ, մահ եւ ցաւ ա՛լ գոյութիւն պիտի չունենան։ Թերեւս հարց տաս. ‘Ո՞ւր պիտի վարենք այսպիսի կեանք։ Արդեօք Աստուծոյ այդ խոստումը երկնայի՞ն կեանքի համար է’։ Ո՛չ։ Ինչո՞ւ։ Նախ, Աստուծոյ խոստումը կը սկսի հետեւեալ խօսքերով. «Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ»։ Եւ մարդկութիւնը երկրի վրայ կ’ապրի (Յայտնութիւն 21։3)։ Երկրորդ, խոստումը կը խօսի աշխարհի մը մասին, ուր «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ»,– աշխարհ մը, որուն մէջ մահը ժամանակին գոյութիւն ունէր, բայց ա՛լ գոյութիւն պիտի չունենայ։ Երկնքի մէջ մահը բնա՛ւ գոյութիւն չէ ունեցած. ուստի, յստակ է որ աւելի լաւ կեանքի մը Աստուծոյ խոստումը հոս երկրի վրայ պիտի կատարուի։

Աստուած ամբողջովին պիտի սրբէ տառապանքին ու վիշտին պատճառած արցունքները

Եհովան կ’ուզէ որ արդար նոր աշխարհի իր խոստումին հաւատանք։ Գալիք օրհնութիւնները նկարագրելէ ետք, ան իր խոստումը կ’երաշխաւորէ՝ ըսելով. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ»։ Ապա կ’աւելցնէ. «Այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են» (Յայտնութիւն 21։5)։ Ինչո՞ւ չսորվիս թէ ինչպէ՛ս կրնաք ընտանեօք ըլլալ այն ուրախ երկրպագուներուն մէջ, որոնք պիտի տեսնեն Աստուծոյ խոստումին հոյակապ կատարումը։

Դեկտեմբեր ամսուան համար թելադրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

Ա. Պետրոս 1-5. Բ. Պետրոս 1-3. Ա. Յովհաննէս 1-5. Բ. Յովհաննէս 1-13. Գ. Յովհաննէս 1-14. Յուդա 1-25Յայտնութիւն 1-22

^ պարբ. 3 Քրիստոսի փրկանքի զոհին մասին աւելի՛ն գիտնալու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը։