Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Լեռներէն պղինձ կրնաս հանել»

«Լեռներէն պղինձ կրնաս հանել»

Մինչ հնագիտական խումբ մը Յուդայի անապատին նեղ անցքերն ու քարայրները կը պրպտէր, հասաւ գահավէժ ու բարձր ժայռի մը քարայրը։ Արդեօք անոնք թանկարժէք բան մը պիտի գտնէի՞ն, թերեւս հին ձեռագործ իրեր կամ Մեռեալ ծովու մագաղաթներուն նման ձեռագիրներ։ Անոնք անակնկալի եկան, երբ յայտնաբերեցին իսկական գանձ մը, որ յետագային կոչուեցաւ՝ Նահալ Միշմարի գանձը։

ԱՅՍ գանձը գտնուեցաւ մարտ 1961–ին։ Անիկա ճեղքուածքի մը մէջ պահուած ու խսիրի մէջ փաթթուած էր եւ կը բաղկանար աւելի քան 400 առարկաներէ, որոնց մեծամասնութիւնը պղինձէ շինուած էր։ Ատոնց մէջ կային շարք մը թագեր, մականներ, գործիքներ, մահակներ եւ զէնքեր։ Այս յայտնաբերումը մեծապէս կը հետաքրքրէ Աստուածաշունչի ընթերցողները, որոնք կը յիշեն Ծննդոց 4։22–ի արձանագրութիւնը Թոբէլկայէնի մասին, որ «պղնձէ ու երկաթէ ամէն տեսակ գործիք կը շինէր»։

Այս գանձին ծագումին եւ ենթահողին մասին շատ հարցումներ անպատասխան կը մնան։ Բայց ատոր յայտնաբերումը ցոյց կու տայ, թէ Աստուածաշունչի նշած շրջաններուն մէջ, պղինձ հանելը, զտելը եւ ձուլելը վաղուց գոյութիւն ունէին։

ՊՂՆՁԻ ՎԱՅՐԵՐԸ ԽՈՍՏԱՑԵԱԼ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ

Երբ իսրայէլացիները Խոստացեալ երկիր մտնելու վրայ էին, Մովսէս անոնց ըսաւ. «[Երկրին] լեռներէն պղինձ կրնաս հանել» (Բ. Օրինաց 8։7-9)։ Իսրայէլի եւ Յորդանանի մէջ, հնագէտներ յայտնաբերած են բազմաթիւ վաղեմի հանքավայրեր եւ հալարաններ, ինչպէս՝ Ֆինան, Թիմնա եւ Խիրպադ Ալնահաս։ Այս վայրերը ի՞նչ կը յայտնեն։

Ֆինանի եւ Թիմնայի բնատեսարանները կէտկիտուած են ծանծաղ փոսերով, ուր 2000 տարուան ընթացքին հանքագործները պղինձ կը հանէին։ Նոյնիսկ ներկայիս, այցելու մը կրնայ հոն պղինձ կրող կանանչ քարեր գտնել։ Վաղեմի հանքագործները ջանասիրութեամբ պղինձ կը հանէին տեսանելի հանքաշերտերու մէջէն։ Երբ ատոնք սպառէին, հանքագործները աւելի խորը կ’երթային՝ մետաղէ գործիքներով քարայրները մեծցնելով եւ անցքեր փորելով։ Աստուածաշունչի Յոբ գիրքը այսպիսի հանքագործութիւն կը նկարագրէ (Յոբ 28։2-11)։ Ասիկա ֆիզիքական ծանր աշխատանք էր։ Իրականութեան մէջ, Ք.Ե. 3–րդ դարէն մինչեւ 5–րդ դար, հռոմէական հեղինակութիւնները ամէնէն գէշ ոճրագործները եւ ա՛յլ բանտարկեալներ կ’աշխատցնէին Ֆինանի պղնձահանքը։

Մետաղի կեղտերու հսկայ կոյտեր կը գտնուին Խիրպադ Ալնահասի մէջ,– որ կը նշանակէ՝ «Պղինձի աւերակներ»,– ինչ որ ցոյց կու տայ թէ հոն մեծ քանակով պղինձ կը զտուէր։ Ուսումնականներ կը հաւատան, թէ հանքանիւթերը կը բերուէին մօտակայ հանքերէ, զոր օրինակ՝ Ֆինանէն եւ Թիմնայէն։ Պղինձը ձեռք ձգելու համար, աշխատողները փչափող եւ ոտքի փքոց գործածելով՝ փայտածուխի կրակին տաքութիւնը կը բարձրացնէին մինչեւ 1200°C, 8-10 ժամ։ Ընդհանրապէս, 5 քկ. հանքանիւթէն ձեռք կը ձգուէր շուրջ 1 քկ. թափծու պղինձ. ապա, անով զանազան իրեր կը շինէին։

ՊՂԻՆՁԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՂԵՄԻ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ

Սինա լերան մօտ, Եհովա Աստուած մասնայատուկ կերպով ուղղութիւններ տուաւ, որ տեղական հանքերէ հանուած այս փայլուն մետաղը գործածուի խորանի շինարարութեան մէջ, իսկ յետագային նոյն կերպով Երուսաղէմի տաճարը կառուցուեցաւ (Ելից, գլուխ 27)։ Այնպէս կը թուի թէ իսրայէլացիները մետաղագործութեան մասին որոշ գաղափար ունէին Եգիպտոս երթալէ առաջ, կամ զայն սորվեցան Եգիպտոսի մէջ։ Ելքի ժամանակ, անոնք կրցան ձուլածոյ հորթ մը ձեւաւորել։ Ասկէ զատ, խորանի ծառայութեան համար, անոնք կրցան շինել պղնձէ բազմաթիւ իրեր, ինչպէս՝ հսկայ աւազանը, ամաններ, սկուտեղներ, թիակներ, մսահաններ եւ պատառաքաղներ (Ելից 32։4

Յետագային, անապատին մէջ թափառելու ընթացքին, թերեւս Փունոնի մօտ (հաւանաբար արդի Ֆինան), որ պղնձով հարուստ շրջան մըն էր, ժողովուրդը մանանային եւ ջուրի մթերքին առնչութեամբ դժգոհութիւն յայտնեց։ Առ ի պատիժ, Եհովան թունաւոր օձեր ղրկեց եւ շատեր մեռան։ Իսրայէլացիները զղջալէ ետք, Եհովան Մովսէսին ըսաւ որ պղնձէ օձ մը շինէ ու ձողի մը վրայ դնէ։ Արձանագրութիւնը կը նշէ. «Երբ օձ մը մարդ մը խածնէր ու մարդը պղնձէ օձին նայէր, անմիջապէս կ’առողջանար» (Թուոց 21։4-10. 33։43

ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՊՂԻՆՁԸ

Երուսաղէմի տաճարին բազմաթիւ մասերը պղնձէ շինուած էին

Սողոմոն թագաւոր հսկայ քանակով պղինձ գործածեց Երուսաղէմի տաճարին կահաւորման համար։ Իր հայրը Դաւիթ պղինձին մեծամասնութիւնը ձեռք ձգած էր ասորիներու վրայ տարած յաղթանակներով (Ա. Մնացորդաց 18։6-8)։ Պղնձէ ձուլածոյ «ծովը»՝ հսկայ աւազանը, որ քահանաները կը գործածէին լուացուելու համար, 66,000 լիդր ջուր կրնար պարունակել եւ մօտ 30 թոն կը կշռէր (Գ. Թագաւորաց 7։23-26, 44-46)։ Ասկէ զատ, տաճարին մուտքը կային երկու վիթխարի պղնձէ սիւները։ Անոնց բարձրութիւնը 8 մեթր էր, եւ անոնց վրայ 2,2 մեթր բարձրութեամբ խոյակներ կային։ Սիւներուն կորիզը պարապ էր, անոնց պատին հաստութիւնը 7,5 սմ. էր, իսկ տրամագիծը՝ 1,7 մեթր (Գ. Թագաւորաց 7։15, 16. Բ. Մնացորդաց 4։17)։ Երեւակայէ թէ որքա՜ն պղինձ գործածուեցաւ միայն ասոնք շինելու համար։

Հին օրերուն, պղինձը նաեւ ընդարձակ կերպով կը գործածուէր ամէնօրեայ կեանքին մէջ։ Օրինակ, կը կարդանք զէնքերու, երաժշտական գործիքներու եւ դռներու մասին, որոնք պղնձէ շինուած էին (Ա. Թագաւորաց 17։5, 6. Ա. Մնացորդաց 15։19. Սաղմոս 107։16)։ Իսկ Յիսուս խօսեցաւ ‘պղնձէ’ դրամի մասին (Մատթէոս 10։9

Հնագէտներն ու պատմաբանները տակաւին բազմաթիւ հարցման նշաններ ունին հին օրերու պղինձի հարստութեան աղբիւրներուն առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ Նահալ Միշմարի գանձին խորհուրդին մասին։ Բայց եւ այնպէս, իրողութիւնը ե՛ւ աստուածաշնչական արձանագրութիւնը յստակ կերպով ցոյց կու տան, թէ իսրայէլացիներուն ժառանգած երկիրը իրապէս ‘աղէկ երկիր մըն էր, որուն լեռներէն կրնային պղինձ հանել’ (Բ. Օրինաց 8։7-9