Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍԱՏԱՆԱՆ ԻՐԱԿԱ՞Ն Է

Սատանան պարզապէս չարութեան խորհրդանի՞շ է

Սատանան պարզապէս չարութեան խորհրդանի՞շ է

Դիւրին է ըսել, թէ Աստուածաշունչի նշած Սատանան ամէն չարութեան խորհրդանիշ է։ Բայց միթէ այդպէ՞ս կը սորվեցնէ Աստուածաշունչը։ Եթէ այո, ապա ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ Սատանան խօսեցաւ Յիսուս Քրիստոսին եւ նոյնիսկ՝ Ամենակալ Աստուծոյ հետ։ Նկատի առ երկու խօսակցութիւն։

ԵՐԲ ՍԱՏԱՆԱՆ ՅԻՍՈՒՍԻՆ ՀԵՏ ԽՕՍԵՑԱՒ

Երբ Յիսուս իր ծառայութեան սկսաւ, Սատանան ջանաց զինք ծուղակը ձգել երեք փորձութիւններով։ Առաջին, Սատանան փորձեց Յիսուսի վրայ ճնշում բանեցնել, որ իր աստուածատուր ուժը անձնասիրաբար գործածէր իր փորը կշտացնելու։ Երկրորդ, ան ուզեց որ Յիսուս անմտօրէն իր կեանքը վտանգէր եւ մարդոց ուշադրութիւնը իր վրայ դարձնէր։ Երրորդ, Բանսարկուն Յիսուսին առաջարկեց տալ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները, պայմանաւ որ պաշտամունքի պզտիկ արարք մը ընէր։ Յիսուս երեք խորամանկ փորձութիւններն ալ մերժեց, ամէն անգամ Սուրբ Գրութիւններէն մէջբերելով (Մատթէոս 4։1-11. Ղուկաս 4։1-13

Յիսուս որո՞ւն կը խօսէր։ Իր մէջ եղած չար յատկութեա՞ն մը հետ։ Ըստ Աստուածաշունչին, Յիսուս «ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի» (Եբրայեցիս 4։15)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ. «Ան մեղք չգործեց ու իր բերնին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ» (Ա. Պետրոս 2։22)։ Յիսուս կատարեալ եւ ուղղամիտ մնաց։ Ան բնաւ չձգեց որ իր մէջ չար յատկութիւն մը զարգանայ։ Յստակ է որ Յիսուս իր մէջը եղած չարութեան մը հետ չէ որ կը խօսէր, հապա՝ իսկական անձնաւորութեան մը հետ։

Նոյն խօսակցութենէն կրնանք յաւելեալ ապացոյցներ տեսնել, թէ Սատանան իրական է։

  • Յիշենք որ Սատանան պաշտամունքի արարքի մը փոխարէն, Յիսուսին առաջարկեց աշխարհի բոլոր իշխանութիւնները (Մատթէոս 4։8, 9)։ Այս առաջարկը անիմաստ պիտի ըլլար, եթէ Սատանան իրական չըլլար։ Աւելին, Յիսուս Սատանային մեծ հեղինակութիւնը հարցականի տակ չդրաւ։

  • Երբ Յիսուս փորձութիւնները մերժեց, Սատանան «ատեն մը ետ կեցաւ անկէ» (Ղուկաս 4։13)։ Այս դէպքէն կը հասկնանք որ Սատանան չարութեան յատկութի՞ւն մըն է, թէ ոչ կ’ըմբռնենք որ յարատեւող եւ վճռական թշնամի մըն է։

  • Նկատէ թէ «հրեշտակները եկան ու [Յիսուսին] սպասաւորութիւն կ’ընէին» (Մատթէոս 4։11)։ Կասկած չկայ, թէ այս հրեշտակները իսկական հոգեղէն էակներ էին, որոնք եկան Յիսուսը քաջալերելու եւ անոր օգնելու։ Ուստի ինչո՞ւ պիտի ենթադրենք, թէ Սատանան իսկական հոգեղէն էակ մը չէր։

ԵՐԲ ՍԱՏԱՆԱՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԵՏ ԽՕՍԵՑԱՒ

Երկրորդ դէպքը կը գտնենք աստուածավախ Յոբի պատմութեան մէջ, ուր Աստուծոյ եւ Սատանային միջեւ երկու խօսակցութիւններ արձանագրուած են։ Երկուքին մէջ ալ Աստուած Յոբը գովեց անոր ուղղամտութեան համար։ Սատանան պնդեց, որ Յոբ միայն անձնասէր նպատակներով Աստուծոյ կը ծառայէր, ըսել ուզելով որ Աստուած Յոբին հաւատարմութիւնը ծախու կ’առնէր։ Խորքին մէջ, Սատանան կը դաւանէր թէ ինք Աստուծմէ աւելի լաւ կը ճանչնար Յոբը։ Եհովան * թոյլ տուաւ որ Սատանան Յոբէն խլէր անոր ունեցուածքը, զաւակները եւ նոյնիսկ առողջութիւնը։ Բայց ժամանակը ցոյց տուաւ, թէ Յոբի մասին Եհովայի ըսածը ճիշդ էր, իսկ Սատանայի ըսածը՝ սուտ։ Աստուած Յոբը օրհնեց անոր ուղղամտութեան համար (Յոբ 1։6-12. 2։1-7

Այս երկու խօսակցութիւններուն ընթացքին, արդեօք Եհովա Աստուած իր մէջը եղած չարութեա՞ն մը հետ կը խօսէր։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Աստուծոյ ճամբան կատարեալ է» (Բ. Թագաւորաց 22։31)։ Աստուծոյ Խօսքը նաեւ կ’ըսէ. «Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ Տէր Ամենակալ» (Յայտնութիւն 4։8)։ Սուրբ կը նշանակէ՝ անարատ, անբիծ, մեղքերէ զերծ։ Եհովան կատարեալ եւ անթերի է։ Ան չի կրնար որեւէ չար բնաւորութիւն ունենալ։

Աստուծոյ հետ Սատանայի խօսակցութիւնը իսկական հետեւանքներ բերաւ Յոբին

Ոմանք թերեւս առարկեն, թէ նոյնիսկ Յոբը իրական անձ մը չէր եւ հետեւաբար ամբողջ խօսակցութիւնը այլաբանական էր։ Բայց այս առարկութիւնը տրամաբանակա՞ն է։ Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ համարներ Յոբին իրական ըլլալը ցոյց կու տան։ Օրինակ, Յակոբոս 5։7-11–ին մէջ կը կարդանք, որ Յոբ քրիստոնեաներուն օրինակ մըն է, որպէսզի դժուար ժամանակներուն ներքեւ տոկան, ինչպէս նաեւ՝ մխիթարիչ յիշեցում մը, թէ Եհովա Աստուած այսպիսի համբերատարութիւն կը վարձատրէ։ Այս օրինակը որքա՞ն ազդու պիտի ըլլար, եթէ Յոբ իրական անձ մը չըլլար եւ Սատանայի յարձակումները առասպելական ըլլային։ Աւելին, Եզեկիէլ 14։14, 20–ը կը նշէ երեք արդար տղամարդիկ՝ Նոյ, Դանիէլ ե՛ւ Յոբ։ Նոյին եւ Դանիէլին պէս, Յոբ իսկական անձ մըն էր, մեծ հաւատքի տէր մարդ մը։ Եթէ Յոբ իրական էր, ուրեմն իր վրայ յարձակողը եւ զինք հալածողն ալ իրական էր։

Յստակ է որ Աստուածաշունչը Սատանան որպէս իրական հոգեղէն անձ կը ներկայացնէ։ Սակայն թերեւս հարց տաս. «Արդեօք ան այսօրուան աշխարհին մէջ որեւէ կերպով վտանգ կը սպառնա՞յ ինծի եւ իմ ընտանիքիս»։

Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ ՄԵՐ ՕՐԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Երեւակայէ թէ ոճրագործներու ամբոխ մը յանկարծ քաղաքդ խուժեց։ Բնականաբար, անհատական ապահովութիւնը եւ շրջակայքին բարոյականութիւնը պիտի նուազին։ Իսկ հիմա համանման պարագայ մը նկատի առ. Սատանան եւ իր դեւերը,– իսկական հոգեղէն էակներ, որոնք Սատանային պէս Աստուծոյ դէմ ըմբոստացան,– յա՛նկարծ երկիր կը նետուին։ Արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Պահ մը մտածէ թէ դուն ի՛նչ կը տեսնես տեղական եւ միջազգային լուրերէն։

  • Կը տեսնե՞ս թէ անիմաստ եւ վայրագ արարքները կ’աւելնան, հակառակ զանոնք կեցնելու երկրապարփակ ջանքերուն։

  • Կը տեսնե՞ս թէ ոգեհարցութիւն պարփակող ժամանցները կ’աւելնան, հակառակ անոր որ բազմաթիւ ծնողներ զանոնք երեխաներուն վնասակար կը նկատեն։

  • Կը տեսնե՞ս թէ միջավայրը անգթօրէն կը կործանի, հակառակ որ բարենպատակ մարդիկ կը ջանան զայն փրկել։

  • Կը զգա՞ս թէ ընկերութեան մէջ լուրջ սխալ մը կայ,– թէ որոշ ոյժ մը մարդկութիւնը դէպի աղէտ կ’առաջնորդէ։

Հաճիս նշմարէ, թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս կը յայտնէ այսօրուան խնդիրներուն ետին գտնուողին ինքնութիւնը. «Վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ. . . Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտնութիւն 12։9, 12)։ Ապացոյցները նկատի առնելէ ետք, շատեր եզրակացուցած են թէ Սատանան վտանգաւոր հոգեղէն անձ մըն է, որ մեր չորս կողմի աշխարհին մեծապէս կ’ազդէ։

Թերեւս հարց տաս թէ ինչպէ՛ս կրնաս պաշտպանուիլ։ Այս հարցումը տեղին է եւ յաջորդ յօդուածը կարգ մը գործնական խրատներ պիտի տայ։

^ պարբ. 12 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, «Եհովա» Աստուծոյ անունն է։