Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԻԿ ԸԼԼԱԼ

Աստուծոյ ուզածը կ’ընե՞ս

Աստուծոյ ուզածը կ’ընե՞ս

«Աչքի՛ս վրայ. ի՛նչ որ ուզես՝ կ’ընեմ»։ Այսպիսի խօսք մը որո՞ւ աւելի կ’ուղղէիր. օտար կամ ծանօթ անհատի՞ մը, թէ ոչ սիրելի բարեկամի մը։ Արդարեւ, սերտ բարեկամները բնականաբար կը մղուին իրարու համար պէտք եղածը ընելու։

Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, թէ Եհովա Աստուած միշտ իր երկրպագուներուն հաճելի բաներ կ’ընէ։ Օրինակ, Դաւիթ թագաւոր, որ Աստուծոյ հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունէր, ըսաւ. «Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ. . . համրանքէն աւելի շատ են» (Սաղմոս 40։5)։ Ասկէ զատ, Աստուած մինչեւ իսկ հաճելի բաներ կ’ընէ անոնց, որոնք տակաւին զինք չեն ճանչնար, «կերակուրներով եւ ուրախութիւնով [անոնց] սրտերը լեցնելով» (Գործք 14։16

Հաճոյքով բաներ կ’ընենք անոնց, որոնց կը սիրենք ու կը յարգենք

Քանի որ Եհովան ուրիշներու համար հաճելի բաներ ընելով կ’ուրախանայ, տրամաբանական է որ իրեն բարեկամ ըլլալ ուզողներն ալ ընեն այն բաները, որոնք ‘իր սիրտը կ’ուրախացնեն’ (Առակաց 27։11)։ Բայց յատկապէս ի՞նչ կրնաս ընել Աստուած հաճեցնելու համար։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի» (Եբրայեցիս 13։16)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ բարիք ընելը եւ ուրիշներուն օգնելը բաւարար է Եհովան հաճեցնելու համար։

«Առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Եբրայեցիս 11։6)։ Յատկանշական է որ «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց» եւ ե՛տքը «Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ» (Յակոբոս 2։23)։ Յիսուս Քրիստոս ալ ըսաւ որ Աստուծոյ պէտք է ‘հաւատանք’, եթէ կ’ուզենք Իր օրհնութիւնը վայելել (Յովհաննէս 14։1)։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնաս ունենալ այն հաւատքը, որ Աստուած կ’ուզէ տեսնել անոնց մէջ, որոնց իրեն կը մօտեցնէ։ Սկսելու համար, կրնաս կանոնաւորաբար Աստուածաշունչը՝ իր Խօսքը սերտել։ Այդպիսով «անոր կամքին գիտութիւնը» ձեռք պիտի ձգես եւ պիտի գիտնաս ինչպէ՛ս «ամէն բանի մէջ զինք հաճեցն[ել]»։ Ետքը, մինչ կը շարունակես Եհովայի մասին ճշգրիտ գիտութիւն ամբարել եւ իր արդար պահանջները կիրարկել, իրեն հանդէպ հաւատքդ պիտի աճի եւ ան քեզի աւելի պիտի մօտենայ (Կողոսացիս 1։9, 10