Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պարտքի դրամ պէ՞տք է առնեմ

Պարտքի դրամ պէ՞տք է առնեմ

«Պարտքի առնելը հարսանիք է. ետ վճարելը սուգ ընել է» (սուահիլի առակ մը)։

ԱՅՍ ասացուածքը հանրածանօթ է Արեւելեան Ափրիկէի մէջ։ Կասկած չկայ, թէ աշխարհի տարածքին շատեր ե՛ւս նոյնպէս կը խորհին։ Քո՛ւ կարծիքդ ի՞նչ է՝ բարեկամէ կամ ուրիշէ մը պարտքի դրամ առնելուն շուրջ։ Թերեւս փոխ առնելը երբեմն յանձնարարելի թուի, բայց արդեօք ատիկա լա՞ւ գաղափար մըն է։ Պարտք ընելուն վտանգներն ու թակարդները ի՞նչ են։

Ուրիշ սուահիլի առակ մը մատը վէրքին վրայ կը դնէ, ըսելով. «Փոխ առնելը եւ փոխ տալը բարեկամութիւնը կ’աւրեն»։ Ասիկա իրականութիւն է, քանի որ միշտ չէ որ ակնկալուածը տեղի կ’ունենայ, նո՛յնիսկ եթէ ծրագիրները լաւ ըլլան եւ դիտաւորութիւններն ալ՝ շատ անկեղծ։ Օրինակի համար, պարտատէրը կրնայ նեղանալ, եթէ պարտականը ժամանակին իր վճարումը չընէ։ Փոխ տուողին եւ փոխ առնողին միջեւ,– եւ մինչեւ իսկ անոնց ընտանիքներուն միջեւ,– կրնայ լարուածութիւն եւ գժտութիւն ըլլալ։ Որովհետեւ փոխառութիւնը կրնայ անհամութիւն պատճառել, լաւ կ’ըլլայ որ զայն սեպենք վերջին լուծում, քան թէ՝ դիւրին միջոց մը դրամական հարցերէ ձերբազատուելու։

Պարտքի դրամ առնելը կրնայ նոյնիսկ Աստուծոյ հետ անհատին փոխյարաբերութիւնը վտանգել։ Ինչպէ՞ս։ Նախ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ամբարի՛շտն է որ դիտումնաւոր կերպով չի վճարեր իր պարտքերը (Սաղմոս 37։21)։ Նաեւ կը յստակացնէ, թէ «փոխ առնողը փոխ տուողին ծառայ կ’ըլլայ» (Առակաց 22։7)։ Փոխառուն պէտք է գիտակցի, թէ այնքան ատեն որ պարտքը չէ վճարած, փոխ տուողին պարտաւոր է։ Ափրիկեան ուրիշ իրապաշտ առակ մը կ’ըսէ. «Եթէ անհատի մը ոտքերը պարտքի առնես, պիտի երթաս հո՛ն՝ ուր ինք կ’ուղղէ»։ Գաղափարը այն է, թէ երբ մէկը մեծ պարտքերու տակ ըլլայ, այլեւս ազատութիւն չ’ունենար իր ուզածը ընելու։

Ուստի պարտքի առնուած գումարը վերադարձնելը առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ. ապա թէ ոչ, շատ հաւանաբար դժուարութիւններ պիտի ծագին։ Երբ անհատին վճարելիք պարտքերը շատնան, ան կրնայ անհանգստանալ, անքուն գիշերներ անցընել, չափազանց աշխատիլ, եւ իր կողակիցին հետ բախումներ ունենալ. նոյնիսկ ընտանիքը կրնայ քայքայուիլ, չնշելով դատի կանչուիլ կամ բանտարկուիլ։ Հռովմայեցիս 13։8–ը իմաստութեամբ կ’ըսէ. «Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու»։

ԱՆՀՐԱԺԵ՞ՇՏ Է

Այս բոլորը ի մտի ունենալով, լաւագոյն բանն է զգուշանալ, երբ հարցը կը վերաբերի պարտքի դրամ առնելուն։ Խոհեմութիւն է հարցնել. «Իրապէս պէտք ունի՞մ պարտք ընելու։ Փոխ առնել կ’ուզեմ, որպէսզի շարունակեմ ընտանիքիս ապրո՞ւստը ճարել, թէ ոչ որոշ չափով ագահութիւն կայ, թերեւս կարողութենէս աւելի ճոխ կեանք մը ունենալու փափաք մը։ Ընդհանրապէս աւելի լաւ է քիչով բաւականանալ, քան թէ պարտքի տակ մտնել։

Անշուշտ, բացառութիւններ կան, օրինակ՝ երբ ստիպողական պարագայ մը ծագի եւ փոխ առնելը միակ լուծումը թուի։ Այսուհանդերձ, եթէ անհատ մը որոշէ փոխ առնել, հարկ է որ ցոյց տայ թէ լաւ սկզբունքներու տէր է։ Ինչպէ՞ս։

Առաջին, բնաւ մի՛ շահագործեր անհատ մը, պարզապէս քանի որ աւելի ունեւոր է։ Պէտք չէ խորհինք, որ երբ անձ մը բարեկեցիկ երեւնայ, պարտաւոր է մեզի նիւթապէս օգնելու, ոչ ալ պէտք է մտածենք, թէ կրնանք անկեղծ չըլլալ երբ իրմէ փոխ առնենք։ Մի՛ նախանձիր անոնց, որոնք ըստ երեւոյթին, ֆինանսական գետնի վրայ ապահով են (Առակաց 28։22

Երկրորդ, առանց ուշացնելու, անպայման պարտքդ վճարէ։ Եթէ փոխ տուողը որոշ ժամկէտ չդնէ, դո՛ւն պէտք է դնես եւ կառչիս ատոր։ Նախընտրելի է համաձայնագիր պատրաստել, որպէսզի որեւէ թիւրիմացութիւն չըլլայ (Երեմիա 32։9, 10)։ Եթէ կարելիութիւն կայ, պարտքդ անձնապէս վերադարձուր փոխ տուողին, որպէսզի անձա՛մբ շնորհակալութիւնդ յայտնես։ Առածդ խղճմտօրէն վերադարձնելը լաւ փոխյարաբերութիւններու կը նպաստէ։ Լերան քարոզին մէջ Յիսուս ըսաւ. «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ» (Մատթէոս 5։37)։ Ասկէ զատ, միշտ յիշէ Ոսկի կանոնը. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Մատթէոս 7։12

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՕԳՏԱԿԱՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Աստուածաշունչը հետեւեալ խրատը կու տայ՝ պարտքի դրամ առնելու փափաքը չէզոքացնելու համար. «Աստուածպաշտութիւնը գոհունակութիւնով մէկտեղ մեծ շահավաճառութիւն մըն է» (Ա. Տիմոթէոս 6։6)։ Ուրիշ խօսքով, պարտք առնելու գէշ հետեւանքներէն խուսափելու լաւագոյն միջոցն է, որ անհատը իր ունեցածովը գոհանայ։ Սակայն կը գիտակցինք, որ դիւրին չէ գոհունակ ըլլալ աշխարհի մը մէջ, որ անմիջական հաճոյք վայելելը կը շեշտէ։ «Աստուածպաշտութիւնը» հոս դեր կը խաղայ։ Ինչպէ՞ս։

Նկատի առ, զոր օրինակ, քրիստոնեայ զոյգ մը Ասիոյ մէջ։ Երբ երիտասարդ էին, կը հիանային անոնց վրայ, որոնք ի վիճակի էին տուն գնելու։ Ուստի իրենց պահած դրամով եւ դրամատունէն ու ազգականներէն պարտք առնելով, տուն գնեցին։ Բայց զոյգը շուտով զգաց՝ ամէն ամիս մեծ վճարումներ ընելու ծանր բեռը։ Անոնք աւելի աշխատեցան եւ առ ի հետեւանք, չկրցան իրենց զաւակներուն հետ շատ ժամանակ անցընել։ «Ճնշումը, ցաւը եւ անքնութիւնը կարծես ծանր ժայռ մըն էին գլխուս վրայ։ Շնչահեղձ կ’ըլլայի», ըսաւ ամուսինը։

«Նիւթական բաները հոգեւոր տեսանկիւնէն դիտելը պաշտպանութիւն է»

Ժամանակի ընթացքին, անոնք մտաբերեցին Ա. Տիմոթէոս 6։6–ի խօսքերը եւ որոշեցին, որ միակ լուծումը տունը ծախելն էր։ Երկու տարի առաւ մինչեւ որ իրենց բեռէն վերջապէս ձերբազատուեցան։ Այս զոյգը իր փորձառութենէն ի՞նչ սորվեցաւ։ «Նիւթական բաները հոգեւոր տեսանկիւնէն դիտելը պաշտպանութիւն է», եզրակացուցին անոնք։

Շատեր քաջածանօթ են յօդուածին սկիզբը նշուած սուահիլի առակին, բայց եւ այնպէս, մարդիկ տակաւին պարտք կ’ընեն։ Մեր նկատի առած Աստուածաշունչի սկզբունքներուն լոյսին ներքեւ, իմաստութիւն չէ՞ լրջօրէն մտածել այս հարցումին մասին. «Պարտքի դրամ պէ՞տք է առնեմ»։