ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հայրօ իր աչքերով Աստուծոյ կը ծառայէ
Կրնա՞ս երեւակայել որ չես կրնար մարմինդ հակակշռել, բացի աչքերէդ։ Եղբայրս Հայրոն այս դժուար վիճակը ունի։ Այսուհանդերձ ան իմաստալից կեանք մը կը վայելէ։ Ինչո՞ւ։ Պատճառը բացատրելէ առաջ, քեզի պատմեմ իր կենսագրութիւնը։
Հայրօ ծնած օրէն ունի ուղեղային անդամալուծութեան տեսակ մը, որ կը կոչուի՝ ստնգական քառանդամալուծութիւն (spastic quadriplegia) *։ Առ ի հետեւանք, ան իր մարմնին մեծ մասը չի կրնար հակակշռել։ Իր ուղեղը մկաններուն յստակ հրամաններ չ’ուղղեր, ուստի թեւերն ու ոտքերը ակամայ կը շարժին։ Երբեմն, այս չակնկալուած շարժումները կրնան պատճառ ըլլալ որ Հայրօ ինքզինքին վնաս հասցնէ, ինչպէս նաեւ իրեն մօտ եղող անուշադիր անհատները կրնան վնասուիլ։ Ցաւօք սրտի, այսպիսի արկածներու առաջքը առնելու համար, յաճախ պէտք է բազուկներն ու սրունքները իր անուաթոռին կապել։
ՑԱՒԵՐՈՎ ՄԵԾՆԱԼ
Հայրոյի ֆիզիքական աճումը խիստ ցաւերով էր։ Երբ ան երեք ամսու էր, սկսաւ լուսնոտութեան նոպաներ ունենալ ու մարիլ։ Շատ յաճախ, մայրս զինք ամրօրէն գրկելով հիւանդանոց կը հասցնէր, համոզուած՝ թէ ան մահացաւ։
Սեղմումի ու պրկումի հետեւանքով, ժամանակի ընթացքին Հայրոյի ոսկորները այլանդակ եղան։ 16 տարեկանին, իր որովայնակոնքը տեղէն խախտեց, ինչ որ պահանջեց իր զիստը, երանքն ու որովայնակոնքը մեծ վիրաբուժութեան մը ենթարկել։ Տակաւին կը յիշեմ թէ ինչպէս ապաքինումի ընթացքին Հայրօ ամէն գիշեր իր ցաւերէն կը ճչար։
Ան մեծապէս անկար ըլլալով՝ բոլորովին կ’ապաւինի ուրիշներու, որ առօրեայ գործունէութիւններ կատարեն, ինչպէս՝ զինք կերակրել, հագցնել ու անկողինը դնել։ Սովորաբար հայրս ու մայրս այս պարտականութիւնները կ’ընեն։ Թէեւ Հայրօ յարատեւ օգնութեան կարիք ունի, բայց ծնողքս միշտ իրեն կը յիշեցնէ, թէ իր կեանքը կախեալ է ոչ միայն մարդոցմէ, այլեւ Աստուծմէ։
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՊ ՄԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆՈՒԻ
Ծնողներս Եհովայի վկայ են, եւ Աստուածաշունչի պատմութիւնները Հայրոյի կը կարդային, իր մանկութենէն ի վեր։ Անոնք միշտ գիտակից էին որ կեանքը աւելի իմաստալից է, երբ անհատը Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւն ունի։ Հայրօ արգելափակուած էր տկար մարմնի մը մէջ, որ անդադար կը շարժէր, բայց ան կրնար ապագային համար ունենալ փայլուն ու հաստատ յոյս մը։ Սակայն ծնողքս յաճախ հարց կու տար, թէ արդեօք Հայրօ կրնա՛յ աստուածաշնչական գիտութիւնը ըմբռնել։
Օր մը, երբ Հայրօ երեխայ էր, հայրս իրեն հարցուց. «Հաճիս, կրնա՞ս ինծի բան մը ըսել»։ Ապա աւելցուց. «Եթէ իրապէս զիս կը սիրես, կրնա՛ս»։ Մինչ հայրս աղաչեց որ առնուազն մէկ բառ ըսէ,
Հայրոյի աչքերը արցունքով լեցուեցան։ Ան թէեւ ջանաց իր զգացումները բառերով արտայայտել, բայց միայն անհասկնալի ձայներ հանեց։ Հայրս գէշ զգաց որ զինք մղեց լալու, սակայն այս հակազդեցութիւնը յայտնեց որ Հայրոն հասկցաւ իր հօր ըսածը։ Խնդիրը այն էր, որ Հայրոն չէր կրնար խօսիլ։Շատ չանցած, ծնողքս նկատեց որ Հայրոն երբեմն իր աչքերը արագօրէն կը շարժէր, կարծես կը փորձէր իր մտածումներն ու զգացումները հաղորդել։ Ան յուսախաբ կ’ըլլար, երբ չէինք հասկնար թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզէր։ Բայց երբ ծնողքս գիտնար իր աչքի նշաններուն նշանակութիւնը եւ իր ուզածը կատարէր, Հայրոյի դէմքին վրայ մեծ ժպիտ մը կը փայլէր,– «Շնորհակալ եմ» ըսելու իր կերպը։
Լեզուաբոյժ մը թելադրեց որ աւելի լաւ հաղորդակցութեան համար, երբ Հայրոյի ուղղենք հարցումներ, որոնց պատասխանը «այո՛» կամ «ո՛չ» է, մեր երկու ձեռքերը վեր պահենք, աջ ձեռքը նշանակելով «այո՛», իսկ ձախ ձեռքը՝ «ո՛չ»։ Այսպէս ան կրնայ իր փափաքը յայտնել, իր աչքերը ուղղելով համապատասխան ձեռքին։
ՀԱՅՐՈՅԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Տարին երեք անգամ Եհովայի վկաները համաժողովներ կը կայացնեն, ուր աստուածաշնչական դասախօսութիւններ կը ներկայացուին։ Հայրօ միշտ կ’ոգեւորուէր, երբ մկրտութեան դասախօսութիւնը կ’ունկնդրէր։ Օր մը, երբ ան 16 տարեկան էր, հայրս իրեն հարցուց. «Կ’ուզե՞ս մկրտուիլ»։ Իսկոյն հօր աջ ձեռքին նայելով՝ յայտնեց իր փափաքը այդ քայլը առնելու։ Ապա հայրս հարցուց. «Աղօթքով Աստուծոյ խոստացա՞ծ ես իրեն յաւիտեան ծառայել»։ Դարձեալ Հայրօ ուղղակի նայեցաւ հօրս աջ ձեռքին։ Բացորոշ էր որ ան արդէն իր կեանքը Եհովայի նուիրած էր։
Աստուածաշնչական քննարկութիւններէ ետք, նաեւ յստակ էր որ Հայրօ քրիստոնէական մկրտութեան նշանակութիւնը հասկցած էր։ Ուստի, 2004–ին, ան պատասխանեց իրեն ուղղուած ամէնէն կարեւոր հարցումին. «Աստուծոյ նուիրուա՞ծ ես իր կամքը ընելու»։ Ան «այո՛» պատասխանեց, այս անգամ իր աչքերը դէպի վեր ուղղելով, ինչպէս նախապէս կարգադրուած էր։ Այսպէս ան 17 տարեկանին մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի վկայ։
ԱՉՔԵՐԸ ՍԵՒԵՌԱԾ ՊԱՀԵԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԲԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
2011–ին, Հայրոյի համար հաղորդակցութեան նոր միջոց մը մատչելի եղաւ,– աչքով ղեկավարուած համակարգիչ։ Այս սարքը կը հետապնդէ իր աչքերուն շարժումները, այնպէս որ Հայրօ կրնայ պաստառին պատկերակները գործօն դարձնել։ Պատկերակի մը նայելով աչքերը թարթելը կամ սեւեռելը կը նմանի մկնիկով կտտացնելուն։ Առ ի օգնութիւն Հայրոյի, պաստառին վրայ ցուցադրուող պատկերներ պատրաստուեցան, որոնք բառեր կամ արտայայտութիւններ կը խորհրդանշեն։
Երբ անոնցմէ մէկուն նայելով իր աչքերը կը թարթէ, համակարգիչէն կը լսուի նախապէս գրուած պատգամ մը։Աստուածաշունչը հետզհետէ աւելի հասկնալով, ան սկսաւ ա՛լ աւելի փափաքիլ ուրիշներու հոգեւորապէս օգնել։ Մեր շաբաթական Աստուածաշունչի ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին, ան յաճախ փոխնիփոխ կը նայի ինծի եւ իր համակարգիչին։ Այսպէս ինծի կը յիշեցնէ, որ մեկնաբանութիւններ գրի առնեմ, որպէսզի զանոնք ներկայացնէ քրիստոնէական ժողովներուն մէջ։
Ժողովին մէջ, ան համբերութեամբ պաստառը աչքէ կ’անցընէ, որպէսզի յարմար պատկերակը կտտացնէ, եւ ապա ամէն ոք կը լսէ համակարգիչէն ելած խօսքերը։ Ան ուրախութեամբ կը ժպտայ, ամէն անգամ որ այս կերպով ժողովքի անդամները կը քաջալերէ։ Ալեքս, որ Հայրոյի երիտասարդ մէկ բարեկամն է, կ’ըսէ. «Միշտ կը տպաւորուիմ, երբ կը լսեմ Հայրոյի մեկնաբանութիւնները աստուածաշնչական նիւթի մը շուրջ»։
Հայրոն իր աչքերը նաեւ կը գործածէ, իր հաւատալիքներուն մասին ուրիշներու պատմելու։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ դրախտը նկարագրող պատկերը կտտացնել։ Երբ զայն գործօն դարձնէ, համակարգիչին ելեկտրոնային ձայնը կը ծանուցանէ. «Աստուածաշունչի մատուցած յոյսը այն է, թէ երկիրը դրախտ պիտի ըլլայ, ուր այլեւս հիւանդութիւն եւ մահ պիտի չըլլան, Յայտնութիւն 21։4»։ Եթէ անհատը հետաքրքրուի, Հայրօ այլ կտտոցով մը կը պատճառէ որ համակարգիչը ըսէ. «Կը փափաքի՞ս Աստուածաշունչը սերտել ինծի հետ»։ Անակնկալ մըն էր, որ մեր մեծ հայրը այս հրաւէրը ընդունեց։ Ի՜նչ ոգեւորիչ է տեսնել թէ ինչպէս Վկայի մը օգնութեամբ Հայրօ դանդաղօրէն մեծ հօր կը սորվեցնէ Աստուածաշունչը։ Օգոստոս 2014–ին, ան Մատրիտի մէջ կայացուած մարզային համաժողովին մկրտուեցաւ։
Դպրոցին մէջ Հայրոյի ուսուցիչները կը նշմարեն իր աստուածպաշտութիւնը։ Ռոսարիօ, իր լեզուաբոյժներէն մէկը, անգամ մը խոստովանեցաւ. «Եթէ երբեք մտածեմ կրօնքի մը պատկանելու մասին, պիտի որոշեմ Եհովայի վկաներէն մէկը ըլլալ։ Տեսած եմ ինչպէս Հայրոյի հաւատքը իրեն տուած է կեանքի իսկական նպատակ, հակառակ իր դժուարին կացութեան»։
Հայրոյի աչքերը միշտ կը փայլին, երբ իրեն կը կարդամ Աստուածաշունչի խոստումը. «Կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ» (Եսայի 35։6)։ Թէեւ ատեններ ան կը վհատի, բայց ընդհանուր առմամբ լաւ տրամադրութիւն ունի։ Ասիկա կարելի է միայն քանի որ իր կեանքը կը դառնայ Աստուծոյ շուրջ եւ իր քրիստոնեայ բարեկամներուն շուրջ։ Իր դրական մտածելակերպը եւ զօրաւոր հաւատքը կ’ապացուցանեն, թէ Եհովայի ծառայելը դժուարին կեանքը իմաստալից կը դարձնէ։
^ պարբ. 5 Ուղեղային անդամալուծութիւնը ընդհանուր արտայայտութիւն մըն է, որ կը նկարագրէ ուղեղի այն վնասուածքը, որ մարմնի շարժումներուն կ’ազդէ։ Անիկա նաեւ կը պատճառէ լուսնոտութեան նոպաներ, սննդառութեան խանգարումներ եւ խօսելու դժուարութիւն։ Ուղեղային անդամալուծութեան ամէնէն ծանր տեսակն է՝ ստնգական քառանդամալուծութիւնը, որ կրնայ պատճառել պիրկ թեւեր ու ոտքեր եւ երերուն վիզ։