Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՅԻՍՈՒՍ Ի՞ՆՉ ԲԱՆԷ ԿԸ ՓՐԿԷ

Յիսուսի մահը ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի յիշատակուի

Յիսուսի մահը ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի յիշատակուի

Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց որ իր կատարելիք զոհագործութիւնը յիշատակեն, ըսելով. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար» (Ղուկաս 22։19

Այս տարի, Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնը կը զուգադիպի ուրբաթ, ապրիլ 3–ին, արեւամուտէն ետք։ Եհովայի վկաները քեզ եւ ընտանիքդ կը հրաւիրեն ներկայ գտնուելու եւ ունկնդրելու դասախօսութիւն մը, որ պիտի բացատրէ թէ Յիսուսի մահը ինչո՛ւ շատ կարեւոր է եւ ինչպէ՛ս կրնաս անկէ օգտուիլ։