Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Հռոմէական բանակին մէջ հարիւրապետին դերը ի՞նչ էր։

Մարկոս Ֆավոնիոս Ֆասիլըս Հարիւրապետին կոթողը

Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կ’ակնարկեն կարգ մը հռոմայեցի հարիւրապետներու։ Հարիւրապետի մը վերահսկողութեան տակ՝ Յիսուս մահապատիժի ենթարկուեցաւ։ Քրիստոնէութիւնը ընդունող առաջին ոչ–հրեան՝ Կոռնելիոս, հարիւրապետ էր։ Պօղոս առաքեալ վերակացու հարիւրապետի մը առջեւ պիտի ծեծուէր, իսկ Յուլիոս անունով հարիւրապետը զինք Իտալիա հասցուց (Մարկոս 15։39. Գործք 10։1. 22։25. 27։1

Հարիւրապետը սովորաբար կ’առաջնորդէր զօրախումբ մը, որ կը բաղկանար 50-100 հետեւակներէ։ Անոր պարտականութիւնները կը պարփակէին՝ իր զինուորները մարզել ու կրթել, անոնց տարազն ու սպառազինութիւնը քննել, եւ պատերազմի ժամանակ անոնց հրամաններ տալ։

Հարիւրապետ ըլլալը բարձրագոյն դիրքն էր, որուն կրնար պարզ զինուորը հասնիլ։ Այս պաշտօնին տիրացողները արհեստավարժ զինուորներ էին, որոնք լաւ առաջնորդներ պէտք էր ըլլային։ Հռոմէական բանակին կարգապահութիւնը եւ ընդունակութիւնը անոնցմէ կախեալ էին։ Աղբիւր մը կը նշէ, թէ հարիւրապետները «բանակին մէջ յաճախ ամէնէն փորձառու եւ լաւատեղեակ տղամարդիկն էին»։

Աստուածաշունչի օրերուն գործածուած հայելիները ինչպէ՞ս կը տարբերէին հիմակուան հայելիներէն։

Վաղեմի եգիպտական հայելի մը

Ի տարբերութիւն այժմու ապակեայ հայելիներուն, Աստուածաշունչի օրերուն գործածուած հայելիները ընդհանրապէս շինուած կ’ըլլային շատ լաւ յղկուած մետաղներէ,– սովորաբար պրոնզէ, բայց հաւանաբար նաեւ պղինձէ, արծաթէ, ոսկիէ կամ սաթէ։ Աստուածաշունչը առաջին անգամ հայելիին մասին կը նշէ, երբ իսրայէլացիներուն պատշամունքի առաջին կեդրոնին՝ խորանին, շինարարութեան մասին կը խօսի։ Կիները պղնձէ աւազանին եւ անոր խարիսխին շինարարութեան համար իրենց հայելիները նուիրեցին (Ելից 38։8)։ Ենթադրաբար, հայելիները պէտք էր հալեցուէին այս նպատակին ծառայելու համար։

Իսրայէլի մէջ եւ անոր մօտակայքը կատարուած հնագիտական պեղումներու միջոցով յայտնաբերուած հայելիներուն կողքին ընդհանրապէս գտնուած են գոհարեղէններ եւ ա՛յլ կանացի զարդեր։ Ընդհանուր առմամբ, այդ հայելիները կլոր էին եւ անոնց զարդարուած՝ տախտակէ, մետաղէ կամ փղոսկրէ կոթը յաճախ իգական կերպարանք ունէր։ Հայելիին չյղկուած երեսը ընդհանրապէս անզարդ կը մնար։

Վաղեմի հայելիները այժմու ապակեայ հայելիներուն պէս յստակ արտացոլում չունէին։ Եւ Պօղոս առաքեալ հաւանաբար այս կէտը ի մտի ունէր երբ ըսաւ. «Հիմա մենք որպէս թէ հայելիի մէջ կը տեսնենք անյայտ կերպով» (Ա. Կորնթացիս 13։12