Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՄԱՀՈՒԸՆԷ ԵՏՔ ԿԵԱՆՔ ԿԱ՞Յ

Մեռելներուն համար յոյս մը կա՞յ

Մեռելներուն համար յոյս մը կա՞յ

Կարելի՞ է որ մեռելները դարձեալ ապրին։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ։ «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան» (Յովհաննէս 5։28, 29

Այս խօսքերով Յիսուս մարգարէացաւ, որ ապագային՝ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ, գերեզմանները պիտի պարպուին։ «Առաջին անգամ որ Յովհաննէս 5։28, 29–ը կարդացի անակնկալի եկայ», կ’ըսէ Ֆերնանտոն, որ նախորդ յօդուածին մէջ նշուեցաւ։ «Անիկա ինծի իսկական յոյս մը տուաւ եւ սկսայ ապագան լաւատեսութեամբ դիտել»։

Անցեալին, հաւատարիմ Յոբ յուսաց որ իր մահէն ետք Աստուած ի վերջոյ զինք պիտի յարուցանէր։ Յոբ հարցուց. «Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք»։ Ապա ան ինքնավստահութեամբ պատասխանեց. «Պատերազմիս բոլոր օրերը [գերեզմանին մէջ ժամանակը] պիտի սպասեմ, մինչեւ որ իմ փոխուելու կարգս գայ։ Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ» (Յոբ 14։14, 15

Ղազարոսի յարութիւնը ապագայի նկատմամբ մեզի յոյս կու տայ

Յարութիւնը նորութիւն մը չէր Ղազարոսին քրոջ՝ Մարթային համար։ Ղազարոսին մահէն ետք Յիսուս Մարթային ըսաւ. «Եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։ Մարթան պատասխանեց. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։ Յիսուս իրեն ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յովհաննէս 11։23-25)։ Ապա Յիսուս անմիջապէս Ղազարոսը յարուցանեց։ Այդ ոգեւորիչ պատմութիւնը նախանմոյշ մըն էր աւելի մեծ դէպքերու, որոնք ապագային պիտի պատահին։ Երեւակայէ թէ այսպիսի յարութիւններ ամբողջ աշխարհին մէջ տեղի կ’ունենան։

Ոմանք երկնային յարութիւն պիտի ստանա՞ն։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ։ Աստուծոյ Խօսքը ցոյց կու տայ թէ Յիսուսի յարութիւնը Աստուածաշունչին մէջ նշուած միւս ութ յարութիւններէն տարբեր էր։ Այդ ութ անհատները դարձեալ ապրեցան հոս՝ երկրի վրայ։ Բայց Յիսուսի յարութեան մասին կը կարդանք. «Յիսուս Քրիստոս. . . երկինք գացած՝ Աստուծոյ աջ կողմն է» (Ա. Պետրոս 3։21, 22)։ Միայն Յիսո՞ւս երկնային յարութիւն պիտի ստանար։ Ան նախապէս իր առաքեալներուն ըսած էր. «Եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն պիտի գամ եւ ձեզ քովս առնեմ, որպէս զի ո՛ւր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք» (Յովհաննէս 14։3

Քրիստոս երկինք համբարձաւ եւ իր աշակերտներէն ոմանց տեղ պատրաստեց։ Ի վերջոյ, երկնային յարութիւն ստացողներուն թիւը 144,000 պիտի ըլլայ (Յայտնութիւն 14։1, 3)։ Բայց Յիսուսի հետեւորդները հոն ի՞նչ պիտի ընեն։

Անոնք ընելիք շատ բան պիտի ունենան։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Երանելի եւ սուրբ է ա՛ն, որ առաջին յարութեանը մէջ բաժին ունի։ Ասոնց վրայ երկրորդ մահը իշխանութիւն չունի, հապա անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն» (Յայտնութիւն 20։6)։ Երկնային յարութիւն ստացողները Քրիստոսի հետ երկրի վրայ պիտի իշխեն որպէս թագաւորներ ու քահանաներ։

Երկնային յարութենէն ետք որո՞նք պիտի յարուցանուին։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ։ Պօղոս առաքեալ հետեւեալը ըսաւ. «Յոյս ունիմ առ Աստուած, ինչպէս ասոնք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15

Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը վստահեցնէ թէ միլիոնաւոր մեռած անհատներ դարձեալ պիտի ապրին

Պօղոսի նշած «արդարներ»ը որո՞նք են։ Նկատի առ օրինակ մը. հաւատարիմ Դանիէլի կեանքի վերջաւորութեան իրեն ըսուեցաւ. «Պիտի հանգչիս ու օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս» (Դանիէլ 12։13)։ Դանիէլ մահուան քունէն ո՞ւր պիտի արթննայ։ «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։ Եւ Յիսուս մարգարէացաւ. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատթէոս 5։5)։ Դանիէլ եւ այլ հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ պիտի յարուցանուին դարձեալ երկրի վրայ ապրելու համար,– այս անգամ յաւիտեան։

Պօղոսի նշած «մեղաւորներ»ը որո՞նք են։ Անոնք ապրած ու մեռած միլիառաւոր անհատներ են, որոնցմէ շատեր առիթը չեն ունեցած Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները հասկնալու եւ կիրարկելու։ Յարութիւն առնելէ ետք անոնք պիտի կարենան Եհովա * Աստուած եւ Յիսուս ճանչնալ եւ անոնց երախտապարտ ըլլալ (Յովհաննէս 17։3)։ Բոլոր անոնք, որոնք կ’որոշեն Աստուծոյ ծառայել, հեռանկարը ունին ապրելու ա՛յնքան՝ որքան Եհովա Աստուած կ’ապրի,– յաւիտեան։

Բոլոր անոնք, որոնք կ’որոշեն Աստուծոյ ծառայել, կատարեալ առողջութեամբ եւ երջանկութեամբ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը պիտի ունենան

Երկրի վրայ ինչպիսի՞ վիճակներ պիտի տիրեն։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ։ Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (Յայտնութիւն 21։4)։ «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն» (Եսայի 65։21

Երեւակայէ թէ յարութիւն առած սիրելիներուդ հետ այսպիսի վիճակներու մէջ կ’ապրիս։ Բայց հարցում մը կը ծագի. ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ որ յարութիւն պիտի ըլլայ։

^ պարբ. 15 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, «Եհովա» Աստուծոյ անունն է։