Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Կը կարծէի որ կեանքս լիովին կը վայելեմ

Կը կարծէի որ կեանքս լիովին կը վայելեմ
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1982

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ԼԵՀԱՍՏԱՆ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ։ ՎԱՅՐԱԳ, ԹՄՐԱՄՈԼ ԵՒ ԿԱՐԿԱՌՈՒՆ ԱՍՊԱՐԷԶ ՀԵՏԱՊՆԴՈՂ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Ծնած եմ Լեհաստանի մէկ գիւղաքաղաքին մէջ, գերմանական սահմանէն ոչ շատ հեռու։ Ագարակներով եւ անտառներով շրջապատուած այդ շրջանին մէջ խաղաղ կեանք մը կը վարէի։ Սիրելի ծնողներս զիս քաջալերեցին որ լաւ կեանք մը վարեմ, դպրոցին մէջ յաջողիմ եւ կարկառուն ասպարէզի մը հետամուտ ըլլամ։

Խնդիրներս սկսան երբ Վրոցուաֆ քաղաքը մեկնեցայ համալսարանի մը մէջ իրաւաբանութիւն ուսանելու։ Ծնողներէս հեռու՝ վնասակար ընկերակիցներ ունեցայ։ Օրէն ֆութպոլ շատ կը սիրէի, բայց նոր ընկերակիցներէս ազդուելով՝ այդ խաղին մոլեռանդ մէկ համակիրը դարձայ։ Նախասիրած խումբս Վարշաւիայէն եկաւ. շաբաթավերջերուն խումբը ո՛ւր որ խաղալու երթար, ես ալ հոն կ’երթայի։ Այդ ուղեւորութիւններուն ընթացքին չափազանց ալքոլ կը խմէի, թմրեցուցիչ կը գործածէի եւ ատեն–ատեն հակառակ խումբի համակիրներուն հետ վայրագ բախումներ կ’ունենայի։ Ինծի համար ասիկա ամէնօրեայ կեանքի ճնշումներէն փախչելու կերպ մըն էր, հակառակ անոր որ գիտէի թէ ամբողջ ասպարէզս կրնար քանդուիլ եթէ ոստիկանութիւնը զիս ձերբակալէր։

Կը սիրէի ընկերներուս հետ գիշերային վայրեր եւ տիսքօ երթալ։ Մէյ մը որ այսպիսի վայրեր գտնուէինք, յաճախ փողոցները կռիւներու միջամուխ կ’ըլլայինք։ Ոստիկանութիւնը քանի մը անգամ ձերբակալեց զիս, բայց միշտ ալ կը յաջողէի օրէնքին դէմ լուրջ խնդիրներու մէջ իյնալէ խուսափիլ,– երբեմն կաշառք տալով։ Իրապէս կը կարծէի որ կեանքս լիովին կը վայելեմ։ Ասով հանդերձ, մէջէս գիտէի որ ինչ որ կ’ընէի սխալ էր։ Ուստի, ամէն կիրակի եկեղեցի կ’երթայի՝ փորձելով խղճի խայթս թեթեւցնել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

2004–ին, երկու Եհովայի վկաներ դուռս զարկին, եւ ես ընդունեցի անոնց հետ Աստուածաշունչը քննարկել։ Մինչ ա՛լ աւելի կը սորվէի թէ ի՛նչ կը նշանակէ ճշմարիտ քրիստոնեայ ըլլալ, խիղճս սկսաւ իրապէս զիս տանջել։ Գիտէի որ պէտք է դադրիմ չափազանց խմելէ, թմրեցուցիչ գործածելէ եւ ընկերակցելէ այնպիսի մարդոց հետ, որոնք Աստուածաշունչի չափանիշներուն համաձայն չեն ապրիր։ Նաեւ, անդրադարձայ որ պէտք է կռուազան եւ վայրագ անձնաւորութիւնս փոխեմ։ Հակառակ անոր որ գիտէի թէ ապրելակերպիս մէջ փոփոխութիւններ պէտք էր մտցնէի, սխալ ընթացքս շարունակեցի։

Կեանքիս դարձակէտը եղաւ այն գիշերը, երբ կռիւ ըրի 8 տղամարդոց հետ։ Կը յիշեմ թէ գետին փռուած էի փողոցը, ուր գլխէս կռփահարած էին ու ոտքով զիս հարուածած էին։ Մահամերձ ըլլալով աղօթեցի. «Ներողութիւն Եհովա որ Խօսքդ լուրջի չառի։ Եթէ ողջ մնամ, կը խոստանամ Աստուածաշունչը Վկաներուն հետ սերտել եւ կեանքիս ընթացքը փոխել»։ Զարմանալին այն է որ իսկապէս ողջ մնացի. եւ խոստումիս տէրը ելայ։

2006–ին, Անգլիա փոխադրուեցայ։ Նպատակակէտ դրած էի բաւարար դրամ շահիլ որ Լեհաստան վերադառնամ եւ իրաւաբանական մասնագիտութեան մէջ բարձրագոյն ուսում ստանամ։ Մինչ կը շարունակէի Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, համար մը զիս մեծապէս տպաւորեց։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Իրաւ բոլոր բաներն ալ վնաս կը սեպեմ իմ Տէրոջս Քրիստոս Յիսուսին գերազանց գիտութեանը համար. որուն համար ամէն բանէ զրկուեցայ եւ աղտեղութիւն կը սեպեմ, որպէս զի Քրիստոսը շահիմ» (Փիլիպպեցիս 3։8)։ Ինծի պէս, Պօղոս առաքեալն ալ օրէնքը սորված էր եւ վայրագ անձ մը եղած էր (Գործք 8։3)։ Բայց Պօղոս նկատեց թէ աւելի լաւ կենցաղակերպ մը կայ. Աստուծոյ ծառայել եւ իր ամէն կարելին ընել՝ Յիսուսը ընդօրինակելու։ Երբ Պօղոսի օրինակին վրայ խոկացի, անդրադարձայ որ շահաբեր գործն ու վայրագ վարքը ուրախութեան առաջնորդող բանալիներ չեն։ Համոզուեցայ որ եթէ Պօղոս կրցաւ փոխուիլ, ես ալ կրնայի փոխուիլ։ Որոշեցի Անգլիա մնալ եւ բարձրագոյն ուսումի հետամուտ չըլլալ։

Որքա՛ն աւելի Եհովային մասին սորվէի, այնքա՛ն աւելի կը զգայի թէ իրեն կը մօտենայի։ Սրտիս դպաւ այն խոստումը թէ ան պիտի ներէ բոլոր անոնց՝ որոնք անկեղծօրէն կ’ուզեն փոփոխութիւններ ընել (Գործք 2։38)։ Եւ երբ խոկացի Ա. Յովհաննէս 4։16–ին վրայ, որ կ’ըսէ թէ «Աստուած սէր է», սկսայ ըմբռնել թէ Աստուած ինչո՛ւ բռնութիւնը կ’ատէ։

Ուզեցի Վկաներուն վայելած ուրախ եղբայրութեան մաս կազմել

Վկաներուն վարքն ալ զիս մեծապէս տպաւորեց։ Յստակ էր թէ անոնք կը ջանան Աստուածաշունչի բարոյական բարձր չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։ Ուզեցի իրենց վայելած ուրախ եղբայրութեան մաս կազմել։ Կարգ մը պայքարներ մղելէ եւ կեանքիս մէջ ճշդումներ կատարելէ ետք, 2008–ին մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ։

Էսթըրն ու ես իսկական ուրախութիւն կը վայելենք Աստուածաշունչը սորվեցնելով լեհախօս մարդոց

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Աստուածաշունչը զիս փոխած է։ Նախապէս՝ փառասէր, վայրագ, թմրամոլ, ալքոլամոլ եւ ֆութպոլի մոլեռանդ համակիր մըն էի։ Իսկ հիմա Աստուծոյ ծառայ մըն եմ, որ կ’ուրախանայ ուրիշներուն Աստուածաշունչին մասին սորվեցնելով։ Տակաւին կը սիրեմ ֆութպոլ դիտել, բայց վճռած եմ զայն իր պատշաճ տեղը պահել։

Հիմա ուրախ ամուսնութիւն մը կը վայելեմ։ Կինս՝ Էսթըրը, Եհովայի հիանալի մէկ երկրպագուն է։ Իսկական ուրախութիւն կը վայելենք Աստուածաշունչը սորվեցնելով լեհախօս մարդոց, որոնք կ’ապրին Անգլիոյ հիւսիս արեւմուտքը։ Կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով իսկապէս գոհունակ կը զգամ։ Մաքուր խղճմտանք ունիմ եւ իմաստալից ու ճոխ կեանք մը կը վայելեմ։