Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ԴԻՏԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԸ

Առաջին դարուն Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէր

Առաջին դարուն Աստուած պատերազմները ինչպէ՛ս կը դիտէր

Ժողովուրդը կը հարստահարուէր։ Իրենց նախահայրերուն նման, առաջին դարու հրեաները անկասկած կրկին անգամ աղօթքով Աստուծմէ հանգստութիւն խնդրեցին, այս անգամ Հռոմէական կայսրութեան կեղեքիչ լուծէն ազատելու համար։ Ապա անոնք Յիսուսի մասին լսեցին։ Ան նախագուշակուած Մեսիա՞ն էր։ Զարմանալի չէ որ շատեր ‘կը յուսային որ անիկա էր, որ Իսրայէլը պիտի ազատէր’ հռոմայեցի կեղեքիչներէն (Ղուկաս 24։21)։ Բայց ժողովուրդին անմիջապէս հանգստութիւն չտրուեցաւ։ Հապա Ք.Ե. 70–ին հռոմէական բանակը եկաւ եւ Երուսաղէմն ու անոր տաճարը կործանեց։

Ի՞նչ պատահեցաւ։ Աստուած ինչո՞ւ հրեաներուն համար չպատերազմեցաւ, ինչպէս անցեալին ըրած էր։ Կամ ան ինչո՞ւ իրենց իրաւասութիւն չտուաւ որ հարստահարումէն ազատելու համար պատերազմէին։ Արդեօք պատերազմի նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը փոխուա՞ծ էր։ Ո՛չ։ Բայց հրեաներուն նկատմամբ բան մը կար որ մեծապէս փոխուած էր։ Անոնք մերժած էին թէ Յիսուս Մեսիան էր (Գործք 2։36)։ Ուստի, որպէս ազգ Աստուծոյ հետ իրենց յատուկ փոխյարաբերութիւնը կորսնցուցին (Մատթէոս 23։37, 38

Հրեայ ազգը եւ Աւետեաց երկիրը ա՛լ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը չէին վայելեր։ Հրեաները ա՛լ չէին կրնար դաւանիլ թէ պատերազմներուն մէջ Աստուծոյ հաւանութիւնը կամ աջակցութիւնը ունէին։ Ինչպէս Յիսուս մարգարէացաւ, Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալուն հետ կապ ունեցող օրհնութիւնները մարմնաւոր Իսրայէլ ազգէն առնուեցան եւ տրուեցան նոր ազգի մը,– հոգեւոր ազգ մը, որ կը կոչուի «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը (Գաղատացիս 6։16. Մատթէոս 21։43)։ Հոգիով օծուած քրիստոնեաներէ բաղկացած ժողովքը եղաւ Աստուծոյ հոգեւոր իսրայէլը։ Առաջին դարուն անոնց յստակօրէն ըսուեցաւ. «Հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք» (Ա. Պետրոս 2։9, 10

Քանի որ առաջին դարու քրիստոնեաները այժմ «Աստուծոյ ժողովուրդ»ն էին, Աստուած ի նպաստ իրենց պատերազմեցա՞ւ, որպէսզի հռոմէական հարստահարութենէն ազատէր զիրենք։ Կամ իրենց իրաւասութիւն տուա՞ւ որ զիրենք հարստահարողներուն դէմ պատերազմէին։ Ո՛չ։ Ինչո՞ւ։ Երբ հարցը կապ ունի Աստուծոյ հաւանութիւնը ունեցող պատերազմներու, միայն Աստուա՛ծ կ’որոշէ թէ այսպիսի պատերազմներ ե՛րբ պիտի մղուին, ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ նշեցինք։ Աստուած առաջին դարու քրիստոնեաներուն համար չպատերազմեցաւ, ո՛չ ալ իրենց իրաւասութիւն տուաւ որ պատերազմին։ Յստակ է որ առաջին դարը Աստուծոյ ժամանակը չէր որ չարութեան եւ կեղեքումի դէմ դնէ։

Ուստի ինչպէս Աստուծոյ անցեալի ծառաները, նոյնպէս ալ առաջին դարու քրիստոնեաները պէտք էր սպասէին, մինչեւ որ չարութեան եւ կեղեքումի վերջ դնելու Աստուծոյ ժամանակը հասնէր։ Մինչ այդ, Աստուած իրենց իրաւասութիւն չէր տուած որ իրենք իրենցմէ պատերազմէին թշնամիներուն դէմ։ Յիսուս այս մէկը յստակացուց իր ուսուցումներուն մէջ։ Օրինակ, ան իր հետեւորդներուն չուղղեց պատերազմելու, այլ անոնց ըսաւ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, օրհնեցէք ձեզ անիծողները» (Մատթէոս 5։44)։ Մարգարէանալով այն ժամանակին մասին, երբ առաջին դարու Երուսաղէմը յարձակումի պիտի ենթարկուէր հռոմէական բանակին կողմէ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ հոն չկենան եւ չպատերազմին, հապա՝ փախչին,– ինչ որ անոնք ըրին (Ղուկաս 21։20, 21

Ասկէ զատ, Պօղոս առաքեալ ներշնչման ներքեւ գրեց. «Վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք. . . վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը» (Հռովմայեցիս 12։19)։ Պօղոս կը մէջբերէր ինչ որ Աստուած դարեր առաջ նշած էր, ինչպէս որ արձանագրուած է Ղեւտացւոց 19։18–ին եւ Բ. Օրինաց 32։35–ին մէջ։ Ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, անցեալին իր ժողովուրդին վրէժը լուծելու Աստուծոյ կերպերէն մէկն էր՝ իրենց օգնել թշնամիներուն դէմ պատերազմելու։ Ուստի Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան թէ պատերազմի շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը չէր փոխուած։ Առաջին դարուն եւս, Աստուած պատերազմները դիտեց որպէս օրինաւոր կերպ մը՝ իր ծառաներուն վրէժը լուծելու եւ տարբեր տեսակ կեղեքումի եւ չարութեան վերջ դնելու։ Սակայն ինչպէս անցեալին, նոյնպէս առաջին դարուն միայն Աստուա՛ծ կ’որոշէր թէ այսպիսի պատերազմներ ե՛րբ պիտի մղուէին եւ ո՛վ զանոնք պիտի մղէր։

Յստակ է որ առաջին դարուն Աստուած քրիստոնեաներուն իրաւասութիւն չտուաւ որ պատերազմին։ Բայց ի՞նչ կարելի է ըսել մեր օրերուն մասին։ Արդեօք ան որեւէ ժողովուրդի իրաւասութիւն տուա՞ծ է պատերազմներու մասնակցելու։ Կամ արդեօք հիմա՞ է ժամանակը որ Աստուած միջամտէ եւ ի նպաստ իր ծառաներուն պատերազմի։ Ներկայիս Աստուած պատերազմները ինչպէ՞ս կը դիտէ։ Այս յօդուածաշարքին վերջին յօդուածը այս հարցումներուն պիտի պատասխանէ։