Ինչպէ՞ս կրնամ Եհովայի վկայ մը դառնալ
Եհովայի վկայ դառնալու քայլերը Յիսուս ինք նկարագրեց Մատթէոս 28։19, 20–ին մէջ։ Հոն գրուած է թէ անհատ մը ի՛նչ պէտք է ընէ, որ Քրիստոսին աշակերտը դառնայ. ինչ որ կը պարփակէ խօսիլ կամ վկայել Եհովա Աստուծոյ մասին։
Քայլ 1. Աստուածաշունչը սերտել։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ ‘աշակերտեն’ եւ ‘սորվեցնեն’ (Մատթէոս 28։19, 20)։ «Աշակերտ» թարգմանուած բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ սորվող։ Աստուածաշունչը, մասնաւորաբար Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումները, կը պարփակեն տեղեկութիւններ, որոնք կեանքդ ուրախ եւ գոհացուցիչ կը դարձնեն (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Մենք ուրախ կ’ըլլանք քեզի օգնելու, որ Աստուածաշունչը սերտես՝ ձրիաբար (Մատթէոս 10։7, 8. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13)։
Քայլ 2. Սորվածդ գործադրել։ Յիսուս ըսաւ որ սորվողները պէտք է ‘իր պատուիրածները պահեն’ (Մատթէոս 28։20)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը պարզապէս մտային աշխատանք մը չէ. անիկա թերեւս պահանջէ որ մեծ փոփոխութիւններ մտցնես մտածելակերպիդ եւ վարքիդ մէջ (Գործք 10։42. Եփեսացիս 4։22-29. Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Ապա, Յիսուսի պատուէրները պահողները կը մղուին անձամբ որոշելու որ իրեն հետեւին՝ իրենց կեանքը Եհովա Աստուծոյ նուիրելով (Մատթէոս 16։24)։
Քայլ 3. Մկրտուիլ (Մատթէոս 28։19)։ Աստուածաշունչին մէջ մկրտութիւնը կը համեմատուի թաղումի հետ (համեմատէ Հռովմայեցիս 6։2-4)։ Անիկա կը նշանակէ անցեալ ապրելակերպի վախճան եւ նոր ապրելակերպի սկիզբ։ Ուրեմն մկրտուելով, դուն հանրապէս մարդոց առջեւ կ’ընդունիս, որ Յիսուսի նկարագրած առաջին երկու քայլերը առած ես եւ Աստուծմէ մաքուր խղճմտանք կը խնդրես (Եբրայեցիս 9։14. Ա. Պետրոս 3։21)։
Ինչպէ՞ս կրնամ գիտնալ որ մկրտուելու պատրաստ եմ
Ժողովքի երէցներուն փափաքդ յայտնէ։ Անոնք քեզի հետ պիտի խօսին, վստահ ըլլալու համար որ Աստուածաշունչի ուսուցումները հասկցած ես, սորվածդ կը կիրարկես եւ քու կամքովդ Աստուծոյ նուիրուած ես (Գործք 20։28. Ա. Պետրոս 5։1-3)։
Այս քայլերը կը կիրարկուի՞ն Վկաներու զաւակներուն
Այո՛։ Մենք մեր զաւակները կը մեծցնենք «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը», ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը պատուիրէ (Եփեսացիս 6։4)։ Բայց եւ այնպէս, մինչ մեր զաւակները կը մեծնան, պէտք է անձա՛մբ որոշեն Աստուածաշունչը սերտել եւ անոր ուսուցումները ընդունիլ ու կիրարկել, որ մկրտուելու որակեալ ըլլան (Հռովմայեցիս 12։2)։ Վերջ ի վերջոյ, պաշտամունքի հարցով, իւրաքանչիւր անհատ ի՛նք որոշում պէտք է առնէ (Հռովմայեցիս 14։12. Գաղատացիս 6։5)։