Եհովայի վկաները պաշտամունքի մէջ ինչո՞ւ խաչ չեն գործածեր
Շատեր խաչը քրիստոնէութեան խորհրդանիշը կը նկատեն։ Թէեւ Եհովայի վկաները քրիստոնեաներ են, բայց իրենց պաշտամունքին մէջ խաչ չեն գործածեր։ Ինչո՞ւ։
Պատճառներէն մէկն այն է, թէ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Յիսուս խաչի մը վրայ չմահացաւ, այլ՝ ուղղահայեաց փայտի մը վրայ։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը քրիստոնեաները լրջօրէն կը զգուշացնէ, որ ‘կռապաշտութենէ փախչին’։ Ասիկա կը նշանակէ պաշտամունքի ընթացքին չգործածել որեւէ տեսակի կուռք, արձան կամ խորհրդանիշ, ներառեալ՝ խաչ (Ա. Կորնթացիս 10։14. Ա. Յովհաննէս 5։21)։
Ուշադրութեան արժանի է Յիսուսի հետեւեալ խօսքը. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Այսպիսով, Յիսուս ցոյց տուաւ թէ անձնազոհ սէրը պիտի բնորոշէր իր իսկական հետեւորդները, եւ ոչ թէ խաչը կամ ուրիշ որեւէ խորհրդանիշ։