Օգտագործման պայմաններ
Բարի՛ եկար։
Այս կայքը մատչելի է՝ քեզի օգնելու որ աւելի՛ն գիտնաս Աստուծոյ, Աստուածաշունչին եւ Եհովայի վկաներուն մասին։ Քեզ հետաքրքրող նիւթ մը կարդա՛, դիտէ եւ բեռնէ։ Մենք կ’ուզենք որ ուրիշներ ալ մեր կայքէն օգտուին, բայց հաճիս անոր բովանդակութիւնը ուրիշ կայքի կամ գործադիրի մէջ մի՛ վերարտադրեր։ Կրնաս սորվածներդ ուրիշներուն հետ բաժնել՝ զիրենք ուղղելով մեր կայքին, ինչպէս որ ստորեւ նշուած է «Օգտագործման պայմաններ»ուն մէջ։
Հեղինակային իրաւունք
© 2024 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania։ Բոլոր իրաւունքները պաշտպանուած են։
Այս կայքը հրատարակուած է եւ անոր հոգ կը տարուի Watchtower Bible and Tract Society of New York, Inc.–ի կողմէ (այսուհետեւ՝ Դիտարան)։ Եթէ այլ բան նշուած չէ, այս կայքին բովանդակած բոլոր տեղեկութիւններն ու նիւթերը Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania–ի մտաւոր սեփականութիւնն են։
Վաճառանիշներ
Adobe Systems Incorporated–ի վաճառանիշներ են՝ Ատոպի, Ատոպիի պատկերանիշը, Աքրոպաթ եւ Աքրոպաթի պատկերանիշը։ Apple Inc.–ի վաճառանիշներ են՝ Apple, iTunes, եւ iPod։ Microsoft Inc.–ի վաճառանիշներ են՝ Մայքրոսոֆթ, Մայքրոսոֆթի պատկերանիշը եւ Մայքրոսոֆթի ծրագրակազմի ու արտադրութեան որեւէ անուն, ներառեալ՝ Microsoft Office եւ Microsoft Office 365։ Google LLC–ի վաճառանիշ է՝ Android։ Android robot–ը փոփոխութեան ենթարկուած է ու գործածուած է ըստ այն պայմաններուն, որոնք նկարագրուած են Creative Commons 3.0 Attribution License–ի մէջ (https://creativecommons.org/licenses/by/3.0/us/)։ Միւս բոլոր վաճառանիշներն ու գրանցուած վաճառանիշները կը պատկանին իրենց սեփականատէրերուն։
Կայքէն օգտուելու արտօնութիւն եւ «Օգտագործման պայմաններ»
Ստորեւ նշուած «Օգտագործման պայմաններ»ը կը սահմանեն, թէ ինչպէ՛ս կրնաս այս կայքը գործածել։ Այս կայքը գործածելով, «Օգտագործման պայմաններ»ը ամբողջութեամբ կ’ընդունիս։ Եթէ համաձայն չես այս «Օգտագործման պայմաններ»ուն կամ անոնց որեւէ մասի հետ, այս կայքը պէտք չէ գործածես։
Պատշաճ գործածութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։ Ենթակայ ըլլալով այն սահմանափակումներուն, որոնք ստորեւ նշուած են, իրաւունք ունիս՝
-
Դիտել, բեռնել եւ տպել այս կայքին հեղինակային իրաւունքներով պաշտպանուած նիւթերը,– պատկերներ, ելեկտրոնային հրատարակութիւններ, երաժշտութիւն, լուսանկարներ, բնագիրներ, վիտէօներ,– միայն անձնական օգտագործման համար եւ ոչ թէ առեւտրական նպատակներով։
-
Այս կայքէն բաժնել բեռնելի հրատարակութիւններու, վիտէօներու կամ ձայնագրուած յայտագիրներու ելեկտրոնային օրինակները կամ կապերը։
Իրաւունք չունիս՝
-
Այս կայքէն համացանցին վրայ զետեղել պատկերներ, ելեկտրոնային հրատարակութիւններ, վաճառանիշներ, երաժշտութիւն, լուսանկարներ, վիտէօներ կամ յօդուածներ (որեւէ կայք, ֆայլերու փոխանակման կայք, վիտէօներու փոխանակման կայք կամ ընկերային ցանց)։
-
Այս կայքէն բաշխել պատկերներ, ելեկտրոնային հրատարակութիւններ, վաճառանիշներ, երաժշտութիւն, լուսանկարներ, բնագիրներ կամ վիտէօներ՝ որեւէ ծրագրակազմի միջոցաւ կամ որպէս անոր մէկ մասը (ներառեալ՝ այսպիսի նիւթեր վերբեռնել ցանցային սպասարկիչի մը վրայ, ծրագրակազմի մը կողմէ գործածուելու համար)։
-
Այս կայքէն պատկերներ, ելեկտրոնային հրատարակութիւններ, վաճառանիշներ, երաժշտութիւն, լուսանկարներ, բնագիրներ կամ վիտէօներ վերարտադրել, կրկնօրինակել, պատճէնել, բաշխել կամ այլ կերպերով օգտագործել առեւտրական նպատակներով կամ դրամի փոխարէն (նոյնիսկ եթէ շահ չըլլայ)։
-
Բաշխելու նպատակաւ ստեղծել ծրագրակազմ, գործադիրներ, գործիքներ կամ մեթոտներ, որոնք մասնաւորաբար պատրաստուած են՝ այս կայքէն տուեալներ, HTML, պատկերներ կամ բնագիրներ հաւաքելու, ընդօրինակելու, բեռնելու, դուրս հանելու, վերլուծելու կամ անջատելու համար։ Ասիկա չ’արգիլեր ձրի, ոչ–առեւտրական գործադիրներու բաշխումը, որոնք ծրագրուած են այս կայքին մէջ հանրութեան յատկացուած բաժիններէն ելեկտրոնային ֆայլեր բեռնելու համար (օրինակ՝ EPUB, PDF, MP3, AAC, MOBI եւ MP4 ֆայլերը)։
-
Կայքը կամ անոր սպասարկութիւնները չարաչար գործածել, ինչպէս՝ կայքին կամ անոր սպասարկութիւններուն աշխատանքին միջամտել, կամ զանոնք բանալ մեթոտով մը, որ տրամադրուած մեթոտէն տարբեր է։
-
Այս կայքը գործածել կերպով մը, որ իրեն վնաս կը պատճառէ կամ կրնայ պատճառել, կամ իր հասանելիութիւնը կամ մատչելիութիւնը կը խոչընդոտէ. կամ՝ որեւէ կերպով, որ ապօրինի, անօրինական, խարդախ կամ վնասակար է, կամ որեւէ ապօրինի, անօրինական, խարդախ կամ վնասակար նպատակի կամ գործունէութեան հետ կապակցաբար։
-
Այս կայքը կամ անոր պատկերները, ելեկտրոնային հրատարակութիւնները, վաճառանիշները, երաժշտութիւնը, լուսանկարները, բնագիրները կամ վիտէօները գործածել վաճառունակման հետ կապ ունեցող որեւէ նպատակի համար։
-
Այս կայքը կը գործածէ Google Maps–ի ծառայութիւնները, որ երրորդ կողմի վաճառորդ է, որ չենք կրնար հակակշռի տակ առնել։ Ուստի, Google Maps–ի ծառայութիւնները գործածելդ այս կայքին մէջ, ընթացիկ Google Maps/Google Earth Additional Terms of Service–ի ենթակայ է։ Մենք տեղեակ չենք ըլլար այժմէականացումէն, ուստի հաճիս պայմանները աչքէ անցուր նախքան Google Maps–ի ծառայութիւնները գործածելը։ Մի՛ գործածեր Google Maps–ի ծառայութիւնները, եթէ պայմանները չես ընդունիր։ Google Maps–ը այս կայքին չի փոխանցեր օգտագործողի տուեալները։
Բժշկական բաժին
Այս կայքին բժշկական բաժինին բովանդակութիւնը («Բժշկական բաժին») պատրաստուած է միայն տեղեկութիւն փոխանցելու նպատակաւ եւ բժշկական խրատ չի սեպուիր, ո՛չ ալ կը փոխարինէ բժշկական մասնագիտական խրատը, ախտաճանաչումը կամ դարմանումը։ Բժշկական բաժինը չի յանձնարարեր կամ ջատագովեր որեւէ մասնայատուկ քննութիւն, բժիշկ, դեղ, արտադրութիւն, գործելակերպ, կարծիք կամ նման այլ տեղեկութիւն։
Եթէ բժշկական պարագայի մը կամ դարմանումի մը նկատմամբ հարցումներ ունիս, միշտ բժիշկի մը կամ ուրիշ որակեալ անհատի մը խրատը հայցէ։
Ջանք թափուած է այս կայքին Բժշկական բաժինին մէջ պարփակելու ճշգրիտ եւ այժմէական տեղեկութիւններ։ Սակայն այս տեղեկութիւնները հայթայթուած են «ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ Է» առանց երաշխիքի, այս մէկը նշուի կամ չնշուի։ Այս կայքը չ’երաշխաւորեր Բժշկական բաժնին բովանդակած որեւէ տեղեկութեան վստահելիութիւնը, ճշգրտութիւնը, այժմէական, գործնական կամ ամբողջական ըլլալը։ Այս կայքը պատասխանատու չէ եթէ Բժշկական բաժինին բովանդակութեան մէջ սխալներ կամ զանցառութիւններ գտնուին։ Դո՛ւն պատասխանատու ես այդ տեղեկութիւններուն վստահելու մէջ։ Այս կայքը ո՛չ մէկ առիթով պատասխանատու է խնդիրներու կամ վնասներու (ներառեալ՝ օրինակ, պատահական կամ հետեւական վնասներ, անձնական վնասուածք/անիրաւ մահ, դրամական կորուստ, կամ կորսուած տուեալներու կամ առեւտրական միջամտութեան պատճառաւ վնասներ), որոնք ի յայտ կու գան Բժշկական բաժինը գործածելուն կամ ատակ կերպով չգործածելուն պատճառաւ, չնայած թէ այդ խնդիրները կամ վնասները հիմնուած են ապահովագրութեան, պայմանագիրի կամ որեւէ ուրիշ օրինական բանի մը վրայ, եւ չնայած թէ այս կայքին ուշադրութեան յանձնուած է կամ չէ յանձնուած այսպիսի վնասի հատուցման կարելիութիւնը։
Երաշխիքներէ հրաժարում եւ պատասխանատուութեան սահմանափակում
Այս կայքը եւ անոր միջոցով քեզի մատչելի եղած ամբողջ տեղեկութիւնները, բովանդակութիւնը, նիւթերը եւ այլ ծառայութիւններ հայթայթուած են Դիտարանի կողմէ «ինչպէս որ է»։ Դիտարանը որեւէ երաշխիք չի տար. ո՛չ ուղղակի եւ ոչ անուղղակի կերպով։
Դիտարանի ընկերութիւնը չ’երաշխաւորեր, որ կայքը զերծ է ժահրերէ կամ ուրիշ վնասակար բաղկացուցիչներէ։ Դիտարանի ընկերութիւնը պատասխանատու չէ որեւէ վնասի, որ յառաջ կու գայ կայքին միջոցով մատչելի եղած որեւէ ծառայութիւն, տեղեկութիւն, բովանդակութիւն, նիւթեր, կամ ուրիշ ծառայութիւններ օգտագործելէն, ինչպէս՝ ուղղակի, անուղղակի, պատահական, պատժելի եւ յատուկ վնասները (մէջը ըլլալով շահի վնաս)։
«Օգտագործման պայմաններ»ը բեկանել
Եթէ այս «Օգտագործման պայմաններ»ը որեւէ կերպով բեկանես, Դիտարանը ըստ այնմ որոշ քայլեր կրնայ առնել, ինչպէս՝ կայքին գործածութիւնդ առկախել, քեզ արգիլել կայքը գործածելէ, քու համացանցային կանխագրի հասցէդ գործածող համակարգիչներուն թոյլ չտալ որ կայքը մտնեն, քեզի համացանցի սպասարկութիւն մատակարարողէն խնդրել որ արգիլէ կայքին գործածութիւնդ, եւ/կամ իրաւական քայլերու դիմել։
Փոփոխութիւն
Դիտարանը կրնայ ժամանակ առ ժամանակ այս «Օգտագործման պայմաններ»ը վերանայիլ։ Վերանայուած «Օգտագործման պայմաններ»ը ի զօրու կ’ըլլան, անմիջապէս որ այս կայքին մէջ հրատարակուին։ Հաճիս այս էջը կանոնաւորաբար աչքէ անցուր, վստահ ըլլալու համար թէ ընթացիկ տարբերակին քաջածանօթ ես։
Օրէնք եւ իրաւասութիւն
Այս «Օգտագործման պայմաններ»ը կը գործեն ու կը մեկնաբանուին ԱՄՆ–ի Նիւ Եորք նահանգի օրէնքներուն համաձայն, առանց նկատի առնելու օրէնքի հատուածներու հակասութիւնը։ Այս «Օգտագործման պայմաններ»ուն հետ կապ ունեցող որեւէ օրինական քայլ պիտի առնուի նահանգի մը կամ դաշնակցային ատեանի մը մէջ, որ օրինական իշխանութիւն ունի Նիւ Եորք նահանգի մէջ, ԱՄՆ։
Անջատելիութիւն
Եթէ դատարան մը այս «Օգտագործման պայմաններ»էն մէկը նկատէ անվաւեր, անհարկադրելի կամ անօրինական, միւս պայմանները պիտի շարունակեն ի զօրու ըլլալ։ Դիտարանի կողմէ այս «Օգտագործման պայմաններ»էն հատուած մը չգործադրուիլը պէտք չէ սեպել կամ մեկնաբանել, թէ Դիտարանը զայն կը լքէ կամ գործադրելու իրաւունքէն կը հրաժարի։
Ամբողջական համաձայնագիր
Այս կայքը գործածելուդ առնչութեամբ, այս «Օգտագործման պայմաններ»ը կը կազմեն քու եւ Դիտարանի միջեւ ամբողջական համաձայնագիրը, եւ կը փոխարինեն նախորդ բոլոր համաձայնագիրները։